Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զահլէի Հայկական Շուկայի Անուանում

December 12, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 8 դեկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին,  Զահլէի մէջ Հայկական երեսփոխանական պլոքի գրասենեակին ջանքերով տեղի ունեցաւ Հայկական շուկայի անուանումը:

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ  Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, նախկին երեսփոխան Էլի Մարունի, Զահլէի քաղաքապետ Ասաատ Զղէյպ, Զահլէի առեւտրականներու ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ եւ Զահլէի բնակչութեան հոծ բազմութիւն մը:

100 տարուան կեանք ունեցող այս շուկային հայկական անուանումին առիթով` երեսփոխան Յ. Բագրատունի արտասանեց հետեւեալ խօսքը.

«Սիրելի՛ զահլէցիներ,

Շուրջ տարի մը առաջ, Հայկական երեսփոխանական պլոքին հրաւէրով, Զահլէի մէջ տեղի ունեցաւ փառաւոր ընթրիք մը` ներկայութեամբ 700 հոգիի, որոնք կը ներկայացնէին Զահլէի հայ ընտանիքները:

Անոր յաջորդեց Հաուշ Ումարայի մէջ, «Սթարկէյթ» համալիրին կից, բացումը  Հայկական երեսփոխանական պլոքի գրասենեակին` անխտիր ծառայելու համար Զահլէի բոլոր բնակիչներուն:

Եւ աշխատանքները շարունակուեցան: Ոմանք մտածեցին, թէ այդ բոլորը ընտրարշաւի նպատակով կը կատարուին:

Իսկ երեսփոխանական ընտրութիւններուն էջը փակելէ ետք, մենք հաստատակամ կ՛ըսենք, որ հո՛ս ենք եւ հո՛ս ալ պիտի մնանք, որովհետեւ մենք`

Անմասնատելի բաղադրիչն ենք այս փառաւոր քաղաքին,
Անմասնատելի բաղադրիչն ենք անոր  պատմութեան, ներկային եւ ապագային,
Անմասնատելի բաղադրիչն ենք անոր տնտեսութեան, մշակոյթին եւ ընկերութեան,
Անմասնատելի բաղադրիչն ենք անոր ճարտարարուեստի քաղաքին եւ առեւտրական շուկային,
Անմասնատելի բաղադրիչն ենք անոր եկեղեցիներուն, որոնց արմատները կը գտնուին Արեւելքի խորերը:

Այսօր համախմբուած ենք հոս` այս տօնակատարութեան, հայկական այս շուկային պաշտօնական անուանումը կատարելու: Զահլէ-Մաալաքա Թաանայէլի քաղաքապետական խորհուրդը` նախագահութեամբ Ասաատ Զղէյպի, քաջ եւ յանդուգն որոշում տուաւ ժողովրդային շուկան կոչելու Հայկական շուկայ` տեղւոյն իշխանութեան պաշտօնական որոշումով:

Այս առիթով շնորհակալութիւն եւ յարգանք կը յայտնենք` արժեւորելով ձեր քաջ որոշումը:

Պէտք է նաեւ անդրադառնալ այն իրականութեան, որ այդ որոշումին զուգահեռ վերանորոգուեցաւ եւ կուպրապատուեցաւ քաղաքապետարանին կից ճամբան, ինչպէս նաեւ անիկա լուսաւորուեցաւ Զահլէի ելեկտրական ընկերութեան կողմէ:

Այս առիթով մեր ուրախութիւնը անսահման է:

Կեցցէ՛ք եւ կեցցէ՛ Զահլէն
Եւ կեցցէ՛ մեր սիրելի Լիբանանը»:

Նախորդը

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի Վարչութեան Հրաւէրով Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի Անուան Պետական Թատրոնը Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Մտավախութիւն Յայտնած Է, Որ Աշխարհի Մէջ Գերիշխող Պիտի Դառնայ «Անտառի Օրէնքը» Կ՛ըսէ Մոկերինի

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.