Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Աշխատանքներ, Դժուարութիւններ, Բացթողումներ (Ե.) Քննարկումներու Բացակայութիւնը

Դեկտեմբեր 22, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Քննարկումներ կամ քննական մտածողութիւն քաջալերելու «Ազդակ»-ի փորձերը ակնկալուած արդիւնքը չտուին: Լսարաններուն հետեւած բաժինը առաւելաբար հարցում-պատասխանի ձեւաչափով ընթացաւ, մինչ յօդուածագրական բանավէճը բացակայեցաւ մեր էջերէն: «Նամականի»-ի սիւնակով տրուած գրութիւնները մնացին պարագայականութեան սահմաններուն մէջ: Առաւելաբար կայքին  թէ ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած յօդուածներու մեկնաբանութեան մէջ երեւցան գրառումներ, որոնք կարելի չէ մամուլի քննարկումի տարողութեամբ բանաձեւել:

Քննադատութիւններ հնչեցին որոշ յօդուածներ չտպելու, այլ նիւթերէ որոշ բաժիններ զեղչելու եւ ոմանց պարագային ալ ընկերակցող խմբագրական նոթ նշելու խմբագրական միջամտութիւններու երեւոյթին դէմ:

Հազուագիւտ են այն յօդուածները, որոնք խմբագրութեան որոշումով չեն տպուած: Անոնք այնպիսի յօդուածներ էին, որոնք ուղղակի հակադրուած էին կուսակցութեան որդեգրած քաղաքական վարքագիծին: Մինչ բնական կը նկատենք եւ օրինաչափ, որ խմբագրական միջամտութիւններ կատարուին` արծարծուած միտքը պահելով ոճային փոփոխութիւններ բերելու կամ միջազգային լրատուութեան կանոններուն համաձայն խմբագրական նոթ կցելու:

Այս բոլորով հանդերձ, ազատ բեմի կամ քննարկումի մամուլի առաքելութեան հանդէպ գոյութիւն ունեցող ակնկալութիւնները չենք կրցած իրականացնել: Գիտակցելով, որ նման մշակոյթի մը բացակայութեան պատճառները բացառապէս մամուլի պատասխանատուներուն չեն վերաբերիր, այսուհանդերձ անդրադարձած ենք, որ մեր բաժինը լիարժէք չէ աշխատած այս պարագային:

Այսօրուան համակարգը բազմակարծութիւն կը քաջալերէ, ի՛նք առիթ կու տայ որեւէ նիւթ հաւնելու կամ չհաւնելու դրոյթով ինքնադրսեւորուելու եւ իւրաքանչիւր նիւթին տակ իր մեկնաբանութիւնը գրառելու: Տպագիրը հասկնալիօրէն այնքան արագ չի կրնար գործել: Չի կրնար նաեւ խօսակցական բնոյթի եւ շատ յաճախ ոճի պատշաճութիւնները չյարգող արտայայտութիւններու տեղ տալ, այսուհանդերձ ընթերցողը կրաւորական կարգավիճակէն ներգործօն դարձնելու առաջադրանքը ունի եւ  անհրաժեշտ է որ համապատասխան քայլերու դիմէ:

Բանավէճեր, աւելի ճիշդը զրոյց-քննարկումներ կազմակերպելու առաջադրանքը աստիճանաբար գործադրելու անհրաժեշտութեան առջեւ ենք:  Այդ քննարկումները նաեւ ուղղակի ընկերային ցանցերով սփռելու եւ այդ սփռումի ընթացքին հետեւողներուն արձագանգները նաեւ արձանագրելու եւ հրապարակելու:

Տպագիր մամուլը, այդ քննարկումին մասին թղթակցային անդրադարձ կատարելով սկսելու համար որոշակի առումով կ’արտացոլացնէ քննարկումի ընթացքին հնչած տարբեր տեսակէտները:

Նախատեսելի է, որ բազմաձայն զրոյցի մը թղթակցային անդրադարձը տպագիրի էջերուն հրաւիրէ ընթերցողներու նոր համրանք մը:

Այս գաղափարը պարզապէս ձեւերէն մէկն է տպագիր տարբերակին կենսունակութիւն ապահովելու եւ կրաւորական ընթերցողը ներգործօն տարրի վերածելու մղումէն մեկնած: Ուղղակի քննարկումներու կայացման նպատակին չի վերաբերիր անշուշտ, սակայն պէտք է նշել նաեւ, որ կարեւորութիւն կը տրուի մեր կողմէ «Մեր ընթերցողները կը գրեն» սիւնակով քաջալերելու, որ ընթերցողները արտայայտուին, տեսակէտ յայտնեն, յօդուածագրութեան փորձի դիմեն: Ընթերցող-թերթ կապի սերտացման նպաստող քայլ կրնայ նկատուիլ այս սիւնակին տակ տեղադրուող նիւթերու յաւելեալ յաճախականութեամբ երեւնալը:

Քննարկումներն ու քննական միտքը անպայման կը ծառայեն միտքերու արտադրութեան: Միտքերու հանրայնացումը մամուլի գործառոյթներուն մաս կը կազմէ:

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Պարտուեցաւ, Հակառակ Ճէյմզ Հարտենի Նշանակած 35 Կէտին

RelatedPosts

‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025
Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր  Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է,  Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?