Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Սարգսեան. «Կը Մաղթեմ, Որ 2019-ն Կրկին Հայկական Տարի Ըլլլայ»

December 31, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթ օր Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի հետ մասնակցած է Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով պետական կառավարման համակարգի ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուած ընդունելութեան:

Նախագահ Սարգսեանը շնորհաւորելով ներկաները ընդգծած է, որ 2018-ն յատուկ տարի էր մեր երկրին ու ժողովուրդին համար. «Անիկա  պատմական տարի է տարբեր իմաստներով: Եթէ մտածենք, թէ հայը ինչպէս կը բնութագրեն ե՛ւ Հայաստանի  մէջ, ե՛ւ դուրսը, կ՛արձանագրենք, որ կը նշեն աշխատասէր, ազնիւ մարդու կերպարը: Ազգ, որ առաջին քրիստոնեան եղած է, որ կրած է 20-րդ դարու առաջին մեծ ողբերգութիւնը` Մեծ եղեռնը: Բայց նաեւ պիտի յիշենք, որ 2018-ին մեր ժողովուրդը կատարեց հսկայական փոփոխութիւններ, որոնք կարելի է գնահատել ե՛ւ իբրեւ թաւշեայ յեղափոխութիւն, ե՛ւ իբրեւ  յեղափոխութիւն հայկական ձեւով»:

Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ, միաժամանակ, մեզմէ` իբրեւ երկիր ու ժողովուրդ, աշխարհի սպասելիքները աւելի շատ են. «Մեզմէ պիտի սպասեն նոր յեղափոխութիւններ` տնտեսական, մշակութային, թերեւս նոր, փոքր հրաշքներ: Վստահաբար, նմանատիպ հրաշքներ պիտի սպասէ նաեւ ամբողջ ժողովուրդը»:

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է բոլորին, որոնք ազնուօրէն, հայրենասիրաբար, մասնագիտական ձեւով ծառայած են հայրենիքին, պետութեան եւ ազգային շահերուն:

«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել հեռացող Ազգային ժողովին, պարոն Բաբլոյեան, ձեզի յատկապէս, կառավարութեան բոլոր անդամներուն: Եւ, վստահ, կ՛ուզեմ առիթը օգտագործել շնորհաւորելու պարոն վարչապետ, ձեզ եւ ձեր գործընկերները` խորհրդարանական ընտրութիւններուն  փայլուն յաղթանակ տանելու առիթով: Կ՛ուզեմ շնորհաւորել պարոն Ծառուկեանն ու պարոն Մարուքեանը եւ անոնց գործընկերները` Ազգային ժողովին մէջ իրենց ներկայութիւնը ապահովելու համար:

Անգամ մը եւս բոլորը շնորհաւորելով 2018-ն պատմական տարի դարձնելու համար` նախագահը նշած է. «Կ՛ուզեմ մաղթել, որ 2019-ն ե՛ւ Հայաստանի համար, ե՛ւ միջազգային առումով կրկին ըլլայ հայկական տարի»:

Փաշինեան. «Ինչպէս 2018-ն, Այնպէս Ալ 2019-ն Պիտի Ըլլայ Յաղթանակներու Տարի»

Նոյն ընդունելութեան իր խօսքին մէջ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորելով ներկաները ըսած է. «Հիմնական հարցը, որ կը ծագի 2019-ի սեմին` հետեւեալն է. արդեօք կրնա՞նք ընել այն, որուն մասին կը խօսինք: Այս հարցը, վստահ, ունի մէկ պատասխան, անիկա դրական է, բայց այդ պատասխանին զուգահեռ գոյութիւն ունին պայմաններ: Այո՛, կրնանք, եթէ մենք կարենանք հաւատալ մեր ուժին, իսկ որպէսզի կարենանք հաւատալ մեր ուժին` անհրաժեշտ է, որ կարենանք հաւատալ մեր առաքելութեան: Մեր կառավարութիւնը  առաքելութեան կառավարութիւն է, որ պիտի կատարէ իր առաքելութիւնը, որովհետեւ անիկա ձեւակերպուած է մեր ժողովուրդի անցեալի եւ ապագայի նկատմամբ ունեցած հաւատքի եւ վստահութեան վրայ:

«Այդ առաքելութիւնը ձեւակերպուած է այն ընկալման վրայ, որ չի կրնար  ժողովուրդը, որ անցած է հազարամեայ աղէտներով, պարտուիլ, որովհետեւ եթէ անիկա ըլլար պարտուող ժողովուրդ, ապա այդ պարտութիւնը վաղուց հասած պիտի ըլլար: Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը յաղթող է եւ հայ ժողովուրդը 2018-ին ապացուցեց ատիկա:

Մենք պէտք է հասկնանք, որ բոլոր այն խնդիրները, առաջադրանքները, որոնք կը ձեւակերպենք` մեզի կ՛առաջադրէ մեր ժողովուրդը: Անոնք բոլորը լուծելի են, եւ մենք պարտաւոր ենք լուծել այդ խնդիրները այն հէնքի վրայ, որ բոլորս պէտք է արձանագրենք եւ հասկնանք` այդ խնդիրներու լուծումը կը գտնուի այստեղ եւ այստեղ (խմբ. ուղեղին եւ սրտին մէջ): Եթէ մենք կարենանք հետեւիլ այս բանաձեւին` միանշանակ մեր առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները պիտի լուծենք»:

«Կը շնորհաւորեմ բոլորիս 2018-ի եւ 2019-ի առիթով: Համոզուած եմ, որ ինչպէս 2018-ն, այնպէս ալ 2019-ն պիտի ըլլայ յաղթանակներու տարի, բայց անոնք պէտք է ըլլան շատ աւելի մեծ, շատ աւելի ընդգրկուն եւ շատ աւելի ռազմավարական յաղթանակներ», ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը:

Արա Բաբլոյեան. «Մտանք Քաղաքական Ու Հասարակական Կեանքի Վերափոխումներու Նոր Փուլ»

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է  Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով:

Ուղերձին մէջ նշուած է.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Կը շնորհաւորեմ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, կը մաղթեմ ամենայն լաւն ու բարին:

Աւարտող 2018-ին մենք մտանք քաղաքական ու հասարակական կեանքի վերափոխումներու նոր փուլ: Ունեցանք ե՛ւ լաւ, ե՛ւ դժուարին օրեր: Ու թող 2019-ն դառնայ դէպի ապագան գացող մեր մտայղացումները կեանքի կոչելու տարի:

Բնականաբար, նախ եւ առաջ կը շնորհաւորեմ մեր զինուորները, հրամանատարները, Ամանորը սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ  դիմաւորող մեր հայրենակիցները, որոնք կը պաշտպանեն այս երազած ու յաղթական խաղաղութիւնը:

Տօնական այս օրը կը ցանկամ, որ ամանորեան եղեւնիները զարդարող շղթաները նաեւ լուսաւորեն ժողովրդավարական պետութիւն ու քաղաքացիական հասարակութիւն ստեղծելու մեր ընտրած ճամբան:

Կրկին շնորհաւորելով Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով` կը մաղթեմ, որ սկսող 2019-ն դառնայ առողջութեան, բարեկեցութեան, հայոց պետականութեան հետագայ ամրապնդման, տնտեսութեան, մշակոյթի, գիտութեան ու կրթութեան զարգացման եւ մեր երազանքներու  իրականացման հերթական տարին»:

 

Նախորդը

Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով Փութինը Կը Շնորհաւորէ Փաշինեանը

Յաջորդը

Այթոր Էլիսեկի Ընտրուեցաւ Աթլեթիքօ Պիլպաոյի Նախագահ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.