Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է  Արցախի ՀՅԴ Պատասխանատուները

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Արցախի ՀՅԴ Պատասխանատուները

Նախագահ Բակօ Սահակեան 7 նոյեմբերին ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը: Քննարկուած են երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հետ առնչութիւն ունեցող հարցեր: Յատուկ ուշադրութեամբ քննարկուած են «Թելեթոն 2018»-ի  շրջագիծին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ անոր կառոյցներուն մասնակցութեան վերաբերող հարցերը:

Կիրօ Մանոյեան. «Մեր Վիճակը Բարդ Է.  Միացեալ Նահանգներ Կը Շարունակեն Ճնշումները  Հայաստանի Վրայ` Իրանի Հարցով»

Կիրօ Մանոյեան. «Մեր Վիճակը Բարդ Է. Միացեալ Նահանգներ Կը Շարունակեն Ճնշումները Հայաստանի Վրայ` Իրանի Հարցով»

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ 7 նոյեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, անդրադառնալով Իրանի դէմ ճշդուած վերջին պատժամիջոցներուն, ըսաւ. «Իրանի  իրավիճակը շատ մտահոգիչ է: Կը կարծեմ, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի վրայ ճնշումները պիտի շարունակուին, որպէսզի Իրանի հետ մեր յարաբերութիւնները նուազագոյնի հասնին: Միացեալ Նահանգներ այդպէս որոշած են, իսկ...

Արկածի Մը Պատճառով  Զոհուած Է 4 Զինուոր

Արկածի Մը Պատճառով Զոհուած Է 4 Զինուոր

Երէկ առաւօտեան Գորիս-Որոտան (Կուբաթլի) ճամբուն վրայ պաշտպանութեան նախարարութեան բեռնատար մը շրջուած է. կան զոհեր եւ վիրաւորներ: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան: Ապա ան յայտնած է, որ արկածին պատճառով զոհուած է 4 ժամկէտային զինուոր եւ հրապարակած է անոնց անունները. Հայրապետ Նայիրեան 1998-ի ծնունդ, Հրանդ Գասպարեան 1998-ի ծնունդ, Էտկար Յունանեան 1998-ի ծնունդ, Դաւիթ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Կարգ մը լրատուամիջոցներ երկուշաբթի, 5 նոյեմբերին հրապարակեցին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի այն յայտարարութիւնը, թէ «ազրպէյճանական տարածքներու հայկական բռնագրաւումն ու բնակչութեան տեղահանումը մեզ կը մօտեցնէ պաղեստինցի ժողովուրդին` կրած տառապանքին տարողութեան»` աւելցնելով. «Ազրպէյճանցի ժողովուրդը դժուարագոյն պահերուն կը կանգնի պաղեստինցի ժողովուրդի կողքին: Մենք կը հասկնանք ձեր տառապանքը, որովհետեւ մեր հողերը ենթարկուեցան...

Ակնարկ.  Պատժամիջոցները  Կը  Չէզոքացնեն Անգարայի Եւ Պաքուի Առաձգականութիւնը

Ակնարկ. Պատժամիջոցները Կը Չէզոքացնեն Անգարայի Եւ Պաքուի Առաձգականութիւնը

Պաքուի որոշումը` իրանեան քարիւղի ներմուծումը  կասեցնելու, նախ եւ առաջ պէտք է դիտարկել Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի` Կովկաս այցելութեան անմիջական հետեւանքներու շրջանակներուն մէջ: Այս պարագային այլընտրանքային շուկան Ռուսիան է, ինչ որ նաեւ կը խթանէ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու յաւելեալ խորացման միտումները: Պաքուի արագ արձագանգումը համոզիչ կը դարձնէ, որ Պոլթընի այցելութիւնը տարածաշրջան իբրեւ անմիջական թիրախ ունէր Պաքուն` Իրանի մեկուսացման...

Շուէտի Նոր Նշանակուած Դեսպանը  Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է  Նախագահ Սարգսեանին

Շուէտի Նոր Նշանակուած Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Նախագահ Սարգսեանին

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Շուէտի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ուլրիք Թիտեսթրոմը (նստավայրը` Թիֆլիս): Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքէն: Դեսպան Թիտեսթրոմ ընդգծած է երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու  սերտ բարեկամական յարաբերութիւնները եւ կարեւոր նկատած  շուէտահայ համայնքի դերը այդ գործին մէջ: Դեսպանը հանրապետութեան նախագահին փոխանցած է Շուէտի թագաւոր Քարլ...

Պաշտօնական Երեւանը Ուշադրութեամբ  Կը Հետեւի Իրանի Շուրջ Զարգացումներուն

Պաշտօնական Երեւանը Ուշադրութեամբ Կը Հետեւի Իրանի Շուրջ Զարգացումներուն

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան մեկնաբանութեամբ հանդէս եկած է Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն առնչութեամբ` յայտարարելով. «Ուշադրութեամբ կը հետեւինք այս ուղղութեամբ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ մնայուն կապի մէջ ենք այս հոլովոյթին մէջ  ներգրաւուած բոլոր կողմերուն հետ»: «Մենք յստակօրէն կը ներկայացնենք մեզ յուզող հարցերը եւ մտահոգութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութեան համար Իրանի հետ աւանդական բարի դրացիական յարաբերութիւնները կենսական նշանակութիւն ունին», ըսուած...

«Լիբանանին Ու Լիբանանցիին Հիմնական Հարցը  Արտաքին Աշխարհէն Կախեալ Ըլլալու Փորձանքն Է»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Լիբանանին Ու Լիբանանցիին Հիմնական Հարցը Արտաքին Աշխարհէն Կախեալ Ըլլալու Փորձանքն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի  ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ո՛չ միայն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, այլ նաեւ այլ հարցերու վերաբերեալ կարելի չէ լիբանանցիներուն լաւատեսութիւն ներշնչել: Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքները խոչընդոտող վերջին հանգոյցը` ընդդիմադիր սիւննիներու ներկայացուցչութիւնը, առաջին օրէն իսկ առկայ էր: «Անշուշտ կային նաեւ այլ հարցեր, որոնք լուծուեցան,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Երէկ` երեքշաբթի, 6 նոյեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Իրանի նոր նշանակուած դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան: Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Իրանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքին ու Լիբանանին առնչուած հարցեր: Յիշեալ հարցերուն գծով թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ՛ դեսպանը իրենց տեսակէտները յայտնեցին: Վեհափառ հայրապետը...

Նախագահ Սարգսեանին Իր Հաւատարմագիրները  Յանձնած Է Հայաստանի Մէջ Խըրխըզիստանի  Հանրապետութեան Դեսպանը

Նախագահ Սարգսեանին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Հայաստանի Մէջ Խըրխըզիստանի Հանրապետութեան Դեսպանը

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի մէջ Խըրխըզիստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած դեսպան Պոլոթ Օթունպայեւը (նստավայրը` Մոսկուա): Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած եւ յաջողութիւն մաղթած է նոր նշանակուած դեսպանին` վստահութիւն յայտնելով, որ ան իր աւանդը պիտի բերէ հայ-խըրխըզական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ: Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, առեւտրական-տնտեսական եւ մարդասիրական կապերու խորացումը կը բխին երկու բարեկամ...

Արցախի Մէջ  Սահակեան Եւ Փաշինեան Կ՛աեյցելեն  Սահմանագիծի Շարք Մը Հատուածներ

Արցախի Մէջ Սահակեան Եւ Փաշինեան Կ՛աեյցելեն Սահմանագիծի Շարք Մը Հատուածներ

Նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան  վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 5 նոյեմբերին քննարկած են պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան հետեւողական բարձրացման, Արցախի եւ Հայաստանի զինուորական փոխադարձ գործակցութեան, սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակին, երկու հայկական պետութիւններու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ այս ուղղութիւններուն մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի գլխաւոր վարչութիւնը: Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի...

Ստեփանակերտը Կ՛ողջունէ Ֆրանսայի  Նոր Քալետոնիոյ Հանրաքուէն

Ստեփանակերտը Կ՛ողջունէ Ֆրանսայի Նոր Քալետոնիոյ Հանրաքուէն

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ողջունէ Ֆրանսայի Նոր Քալետոնիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, այս առնչութեամբ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան մեկնաբանութեան մէջ կ՛ըսուի. «Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ողջունէ Ֆրանսայի Նոր Քալետոնիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէի կազմակերպումը` իբրեւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ միջազգային շարք մը հիմնարար փաստաթուղթերով ամրագրուած ժողովուրդներու  ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութեան հերթական դրսեւորում:...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կոչ Կ՛ուղղէ  Պըրրիին Սիւննիական Ներկայացուցչութեան  Թնճուկը Հանգուցալուծելու

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կոչ Կ՛ուղղէ Պըրրիին Սիւննիական Ներկայացուցչութեան Թնճուկը Հանգուցալուծելու

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի  ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան մէջ սիւննիական ներկայացուցչութեան հարցին լուծումը: Ան նշեց, որ կան սահմանադրական լուծումներ, որոնք կրնան աւելի դժուար ըլլալ, քան կառավարութեան կազմութիւնը` աւելցնելով, որ ի վերջոյ վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի վերադառնայ Լիբանան: Երեսփոխան Բագրատունի կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին սիւննիական ներկայացուցչութեան...

Անկլիքան – Արեւելեան Ուղղափառ  Աստուածաբանական Երկխօսութեան  Յանձնախումբի Ժողով

Անկլիքան – Արեւելեան Ուղղափառ Աստուածաբանական Երկխօսութեան Յանձնախումբի Ժողով

Անկլիքան-արեւելեան ուղղափառ (ոչ քաղկեդոնական) եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային յանձնախումբը իր եօթներորդ ժողովը գումարեց 22-26 հոկտեմբեր 2018-ին, Աթշանէի (Լիբանան) ասորի պատրիարքական կեդրոնին մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն ժողովին մասնակցեցան Պօղոս վրդ. Թինքճեան եւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան: Յանձնախումբը նախ եւ առաջ խոր կսկիծով յիշեց իր հիմնադիրներէն` ժողովին նախկին արեւելեան ուղղափառ ատենապետ, Ղպտի եկեղեցւոյ մետրոպոլիտ Պիշոյի մահուան գուժը: Ապա, արեւելեան ուղղափառ...

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը  Իր Գոհունակութիւնը  Յայտնած Է ՀՅԴ-ի Կեցուածքին Նկատմամբ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Իր Գոհունակութիւնը Յայտնած Է ՀՅԴ-ի Կեցուածքին Նկատմամբ

3 նոյեմբերին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայրենի պետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, ազգային-եկեղեցական կեանքին, հայկական իրականութիւնը յուզող խնդիրներուն, ազգային ինքնութեան եւ արժեհամակարգի պահպանման վերաբերող քայլերուն: Խօսուեցաւ նաեւ ժողովուրդի կեանքին մէջ եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել աշխուժացման առնչուող ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն մասին: Յատկապէս...

Համբարձումեան. «Ոստիկանութիւնը  Պէտք Է Դուրս Բերուի Վարչապետի  Ուղղակի Ենթակայութենէն»

Արսէն Համբարձումեան. «ՀՅԴ-ն Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Նախընտրական Ցուցակին Վերաբերեալ Տակաւին Որոշում Չունի»

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յառաջիկայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական ցուցակին վերաբերեալ տակաւին որոշում չունի: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կա՞յ որոշում, թէ որոնք ընդգրկուած պիտի ըլլան նախընտրական ցուցակին մէջ, Համբարձումեան յայտնեց, որ այդ հարցը տակաւին քննարկման փուլին մէջ է: «Օրէնքով սահմանուած ժամկէտներ կան, եւ այդ ժամկէտներուն...

Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի  Քաղաքապետութեան.  «Ճամբադ Տանդ Պէ՛ս Պահէ» Մաքրութեան Արշաւին  Մասնակցեցան Պուրճ Համուտի Բոլոր Քաղաքային  Եւ Համայնքային Հաստատութիւնները

Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. «Ճամբադ Տանդ Պէ՛ս Պահէ» Մաքրութեան Արշաւին Մասնակցեցան Պուրճ Համուտի Բոլոր Քաղաքային Եւ Համայնքային Հաստատութիւնները

Երէկ` կիրակի, 4 նոյեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00-ը, կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, տեղի ունեցաւ «Ճամբադ տանդ պէ՛ս պահէ» մաքրութեան արշաւը, որուն մասնակցեցան Պուրճ Համուտի քաղաքացիները, մարմնակրթական եւ բարեսիրական միութիւնները, կրթական հաստատութիւնները, Պուրճ Համուտի բոլոր համայնքները ներկայացնող եկեղեցական հոգեւոր հաստատութիւնները: Նախաձեռնութեան կը մասնակցէին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, մարոնիներու Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ հովիւ հայր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամենապատիւ  Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկէ  Հոգեւոր Տիրոջ Այցելութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկէ Հոգեւոր Տիրոջ Այցելութիւնը

Կիրակի, 4 նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. հոգեւոր տէրը: Հոգեւոր տիրոջ կ՛ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Մանուէլ եպս. Պաթագեան եւ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան...

«Մենք Որպէս Առաջնորդարան Եւ Լիբանանահայութիւն` Վերադասաւորումի, Վերաորակաւորումի Եւ Մեր Ուժերը Հաւաքելու Մարտահրաւէրին Դիմաց Կը Գտնուինք»  Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

«Մենք Որպէս Առաջնորդարան Եւ Լիբանանահայութիւն` Վերադասաւորումի, Վերաորակաւորումի Եւ Մեր Ուժերը Հաւաքելու Մարտահրաւէրին Դիմաց Կը Գտնուինք» Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2018-ին «Վանայ Ձայն»-ի «Բաց քննարկում» յայտագիրին ընթացքին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան անդրադարձաւ Լիբանանի հայոց թեմի գործունէութեան եւ իր աշխատանքներուն: Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Րաֆֆի Տեմիրճեանը: Հարցազրոյցը իր ամբողջութեան մէջ կը հրատարակենք երկու յաջորդական էջերով: «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Սրբազա՛ն հայր, նախ պիտի խնդրենք, որ ներկայացնէք Հայ եկեղեցի եւ ժողովուրդ հասկացողութիւնները: ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ.- Երբ հայ...

Դաւիթ Տօնոյեանը Լիբանանի Մէջ Ստորագրած Է  Ռազմական Համագործակցութեան Մասին Համաձայնագիր

Դաւիթ Տօնոյեանը Լիբանանի Մէջ Ստորագրած Է Ռազմական Համագործակցութեան Մասին Համաձայնագիր

1 նոյեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Լիբանան: Պէյրութի օդակայանին մէջ Դաւիթ Տօնոյեանին դիմաւորած է Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆը: Ողջունելով զիրար, երկու բարեկամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները կարճ քննարկում մը ունեցած են: 2 նոյեմբերի առաւօտեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան այցելած է Լիբանանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն: Դիմաւորման արարողութենէն ետք Դաւիթ Տօնոյեան...

Page 527 of 797 1 … 526 527 528 … 797

Արխիւներ