Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Աշխատանքներ, Դժուարութիւններ, Բացթողումներ (Դ.) Մամուլ Եւ Շնորհահանդէսներ

December 21, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համահայկական օրակարգերու մեր լսարանային քննարկումները այս տարի որոշ առումով զիջեցան նոր հրատարակութիւններու շնորհահանդէսներուն:

Իբրեւ սկզբունք որդեգրած էինք «Ազդակ»-ի աշխատակիցներուն հեղինակած գիրքերու շնորհահանդէսներու կազմակերպումը: Ներկայացուած գիրքերու բովանդակութիւնը  շատ մը պարագաներու, յօդուածաշարքի տեսքով լոյս տեսած էր «Ազդակ»-ի մէջ:

Մեր առաջին փորձերը գտան լաւ ընդառաջումներ: Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին վերաբերող նիւթեր, տնտեսագիտական բնոյթի յօդուածներու հաւաքածոյ, ուղեգրութեան վերաբերող հրապարակումներու համադրուած շարք թէ հայ ազատագրական պայքարի ճանապարհին պատուանդան գրաւած դէմքերու մասին աշխատասիրութիւններ` մեր ներկայացուցած հատորներուն բովանդակային առանցքները կը կազմէին:

Այս առիթով  նկատեցինք, որ «հայ գիրքը կը կորսնցնէ իր ընթերցողը», «տպագիր հրատարակութիւններու նկատմամբ տեսանելի չէ հետաքրքրութիւնը» հաստատումները այդքան ալ չէին համապատասխաներ իրականութեան:

Անշուշտ կայ այստեղ նախ մամուլին կատարած ներկայացման  եւ ուշադրութիւն հրաւիրելու դերը, ապա հեղինակին անմիջական շրջապատին ներգրաւուածութիւնը եւ վերջապէս տուեալ նիւթին ուղղութեամբ ընթերցողին ունեցած նախասիրութեան գործօնը: Այս բոլորը յանգեցուցին իւրաքանչիւր շնորհահանդէսի նկատմամբ ստեղծուած նկատելի ընդառաջումին, բայց մանաւանդ ներկայացուող հատորին տարածման: «Ազդակ»-ի կազմակերպած շնորհահանդէսներուն շնորհիւ հայ գիրքի դէպի հայ տուն ճանապարհորդութեան մօտաւոր թիւ կարելի է ըսել 500-ը: Եթէ աւելցնենք, որ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի մրցանքներուն մասնակցող իւրաքանչիւր մասնակից իրեն հետ տուն տարաւ նաեւ հատոր մը, մենք կը հասնինք արդէն հայ գիրքի տարածականութեան առումով 1000-ի սահմանները:

Բնականաբար կը գիտակցինք, որ այս թիւերը ընթերցանութեան ցուցանիշեր չեն անպայման  իրենց բացարձակին մէջ: Սակայն պէտք է ընդունիլ միաժամանակ, որ յօժարակամ ընդառաջումներ են` ներկայացուող հատորի մը: Կամովին ներկայանալը եւ անպայման օրինակ մը վճարովի թէ անվճար ստանալու փափաքը ակներեւ էր կազմակերպուած ձեռնարկներու ընթացքին եւ քիչ համեմատութեամբ նաեւ` ձեռնարկներէն ետք: Գոհ էինք, որ ձեռնարկին մասին թղթակցութեամբ իմացողներ ներկայացան խմբագրատուն` ստանալու համար գիրքերէն օրինակներ:

Երեւոյթը շարունակուելու միտումներ կը դրսեւորէ: Շնորհահանդէսը վարակիչ բնոյթ կը ստանայ սկսելու համար «Ազդակ»-ի տարբեր աշխատակիցներուն մօտ իրենց յօդուածաշարքերը հրատարակութեան յանձնելու: Յառաջիկայ տարուան համար արդէն իսկ տարբեր հրատարակութիւններու ներկայացման համար թուականներ կը ճշդուին, դասախօսներ կ՛որոշուին, խմբագիրներ կը ճշդուին եւ նորահաստատ ֆոնտերու հետ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: «Ազդակ» փաստօրէն սկսած է իրականացնել մամուլի աշխատակիցներու յօդուածաշարքերուն կամ մամլոյ յօդուածագիրի կամ աշխատասիրողի նիւթերը հրատարակութեան յանձնելու եւ այդ հրատարակութիւնները շնորհահանդէսներով ներկայացնելու գործառոյթը:

Կ՛ենթադրենք, եւ աւելի ճիշդը կը յուսանք, որ նման գործառոյթ իրականացնելով «Ազդակ» խթանած կ՛ըլլայ իր աշխատակիցները աւելի յաճախ գրելու, ուսումնասիրելու, վերլուծելու` հետագային հատորի տեսքով հեղինակ դառնալու եւ այդ հատորի ծննդոցը ընթերցող հասարակութեան հետ նշելու խայծով:

Նախորդը

Թրամփ. «Ժամանակն Է, Որ Միջին Արեւելքի Մէջ Ուրիշներ Կռուին ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ»

Յաջորդը

Անգլիոյ Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Արսենալ Դուրս Մնաց

RelatedPosts

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.