Ահաւասիկ 15-րդ տարին է, որ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ը կը կազմակերպէ «Անսխալ գրենք» մրցումը: 28 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը հաւաքուած էին մրցումին մրցանակակիր աշակերտները իրենց ծնողներուն հետ:
Բարի գալուստի բացման խօսքով Սրբուկ Ճենանեան նախ բարձր գնահատեց մրցումին մասնակից աշակերտներուն ճիգն ու յարատեւութիւնը. ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ ի մասնաւորի փոքրիկ մրցանակակիրներուն, որոնք մեծ ճիգ կը թափեն անթերի ներկայացնելու մայրենի լեզուի գրաւոր արտայայտութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հայկական դպրոցներուն, որոնք անխտիր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ու կը քաջալերեն «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումը, փաստը` 38 մրցանակակիրներ 13 հայկական վարժարաններէ: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ գնահատեց փոքրիկ մրցանակակիրները եւ նշեց, թէ պահելով հանդերձ աւանդութիւն դարձած այս մրցումը, որոշ փոփոխութիւններ կը փորձենք ներմուծել, ինչպէս օրինակ` շարադրութեան փոխարէն «Փոքրիկ լրագրողները» աշխատանոցի դրութիւնը, որուն միջոցով կ՛աշխատինք թերթի աշխատանքներուն հաղորդ դարձնել աշակերտները. այս ծրագիրը զարգացնելով հետագային կը նախատեսենք անոնց ծանօթացնել խմբագրական ամէն տեսակ աշխատանքի:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, դպրոցներուն ու մրցանակակիրներուն` նշելով, որ ապագային կը նախատեսուի ընդհանուր արժեւորում մը կատարել աւելի քան 15 տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն` խորհրդակցութեան հրաւիրելով ուսուցիչները:
Անոր նշած երկրորդ հիմնական կէտը այն էր, որ աշխատանք կը տարուի «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի աշխարհագրութիւնը ընդլայնելու` զայն առաքելով տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայկական վարժարանները:
«Ազդակ»-ի տնօրէնը շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին, որ ամէն տարի կը հովանաւորէ ու կը հոգայ մրցանակակիրներուն նիւթական պարգեւները: Ան իր խօսքը աւարտեց շնորհաւորելով բոլորին Նոր տարին ու Ս. Ծնունդը:
Ապա «Ազդակ»-ի տնօրէնին հետ «Սօսի» յիշատակի ֆոնտի ներկայացուցիչ Մելքոն Յակոբեան յանձնեց մրցանակները:
Մրցանակաբաշխութենէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան:





