Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. ԼԵՄ-ի Շէնքին Յենասիւները (ԼԵՄ-ի Հիմնադրութեան 45-ամեակին Առիթով)

Դեկտեմբեր 20, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՄ-ի ծնունդի ժամանակահատուածը ինքնին կը բացատրէ ազգային ընդհանուր մթնոլորտ մը:  Քաղաքացիական պատերազմի նախաշեմ, քանի մը տարի ետք յեղափոխական աւանդներու վերադարձով յատկանշուած Հայ դատի պայքարի ծաւալում, գաղափարական գերակայութեամբ բնութագրուող դաստիարակչական, քարոզչական աշխատանքներ:

Ներկուսակցական առումով երիտասարդական միութիւններու կառուցակարգման, շարքերու երիտասարդացման համար շատ նպատակային միջոցներու որդեգրման որոշումներ եւ հետզհետէ երիտասարդական մամուլի հրատարակման նախաձեռնութիւններ` կազմեցին այդ օրերու Դաշնակցութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւնները:

Այս բոլոր պայմանները եղանակ կը ճշդէին` ձեւաւորելու համար երիտասարդական կառոյց մը, որ իր հերթին պիտի դառնար Դաշնակցութեան առաջադրանքներու իրականացման համար աշխատող ամէնէն գործունեայ տարրը:

Օրուան պայմանները հաւանաբար շեշտեցին երիտասարդական այս միաւորի մարտական դիմագիծը: Ինքնապաշտպանութեան մարտեր, այդ բոլորին համար կազմաւորման դասընթացքներ, պահակութեան շուրջօրեայ հերթափոխութեան իրականացում եւ Լիբանանի պատերազմական իրավիճակէն բխած արտակարգ դրութիւններու մէջ արագօրէն գործելու, հակազդելու, փրկարար աշխատանքներ տանելու երբեմն ինքնագերազանցումի հասնող օրինակներու շարքի ներկայացում: Եւ բնականաբար այս ճանապարհին վիրաւորներ, առեւանգեալներ, նահատակներ, գերեվարուածներ: Այսինքն, պատերազմական իրավիճակէ բխած բոլոր հետեւանքներու կրումը դիմագծեց ճիշդ ատենին հրապարակ եկած երիտասարդական այս միաւորը: Միաւոր, որուն անդամները նոյնքան տոգորուած լծուեցան Հայ դատի այդ օրերու պայքարին զինուորագրուած տղոց արարքներու ճիշդ լուսաբանման, իրազեկման եւ յաճախ ալ իրենց ընկերներուն, մտերիմներուն քաղաքական դատերը պաշտպանելու եւ անոնց զօրակցելու առաքելատիպ աշխատանքին:

Անիրատեսական պիտի չըլլար նաեւ ընդգծելը, որ ԼԵՄ-ը դարձաւ համաերիտասարդական ցանցային կառոյցի յառաջացման համար մոտել միաւորը: Անցեալի պատանեկան միութիւններու վերակառուցակարգումը պատանեկան տարիքի սահմանափակումով հոսք ապահովեց ԼԵՄ-ին, մինչ հայկական վարժարաններու աշակերտութիւնն ու հայկական թաղերու պահակութեան լծուած համակիր երիտասարդութիւնը ԼԵՄ-ի շարքերու համալրման համար դարձան կարեւորագոյն միջավայրերը: Այդ օրերուն հաւաքագրման յատուկ քարոզչական աշխատանքները կենսական նշանակութիւն չունէին, որովհետեւ հոսքը դէպի ԼԵՄ ինքնաբուխ էր, տարերային նոյնիսկ: Հայ երիտասարդը ԼԵՄ-ի շարքերուն զինուորագրուելու կամաւոր մղումը ունէր ո՛չ միայն շրջապատի վարակիչ մթնոլորտին ենթարկուելով, այլ նաեւ ինքնագիտակցական թելադրանքներով:

ԼԵՄ-ի հիմնադիր սերունդը գիտակից էր, որ այդ օրերու պայմանները գրաւիչ էին երիտասարդութեան համար, որ իր ժողովուրդի պաշտպանութիւնը կը նկատէր բոլորէն առաջ ի՛ր պարտականութիւնը: Ֆիզիքական եւ զինեալ պաշտպանութիւնը սակայն կրնար մնալ թերի, եթէ չուղեկցուէր գաղափարական բաժինով: Ահա թէ ինչու առաջին օրէն  շատ խնամուած ձեւով համատեղուեցան մարտականն ու գաղափարականը` դառնալով ԼԵՄ-ի դաստիարակութեան առանցքը:

Հերթական ժողովներ, սեմինարներ, բանակումներ, կլոր սեղաններ, ձեռնարկներ, բայց նաեւ ցուցական արարքներ, բողոքի գործողութիւններ, դասադուլներ, նստացոյցեր, թշնամիի նախաձեռնած հաւաքներու խափանումներ` ինքնապաշտպանութեան գործի ընթացքին եւ անոր առընթեր, ԼԵՄ-ը բարձրացուցին երիտասարդական շարժումի առաջնորդող պատուանդանի մը վրայ, որուն կը նայէր ամէն լիբանանահայ ճգնաժամի պահուն թէ քաղաքական ճակատագրական իրադարձութեան մը ստեղծած իրավիճակին դիմաց:

Պայմանները տրամագծօրէն եւ արագընթաց կը փոխուին: Յեղափոխութիւն յղացքը, որուն աւանդական ընկալումին գաղափարականօրէն պատրաստուած էր ԼԵՄ-ը, այսօր կ՛ենթարկուի ձեւափոխումներու: Գաղափարական-գաղափարաբանական շարժումներու փիլիսոփայութիւնները կը նկատուին ժամկէտանց եւ կը հրամցուին նոր հայեցակարգեր, նոր առաջադրանքներ եւ անոնց իրականացման համար նոր եղանակներ:

Ժամանակի հետ համաքայլ ընթացք որդեգրելը անշուշտ կենսական է գործունէութիւնը նոր պայմաններու մէջ արդիւնաւորելու համար: Էականը սակայն մեր պարագային գաղափարաքաղաքական յենասիւներու վրայ նոր շէնքերու, նոր ոճերու օգտագործումով ճարտարապետումն է: Առանց այդ յենասիւներուն շէնքը, որքան ալ գրաւիչ դառնայ արտաքնապէս, չի դիմանար ժամանակի մաշումին կամ միջանկեալ զայն հարուածած որեւէ ցնցումին:

45 տարուան կենսագործունէութիւնը փաստած է, որ ԼԵՄ-ի շէնքին յենասիւները շաղախուած են գաղափարաքաղաքական աղիւսներով եւ կը դիմանան ժամանակի ամէն տեսակի հարուածներուն:

Նախորդը

Հրայր Մարուխեանի Շիրիմին Վրայ Երդում Տալով` Երիտասարդները Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Թուրքիոյ «Փաթրիոթ»-ներ Վաճառելուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?