Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելեց Զահլէ

Դեկտեմբեր 11, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 8 դեկտեմբեր 2018-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Զահլէ, ուր հերթաբար հանդիպումներ ունեցաւ մարոնի համայնքի առաջնորդ Ժոզեֆ Մուաուատի, յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իսամ Տարուիշի եւ ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Պուլոս Սաֆարի հետ: Սրբազան հօր կ’ընկերակցէին Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները` Ներսէս Ա. քհնյ. Ճերմակեան եւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեան, Ազգային երեսփոխան Կարպիս Պչաքճեան, թեմի Ազգային վարչութեան անդամներ Յակոբ Լուսարարեան եւ Զարեհ Խտրլարեան եւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետներէն Պարոյր Տէր Ղուկասեան: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէին Ճորճ Փուչիկեան եւ Նազօ Անտէքեան:

Այցելութիւններուն սրբազան հայրը համատեղ աղօթք կատարեց տուեալ համայնքի մայր եկեղեցւոյ մէջ: Հանդիպումները առիթ հանդիսացան քննելու Լիբանանի միջեկեղեցական կեանքը եւ գործակցութեան կարելիութիւնները: Հոգեւոր պետերը սրբազան հօր առաջնորդ ընտրութիւնը շնորհաւորեցին եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն մէջ սրբազանին ունեցած վաստակին եւ դերին համար:

Կէսօրին, Նիքոլա Ապու Ֆայսալի հրաւէրով, տեղի ունեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր ի պատիւ ճաշկերոյթ, որուն նաեւ ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, հայ եւ օտար հոգեւոր պետեր, գործատէրեր եւ քաղաքական գործիչներ: Ճաշկերոյթի աւարտին Նարեկ արքեպիսկոպոս ուղղեց իր սրտի խօսքը եւ Նիքոլա Ապու Ֆայսալին յանձնեց յուշանուէր մը:

Կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին տեղի ունեցաւ Զահլէի հայկական շուկային բացումը` ներկայութեամբ նախկին նախարար Էլի Մարունիի, Զահլէի քաղաքապետ Ասաատ Զըղէյպի եւ շրջանի ներկայացուցիչներուն: Այս առիթով, սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան, եւ այս առիթով յուշանուէր մը յանձնեց Զահլէի քաղաքապետին:

Երեկոյեան սրբազան հայրը այցելեց շրջանի հայ կաթողիկէ եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ հովիւին` տէր Ալիշան Աբարդեանի կողմէ:

Ապա սրբազանը աշխատանքային հանդիպումներ ունեցաւ Զահլէի հոգեւոր հովիւներուն եւ թաղականութեան հետ, ինչպէս նաեւ Ժալալայէն եկած հայորդիներուն հետ: Հանդիպումներուն քննուեցան եկեղեցական ու համայնքային խնդիրներ եւ սերտուեցան նոր ծրագիրներ մշակելու կարելիութիւնները:

Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, ի պատիւ սրբազան հօր, «Մոնթէ Ալպերթօ» պանդոկին մէջ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք, որուն ընթացքին խօսք առաւ Ներսէս Ա. քհնյ. Ճերմակեան: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Նարեկ արքեպիսկոպոս ընդգծեց, որ Լիբանանի հայոց թեմը մէկ ամբողջութիւն է, եւ գոյութիւն չունին հեռաւոր կամ մօտաւոր եւ մեծ կամ փոքր շրջաններ: Սրբազանը նշեց, որ Այնճարի, Զահլէի, Շթորայի, Ժալալայի եւ Ռայաքի հայութեան միակամ ճիգերով կարելի է պահպանել հոգեւոր ու ազգային արժէքները եւ արձանագրել նոր նուաճումներ:

Յաջորդ օրը, կիրակի, 9 դեկտեմբերին, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որուն նախագահեց առաջնորդ սրբազանը: Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Սպիտակի երկրաշարժի 30-ամեայ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն: Ապա եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ սրբազան հօր հետ ժողովրդային հանդիպում եւ աջահամբոյր: Հանդիպումին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր: Հաւաքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը քաջալերեց Զահլէի հայ համայնքի կեանքին վերածաղկումը եւ այս առիթով դրական տեղաշարժ նկատեց շրջանի կիրակնօրեայ դպրոցի վերստեղծումն ու համապատասխան աշխուժութիւնը:

Կէսօրին, սրբազանը ճաշի հանդիպում մը ունեցաւ Զահլէի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ:

Բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին, հոգեւոր պետեր եւ քաղաքական պատասխանատուներ մեծապէս գնահատեցին ընդհանրապէս լիբանանահայութեան եւ ի մասնաւորի Զահլէի ու Պեքաայի մէջ հայ եկեղեցւոյ եւ ազգային կառոյցներուն ունեցած դերակատարութիւնը:

 

Նախորդը

Համազգայինի Հրատարակչական Գործի Հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի Օգտագործած Առաջին Մամուլի Տեղադրման Եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 2017 Եւ 2018 Տարեշրջաններու Հունձքի Ներկայացում

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Հակազդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին Եւ «Տէյլի Սթար»-ին

RelatedPosts

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն.  «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն  100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն. «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն 100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»

Մարտ 31, 2023
Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ  Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են  Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին

Մարտ 31, 2023
Հայաստանը Վերապահութեամբ Միացած Է  «Յանուն Ժողովրդավարութեան»  Վեհաժողովի Հռչակագիրին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանը Վերապահութեամբ Միացած Է «Յանուն Ժողովրդավարութեան» Վեհաժողովի Հռչակագիրին

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In