Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրատ Փափազեան. «Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Միասնականութիւնը Մեր Գլխաւոր Պաշարն Է

Դեկտեմբեր 27, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի խօսքով` Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները պէտք է յաջողցնել, որպէսզի անոնք ծնունդ տան համահայկական ռազմավարական ուժի մը: Ան նշեց, որ ատիկա Դաշնակցութեան քաղաքական հայեցակարգն է:

«Թերթ»-ը Մուրատ Փափազեանին կարծիքը առած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ սփիւռքի նախարարութեան հաւանական  լուծարման վերաբերեալ: «Հայաստանի եւ սփիւռքի միասնականութիւնը մեր գլխաւոր պաշարն է: Զօրացնել սփիւռքը, զօրացնել Հայաստանը, զօրացնել Հայաստան-սփիւռք իրականութիւնը, որպէսզի դառնայ մէկ միաւոր, որպէսզի վերջապէս իրականութիւն դառնայ Դաշնակցութեան` «մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» տեսլականը: Համոզուած չեմ, որ լուծարելով սփիւռքի նախարարութիւնը` դրական նպատակի պիտի հասնինք», ըսաւ ան:

Մուրատ Փափազեանի համաձայն, սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ կայ  երկխօսութեան, մտքերու փոխանակման կարիք, կարիք կայ նաեւ, որ սփիւռքի կողմէ հասկնալի դառնայ, թէ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանը ո՛ւր կը տանի: Պէտք է համաձայնիլ, որ սփիւռքն ալ պէտք է առիթ ունենայ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացնելու իր 100 տարուան  պատմութեան ճամբորդութիւնը, այսօրուան եւ վաղուան  հրամայականները, նպատակները, ռազմավարութիւնը»:

Ան ընդգծեց, որ ճիշդ է, որ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ նշանակուած սփիւռքի նախարարը շատ չհետաքրքրուեցաւ սփիւռքով: «Ֆրանսայի օրինակը շատ հետաքրքրական է: Երբ եկաւ Ֆրանսա, չդիմեց գոյութիւն ունեցող հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին, որ պաշտօնապէս կը ներկայացնէ հայկական կազմակերպութիւնները թէ՛ ֆրանսական, թէ՛ հայկական կառավարութիւններուն մօտ:

«Արդեօք նախարարի եզրայանգումներու հիման վրա՞յ Նիկոլ Փաշինեանը որոշած է լուծարել սփիւռքի նախարարութիւնը: Չհասկցանք որոշումին իմաստը, չհասկցանք այդ որոշումին առաւելութիւնը: Չհասկցանք նաեւ, թէ ի՛նչ պատճառով այս որոշումը կրնայ իրականացուիլ առանց սփիւռքի հետ խորհրդակցութեան», ըսաւ ան:

Փափազեան կոչ ուղղեց վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին, որ նկատի ունենայ բոլոր տարբերութիւնները իբրեւ հարստութիւն` ի նպաստ ժողովուրդին, երկրին եւ ազգին: «Այսօր համաձայն ենք, որ յեղափոխութիւնը պէտք է շարունակուի` երկիրը տանելով դէպի ժողովրդավարութիւն, այսինքն` դէպի բոլոր տարբերութիւններուն նկատմամբ յարգանք եւ զարգացում: Պէտք չէ ուրախանանք, որ ընտրութիւնները աւարտեցան ստալինեան արդիւնքներով: Ընդունինք նաեւ, որ դրական չէ երկրին համար խորհրդարանին մէջ ընդդիմութիւն չունենալը: Յետյեղափոխական մթնոլորտը շատ բնական է, ինչ որ երկրորդեց Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր դաշինքի յաղթանակը: Այս մթնոլորտին մէջ ընդդիմութեան գաղափարը, բնականաբար, վարկաբեկուած է», ըսաւ ան:

Իսկ թէ ինչու վարկաբեկուած է, ըստ Մուրատ Փափազեանի, որովհետեւ ժողովուրդի խանդավառութիւնը այդ արդիւնքը կը ստեղծէ: «Այդ մթնոլորտին մէջ Դաշնակցութիւնը որոշած է ստանձնել ընդդիմադիր կուսակցութեան դերը: Դաշնակցութիւնը, այո՛, քաջ կուսակցութիւն է: Բայց այդ որոշումը փակեց իր առջեւ դռները», ըսաւ  ան` աւելցնելով, որ եթէ Դաշնակցութիւնը խորհրդարանին մէջ ըլլար, շատ աւելի դրական պիտի ըլլար Հայաստանի պատկերը միջազգային հարթակին վրայ:

«Պայքարը երկրի ժողովրդավարացման համար շատ կարեւոր է ապագային համար: Պէտք է այդ պայքարը քաջութեամբ շարունակել, դժբախտաբար, խորհրդարանէն դուրս: Պէտք չէ սխալիլ. ի նպաստ Հայաստանի շահերուն պէտք է պայքարինք: Պէտք է ո՛չ միայն ընդունիլ, այլ նաեւ քաջալերել որեւէ ընդդիմութեան կազմաւորում, որ  փաստօրէն կը ներկայացուի Դաշնակցութեան շուրջ: Նիկոլ Փաշինեանի ջախջախիչ յաղթանակը իրեն կու տայ շատ կարեւոր պատասխանատուութիւններ, մեծ յոյսեր եւ մտահոգութիւններ:

«Այսօրուան պատմական առիթը, որ ունի վարչապետը, պարտաւոր է վերածել յաջողութեան: Երկու անգամ չի կրնար նման պատմական առիթ ըլլալ: Հետեւաբար, առիթ կայ կեդրոնանալու երկրի, ժողովուրդի եւ ազգի առաջնահերթութիւններուն վրայ: Պէտք է փայլուն ապագայ  ապահովենք միասին, եւ պէտք է ամբողջովին ոչնչացնել սեւ անցեալի սատանաները», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Բաբայեան. «Մամետեարովի Յայտարարութիւնները Կը Վկայեն Բանակցութիւններու Յառաջընթացին Պաքուի Պատրաստ Չըլլալուն Մասին»

Յաջորդը

Ակնարկ. Նախապայմանային Արձագանգումներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?