Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խորհրդարանի Պատերէն Դուրս Պիտի Ձեւաւորուի Հիմնական Ընդդիմութիւնը» Կ՛ըսէ Արսէն Համբարձումեան

Դեկտեմբեր 24, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն փաստը, որ Ազգային ժողովին մէջ մէկ քաղաքական ուժ ունի ձայներու  սահմանադրական մեծամասնութիւն, անկէ որեւէ լաւ բան պէտք չէ սպասել: Այս մասին «Նիուզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը:

«Այն փաստը, որ մէկ քաղաքական ուժ ունի ձայներու սահմանադրական մեծամասնութիւն, յղի է քաղաքական մենիշխանութեան վտանգով, անկէ  որեւէ լաւ բան պէտք չէ սպասել, քանի որ մեր երկրի խնդիրներու խնդիրը եղած է քաղաքական մենիշխանութիւնը, որ բերած է տնտեսական մենաշնորհ, որ ի վերջոյ երկրի անարդիւնաւէտ կառավարման  հասցուցած է», նշեց ան:

Արսէն Համբարձումեան թերահաւատ է, որ նոր իշխանութիւնները պիտի կարենան լիարժէքօրէն իրականացնել մեր երկրին առջեւ ծառացած խնդիրները եւ դիմագրաւել մարտահրաւէրները, քանի որ կան առարկայական դժուարութիւններ: «Այնպէս չէ, որ նախկին իշխանութիւններուն կողմէ չէ եղած ցանկութիւն այդ խնդիրները լուծելու: Այս առարկայական դժուարութիւնները լուծելու համար անհրաժեշտ է քատրային ներուժ, բաւարար գիտելիք, փորձ, համապատասխան ծրագիրներ եւ կամք այդ ամէնը իրականացնելու համար: Այս պահուն ես լաւատեսութեան համար բաւարար հիմքեր չունիմ», նշեց ան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը համոզում յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերը քատրային ներուժով ու գաղափարախօսութեամբ ի վիճակի չեն խորհրդարանին մէջ  ընդդիմութեան դերը ստանձնելու, եւ անխուսափելիօրէն խորհրդարանի պատերէն դուրս պիտի ձեւաւորուի հիմնական ընդդիմութիւնը:

Արսէն Համբարձումեանը չի կարծեր, թէ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած չըլլալը կրնայ էական ազդեցութիւն ունենալ ՀՅԴ-ի գործունէութեան վրայ: «Խորհրդարանական ընտրութիւններով մեզի  համար ոչինչ աւարտած կամ սկսած է: Մենք պիտի շարունակենք մեր օրակարգերուն հարազատ մնալով մեր քաղաքական գործունէութիւնը իրականացնել` մեր ազգային օրակարգերը եւ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հետ կապուած օրակարգերը, անոնց յառաջ մղման ուղղութեամբ պիտի փորձենք աշխուժ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել իբրեւ արտախորհրդարանական ուժ: Անոր կարելիութիւնը մենք յստակօրէն կը պատկերացնենք: Չեմ բացառեր, որ ազգային հարցերու շուրջ ազգային ճակատ ձեւաւորելու անհրաժեշտութիւն յառաջանայ: Նոյն սահմանադրութիւնը առիթ կու տայ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած չըլլալով այդ գործունէութիւնը իրականացնել, որովհետեւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերը քատրային ներուժի ու գաղափարախօսութեան իմաստով ի վիճակի չեն խորհրդարանին մէջ ընդդիմութեան դերը ստանձնելու եւ անխուսափելիօրէն խորհրդարանի պատերէն դուրս պիտի ձեւաւորուի  հիմնական ընդդիմութիւնը»:

Անոր համաձայն, արտախորհրդարանական ուժերու հետ համագործակցութեան ձեւաչափերէն կախեալ է, թէ իրենց համար կարեւոր օրակարգերու շուրջ պիտի ձեւաւորուի՞ արդեօք համաձայնութիւն:

 

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Արթուր Վանեցեանը

Յաջորդը

Խմբագրական. Աշխատանքներ, Դժուարութիւններ Բացթողումներ (Զ.) Գաղափարաբանական Յաւելուածի Շարունակականութեան Խնդիր

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?