Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համբարձումեան. «Արցախի Հարցով Մեր Մօտեցումը Կը Յանգի «Զարգանալ` Չզիջելով» Բանաձեւին»

December 29, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալի էջը փակուած է, բայց, որպէսզի նոր փաթեթաւորումով  վերադարձ անցեալին տեղի չունենայ, անհրաժեշտ է չկրկնել նախկին սխալները եւ յստակ, կշռադատուած ու կանխատեսելի քայլերով յառաջ երթալ: «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը` ամփոփելով 2018-ի ներքաղաքական տարին: Դաշնակցական գործիչը ներկայացուց նաեւ Արցախի հարցի խաղաղ լուծման առնչութեամբ ՀՅԴ-ի դիրքորոշումը:

«Անցնող տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ամբողջական գնահատականներ տալը, կը կարծեմ, դեռ վաղաժամ է, որովհետեւ քաղաքական գործընթացները թէեւ տրամաբանական առումով հասած են որոշակի փուլի, սակայն հետագայ զարգացումներու լոյսին տակ միայն կարելի կ՛ըլլայ ըստ էութեան արժեւորել տեղի ունեցածը: Ակնյայտ է, սակայն, որ անկախ հետագայ զարգացումներէն, կրնանք արձանագրել, որ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները էական փոփոխութիւններ բերած են ո՛չ միայն քաղաքական, այլ նաեւ մեր ազգային-պետական ու հանրային կեանքի գրեթէ բոլոր ասպարէզներուն մէջ: Կը կարծեմ` այսօր կը գտնուինք յոյսի ու անորոշութեան խաչմերուկին վրայ: Յոյսի, որովհետեւ ապրիլեան համաժողովրդական շարժումին շնորհիւ յոյս արթնցած է, որ դրական փոփոխութիւններ պիտի ըլլան, անորոշութեան, որովհետեւ մարդիկ սկսած են հասկնալ, որ անցեալի անցանկալի վարքուբարքի մերժումը ինքնին չի նշանակեր բարեկեցիկ ու երաշխաւորուած ապագայ: Անցեալի էջը փակուած է, բայց, որպէսզի նոր փաթեթաւորումով վերադարձ անցեալին տեղի չունենայ, անհրաժեշտ է չկրկնել նախկին սխալները եւ յստակ, կշռադատուած ու կանխատեսելի քայլերով յառաջ երթալ:

«Արցախի հարցի խաղաղ լուծման ՀՅԴ-ի դիրքորոշումին վերաբերեալ Արսէն Համբարձումեան ըսած է, որ անիկա շատ յստակ է: «Հայկական կողմերու (Հայաստան-Արցախ) փոխզիջումը չի կրնար նահանջ արձանագրել արցախահայութեան` 1991-ի անկախութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան ընդունման համաժողովրդական հանրաքուէներով արդէն իսկ արտայայտուած կամքէն եւ պէտք է ըլլայ համարժէք ու համաչափ Ազրպէյճանի միաժամանակեայ զիջումներուն:

«Արցախը, ըլլալով տագնապի հիմնական եւ ինքնուրոյն կողմ, պէտք է ճանչցուի եւ հանդիսանայ իրաւահաւասար բանակցային կողմ:

«Անհրաժեշտ է Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ կնքել համաձայնագիր ռազմավարական դաշինք ձեւաւորելու մասին, որուն համաձայն` Հայաստանը պէտք է ճանչցուի իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւոր:

Պէտք է հետամուտ ըլլալ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումին, զուգահեռաբար ծրագրուած աշխատանքներ իրականացնել Արցախի վերաբնակեցման եւ տնտեսական առաջանցիկ զարգացման ուղղութեամբ:

«Եթէ ընդհանրացնելու ըլլանք, մեր մօտեցումը կը յանգի «Զարգանալ` չզիջելով» բանաձեւին», ըսաւ Արսէն Համբարձումեան:

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Մէջ Տարածուած Է Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յուշագիրը

Յաջորդը

Ֆապրեկաս Հրաժեշտ Պիտի Տայ Չելսիին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.