Պաքու Հայաստանին Կ՛առաջարկէ Փոխանակել Գերիները
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան ազրպէյճանական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ Պաքու առաջարկած է Հայաստանին` փոխանակել երկու կողմերուն ձերբակալուած անձերը եւ գերիները` «բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքով: Իր տեղեկութիւնը «լաւատեղեակ աղբիւր»-ի մը վերագրած գործակալութիւնը աւելցուցած է, որ Երեւան ցարդ չէ պատասխանած: Ներկայիս Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ կը գտնուին Հայաստանի երեք քաղաքացիներ` Արսէն Բաղդասարեան, Կարէն Ղազարեան եւ Զաւէն Կարապետեան: Պաքու զանոնք կը ներկայացնէ իբրեւ սահմանախախտներ: Անոնք...




















