Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Ես Նախ  Եւ Առաջ Էրտողանին Կ՛ըսէի` Բարի Լոյս,  Պարո՛ն Նախագահ, Կը Կարծեմ`  Մենք Միասին Քննարկելու Հարց Ունինք»

Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Ես Նախ Եւ Առաջ Էրտողանին Կ՛ըսէի` Բարի Լոյս, Պարո՛ն Նախագահ, Կը Կարծեմ` Մենք Միասին Քննարկելու Հարց Ունինք»

Զուիցերիոյ  հանրային պատկերասփիւռի ընկերութիւնը («Ռ.Թէ.Էս.») հատուածներ հրապարակած է  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հարցազրոյցէն: Այս մասին կը յայտնէ «Արմէնփրես»-ը: 11 նոյեմբերի արարողութիւններուն ընդառաջ, երբ բազմաթիւ երկիրներու մէջ պիտի նշուի Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտին 100-ամեակը, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ այդ իրադարձութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ «ճանչնալու» կամ «յիշելու 1915-1916 թուականներուն հայերուն ենթարկուած Ցեղասպանութիւնը»: «Ես չեմ գիտեր, թէ...

Ազգային Ժողովը Նիկոլ Փաշինեանը  Վարչապետ Չընտրեց

Ազգային Ժողովը Նիկոլ Փաշինեանը Վարչապետ Չընտրեց

Ազգային ժողովը առաջին փուլին Նիկոլ Փաշինեանը չընտրեց վարչապետի պաշտօնին, ինչպէս կը նախատեսէր անոր թեկնածութիւնը առաջադրած «Ելք» խմբակցութիւնը: ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանը յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի քուէարկութեան: ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նոյնպէս յայտարարեց, որ իրենց խմբակցութիւնը պիտի չմասնակցի վարչապետի ընտրութեան` տարբեր կողմերէ հնչող արգելակումներու մասին մեղադրանքներուն տուրք չտալու համար: «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Լենա Նազարեան ըսաւ, որ իրենց խմբակցութիւնը ձեռնպահ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Հայաստանի  Նախագահ Արմէն Սարգսեան  Հանդիպեցան Ժընեւի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպեցան Ժընեւի Մէջ

Չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2018-ին, Ժընեւի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի միջեւ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին քննարկումի նիւթ դարձան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուած կարգ մը հարցեր: Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց` անոր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով: Վեհափառ հայրապետը, իր...

«Արամ Մանուկեան Նամականի»  Գիրքի Շնորհահանդէս

«Արամ Մանուկեան Նամականի» Գիրքի Շնորհահանդէս

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հովանաւորութեամբ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Գիր եւ գրականութիւն մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2018-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ «Արամ Մանուկեան նամականի» գիրքին շնորհահանդէսը: Այս առիթով ներկայացուեցաւ նաեւ Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրած «Արամ»-ը հատորին նոր վերահրատարակութիւնը, խմբագրութեամբ` Կարօ Յովհաննէսեանի: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, ապա բացման խօսքով հանդէս...

«Իշխանութեան Մէջ Ըլլալ Չի Նշանակեր  Անպայման Իշխողներուն Նման Ըլլալ»  Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

«Իշխանութեան Մէջ Ըլլալ Չի Նշանակեր Անպայման Իշխողներուն Նման Ըլլալ» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վերջերս Լիբանան գտնուող հայաստանեան լրատուամիջոցներու լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան եւ զայն ողջունելի նկատեց: Ան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը տարբեր առիթներով շեշտած է, որ դէմ է փտածութեան, սակաւապետութեան, անհրաժեշտ նկատած է արտագաղթի կասեցումը, թափանցիկութեան հաստատումը: «Եւ մեզի համար մեծ գոհունակութիւն է,...

Արմէն Ռուստամեան. «Ակնյայտ Է,  Որ Պայմանաւորուածութիւնները  Ազրպէյճանի Համար Ինքնանպատակ Են»

Արմէն Ռուստամեան. «ՀՅԴ-ն Կողմ Է Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութեան, Դէմ Է Դեկտեմբերին Արտահերթ Ընտրութիւններու Կայացումին»

«Այն, ինչ որ կը փորձուի մեզի պարտադրել, մեզի համար անընդունելի է, իսկ դեկտեմբերին ընտրութիւններու կազմակերպումը, ըստ էութեան, պարտադրանք է», խորհրդարանին մէջ  լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Ազգային ժողովի  ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը` անդրադառնալով արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ այդ նպատակով Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին քննարկուող Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու նախագիծին: «Մենք ստեղծած ենք այս արտակարգ վիճակը: Ստեղծած ենք ճգնաժամ, կ՛ուզենք...

Ազգային Ժողովի Նախագահին Որոշումով  Պիտի Գումարուի Ազգային  Ժողովի Արտահերթ Նիստ

Ազգային Ժողովի Նախագահին Որոշումով Պիտի Գումարուի Ազգային Ժողովի Արտահերթ Նիստ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի որոշումով, Հայաստանի Սահմանադրութեան 100-րդ եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի սահմանադրական օրէնքի 41-րդ յօդուածներուն համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն նախաձեռնութեամբ 29 հոկտեմբերին` ժամը 11:00-ին, պիտի գումարուի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Ազգային ժողովի հանրային կապերու վարչութենէն: Արտահերթ նիստին ընթացքին անգամ մը եւս պիտի քննարկուին Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները, որոնք...

«Ելք»-ը Վարչապետի  Թեկնածութիւն Առաջադրած Է

«Ելք»-ը Վարչապետի Թեկնածութիւն Առաջադրած Է

Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութիւնը որոշած է Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` լրագրողներուն յայտնեց Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեան: «Իրաւաբաններու հետ խորհրդակցութեան իբրեւ արդիւնք որոշեցինք վարչապետի թեկնածու առաջադրել», ըսաւ Գորգիսեան: Անոր համաձայն, նման որոշում տուած են իրաւական գործընթացը ապահովելու համար: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ընտրութիւնը Ազգային ժողովին մէջ տեղի պիտի ունենայ այսօր` 24 հոկտեմբերին: Այլ...

Պաշտօնական Հաւաքոյթ`  ԱՖՀԻԼ-ի 20-ամեակին Առիթով

Պաշտօնական Հաւաքոյթ` ԱՖՀԻԼ-ի 20-ամեակին Առիթով

Հովանաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքին, ներկայութեամբ յարանուանական, պետական, միութենական, Լիբանանի հիւանդանոցային, ապահովագրական սնտուկներու վարչութիւններու, ինչպէս նաեւ Բժիշկներու եւ լիբանանահայ բժիշկներու սենտիքաներու ներկայացուցիչներու, երէկ` երեքշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 9:30-ին, «Լը Ռուայալ» պանդոկին  մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հաւաքոյթ` ԱՖՀԻԼ-ի 20-ամեակին առիթով: Հաւաքոյթի ընթացքին խօսք առաւ Սարօ Թոնդեան, որ ըսաւ, թէ ԱՖՀԻԼ-ի առաքելութիւնը կը շրջանցէ իրար օգնութեան սնտուկներու սահմանները: ԱՖՀԻԼ իր ծառայութիւնները...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

19-21 հոկտեմբերին կայացել է ՀՅԴ Հայաստանի 22-րդ արտահերթ Գերագոյն ժողովը, առաջիկայ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի օրակարգի քննարկման նպատակով: Ի շարս քաղաքական, կազմակերպական եւ այլ օրակարգերի, ժողովն անդրադարձել է առաջիկայ համապետական արտահերթ ընտրութիւնների հարցին: Համակողմանի քննարկումների արդիւնքում ժողովը որոշել է մասնակցել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններին: Քննարկման աւարտին, ՀՅԴ Հայաստանի 22-րդ արտահերթ Գերագոյն ժողովը միաձայնութեամբ ընդունել է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններին մասնակցելու...

Ազգային Ժողովը Չընդունեց Ընտրական  Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու Նախագիծը

Ազգային Ժողովը Չընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու Նախագիծը

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովը քուէարկութեան դրաւ  կառավարութեան կողմէ ներկայացուած Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու նախագիծը: Փոփոխութիւններու նախագիծին թեր քուէարկեց 56 պատգամաւոր, մինչդեռ օրէնքը ընդունելու համար անհրաժեշտ էր 63 ձայն: Դէմ քուէարկեց 3 պատգամաւոր:  

Արմէն Ռուստամեանը` Վարչապետի  Վարկանիշին Անկումին Մասին.  «Թերահաւատօրէն Կը Վերաբերիմ  Որեւէ Հարցախոյզի Հետ»

Արմէն Ռուստամեանը` Արտակ Զէյնալեանին. «Իբրեւ Նախարար Ճի՞շդ Կը Նկատէք, Որ Ընտրական Օրէնսգիրքի Նախագիծը 24 Ժամուան Մէջ Ընդունուի»

Ազգային ժողովը, կառավարութեան առաջարկով, գումարեց արտահերթ նիստ մը, որուն օրակարգի վրայ է «Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքը» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը: Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեան ծանօթացուց նախագիծը` նշելով, որ կառավարութիւնը Ազգային ժողովին ներկայացուցած է 22 հոկտեմբերին գումարած Ազգային ժողովի արտահերթ նիստի օրակարգային հարցի երկրորդ ընթերցմամբ քննարկումը կազմակերպելու վերաբերեալ որոշման նախագիծ: «Նախագիծով կ՛առաջարկուի առաջին...

ՀՅԴ-ն Եւ Ասորիներու Լիկան Հրապարակեցին  Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը` Պահանջելով  Ճիշդ Ներկայացուցչութիւն

ՀՅԴ-ն Եւ Ասորիներու Լիկան Հրապարակեցին Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը` Պահանջելով Ճիշդ Ներկայացուցչութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ, 22 հոկտեմբերին, Շաղզոյեան կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամը: Հանդիպումի աւարտին հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ կը պարունակէ հետեւեալ 6 կէտերը` Առաջին` Երկու կողմերը կը հաստատեն, որ հայերուն եւ ասորիներուն միջեւ գոյութիւն ունին պատմական, դաւանական, ընկերային եւ քաղաքական սերտ յարաբերութիւններ` ո՛չ միայն Լիբանանի...

Պաշտօնական Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ  Արամ Ա. Կաթողիկոսին` Վարչապետի Պաշտօնակատար  Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Տիկնոջ Ներկայութեան

Պաշտօնական Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին` Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Տիկնոջ Ներկայութեան

Կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2018-ին «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ` ի յարգանս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով: Ճաշկերոյթին ընթացքին խօսք առաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեան. կարդացուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ուղերձը, ապա յաջորդաբար խօսք առին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն ու Արամ Ա. կաթողիկոսը: Գ. Մահսերեճեան բացման խօսքին մէջ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ձեռնադրութեան 50-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ձեռնադրութեան 50-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ կարեւոր օր մը դարձաւ, երբ մեր ժողովուրդը հանդիսաւոր կերպով իր յարգանքը մատուցեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով: Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը փափաքած էր, որ այս նշումը ըլլայ սահմանափակ, առանց թեմերու մասնակցութեան, կրօնական արարողութեան շրջագիծին մէջ: Սակայն, հակառակ այս իրողութեան, վեհափառ հայրապետին 50-ամեակի նշումը կատարուեցաւ արժանի յարգանքով: 50-ամեակի նշման ներկայ էին...

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Լիբանան Տուած Իր Աշխատանքային Այցելութեան Սկսաւ Հանդիպելով Իշխանութեան Երեք Պետերուն Հետ

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Լիբանան Տուած Իր Աշխատանքային Այցելութեան Սկսաւ Հանդիպելով Իշխանութեան Երեք Պետերուն Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 20 հոկտեմբերին երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ հասաւ Լիբանան եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահ Աունի հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին երկկողմանի համաձայնութիւն գոյացաւ երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւններու առաւել սերտացման ուղղութեամբ աշխատանք տանելու, աւելի եւս աշխուժացնելու աշխատանքը...

Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Վարչապետի Պաշտօնակատար  Նիկոլ Փաշինեանի Միջեւ

Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի Միջեւ

Կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ առանձին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Շուրջ ժամ մը տեւած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութեան եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր: Նշեալ մարզերուն գծով վեհափառ հայրապետն ու վարչապետի պաշտօնակատարը իրենց տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները փոխանակեցին`...

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութեան Հետ

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութեան Հետ

Շաբաթ, 20 հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան հետ, որուն մաս  կը կազմէին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Մելիք Գարագաւորեան, Յակոբ Հաւաթեան, Ճորճ Սապունճեան եւ Շահան Գանտահարեան: Պատուիրակութեան մէջ ներառուած էր նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ այցելութեան ընդհանուր նպատակին մասին եւ յատուկ...

Նիկոլ Փաշինեանի Հանդիպումը` Լիբանանահայ Օրաթերթերու Եւ Ձայնասփիւռի Կայաններու Ղեկավարներուն Հետ

Նիկոլ Փաշինեանի Հանդիպումը` Լիբանանահայ Օրաթերթերու Եւ Ձայնասփիւռի Կայաններու Ղեկավարներուն Հետ

Լիբանան կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ օրաթերթերու եւ ձայնասփիւռի կայաններու ղեկավարներուն հետ: Հանդիպումին մասնակցեցան«Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն Անի Եփրեմեանը եւ «Վանայ ձայն» եւ «Սեւան» ձայնասփիւռի կայաններու տնօրէններ Միքայէլ Վայեճեանն ու Վիգէն Աւագեանը: Ներկաները գոհունակութիւն յայտնեցին այն առումով, որ նման հանդիպումի մը նախաձեռնութիւնը վարչապետի պաշտօնակատարին կողմէ յատուկ կարեւորութեամբ...

Ակնարկ.  Առաջնահերթը Երկու  Հայ Նախարար Ունենալն Է

Ակնարկ. Առաջնահերթը Երկու Հայ Նախարար Ունենալն Է

  Վերջին օրերուն որոշ նախադրեալներ փոխանցուած էին, որ Լիբանանի կառավարութեան ոդիսականը աւարտելու նախօրեակին է եւ թէ լիբանանահայութեան չափաբաժինի յարգումը խնդրոյ առարկայ է: Այլ խօսքով, երեսուն հոգինոց կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան պիտի վերապահուի նախարարական մէկ աթոռ: Բնականաբար հանգուցալուծման միակ խոչընդոտող հանգամանքը լիբանանահայութեան չէր վերաբերեր: Մինչ այդ համայնքի իրաւունքի յարգումի յիշեցումը, ապա պահանջը, ապա հետեւանքներէն զգուշացումն ու իրաւունքի պահանջին անտեղիտալի կառչած մնալու հրապարակային...

Page 530 of 797 1 … 529 530 531 … 797

Արխիւներ