Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 22 դեկտեմբերին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը:
Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէր Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Սամուէլ Շահրամանեանը, քննարկուած են անվտանգութեան մարզի հայկական երկու պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան Ստեփանակերտի Մէջ Մասնակցած Է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայողի Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկին
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 22 դեկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած է Ազգային անվտանգութեան ծառայողի մասնագիտական տօնին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին:
Նախագահը շնորհաւորած է ծառայութեան ամբողջ անձնակազմը մասնագիտական տօնին, յառաջիկայ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, անոնց մաղթած քաջառողջութիւն ու մեծագոյն յաջողութիւններ:
Երկրի ղեկավարը արժէքաւոր նուէրներ յանձնած է ծառայութեան ընթացքին բարձր արդիւնքներ արձանագրած խումբ մը աշխատակիցներու:
Ձեռնարկին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պատուիրակութիւնը` տնօրէն Արթուր Վանեցեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ պաշտօնատար այլ անձեր: