Անդրադառնալով Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու Նախագիծին Չընդունուելուն` «Մարդիկ Պէտք Է Սորվին Նախ Իրենց Սխալները Ուղղել» Շեշտեց Արմէն Ռուստամեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին` պատասխանելով անոնց այն հարցումին, թէ արդեօք Դաշնակցութեան խմբակցութի՞ւնը տապալեց Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը ընդունումը` ըսած է. «Սովոր ենք, որ նոյնիսկ եթէ Թիֆլիսի մէջ, օրինակ, կառք մը տապալի, մեղաւորը Դաշնակցութիւնն է, ատով չեն զարմացներ մեզ»: «Մարդիկ պէտք է սորվին իրենց սխալները ուղղել, եւ...




















