Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Աշխատանքներ, Դժուարութիւիններ, Բացթողումներ (Է. Եւ Վերջ) Շուրջօրեայ Շարժունակութեան Յարատեւման Համար

Դեկտեմբեր 25, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կարեւոր, նկատելի համրանք մը այսօր մօտէն թէ հեռուէն կապուած է այս թերթին: Խմբագրակազմ, տարբեր բաժանմունքներու աշխատակիցներ կը խօսին «Ազդակ»-ի միայն անձնակազմի ընդհանուր թիւին մասին: Տպագիր ընթերցողներ, կայքի այցելուներ, ընկերային ցանցերու միջոցով հետեւողներ, մանկապատանեկան թերթի բաժանորդներ, մրցանքներու մասնակիցներ, ապագայ լրագրողներ կը կազմեն ցանցային հաւաքականութեան մը վերահսկողութենէ դուրս գտնուող թիւ մը: Երանգային կարեւոր իրականութիւններ եւս պէտք է աւելցնել այս թիւի գոյառման մեր պատկերացումներուն մէջ: Օրինակ, տպագիրի տպաքանակը պէտք չէ խաբուսիկ տպաւորութիւն ստեղծէ հասանելիութեան գերսահմանափակուածութեան առումով: Իւրաքանչիւր համար, որ տուն կամ խանութ կը մտնէ, առնուազն քանի մը ընթերցող-ծանօթացող ունի: Կամ կայքի ու ընկերային ցանցերու միջոցով ու բազմապատկուող թիւերը համրիչի ցոյց տուած թուանշաններու տարածութեան մէջ չեն սահմանափակուիր: Այսօր «Ազդակ»-էն շատ նիւթեր կ՛արտատպուին կամ կը վերակայքաւորուին ո՛չ միայն սփիւռքահայ թերթերու եւ կայքերու էջերուն եւ ելեկտրոնային տարածքներուն մէջ, այլ նաեւ` հայաստանեան եւ արցախեան: Այստեղ արդէն դժուար է տարածականութեան չափորոշիչներու մասին խօսիլը: Նուաճուած եւ նուաճելի տարածականութեան մասին է խօսքը, որուն միտումը յամենայն դէպս զարգացումն է եւ ոչ թէ հակառակը:

Հետեւաբար տպագիրի մասին եղած ողբերը կը չէզոքանան նորարար միտումներով, եթէ անշուշտ կարենանք պահել քայլ պահելու կշռոյթները: Այսօրուան համակարգի խաղի կանոնները չյարգելը սուղ կ՛արժէ լրատուամիջոցին, խաղէն դուրս մնալու շատ արագ հետեւանքի կրումով:

Այս ամբողջ տարածքները նկատի ունենալով կարելի է արձանագրել, որ թերթը այսօր ունի բազմաթիրախային ընթերցող լսարան: Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ ըլլալու հանգամանքը չի խանգարեր բազմաշերտ լսարանին: Կուսակցութեան վարքագիծի յստակ գերակայութեամբ բազմակարծութիւնը տեսանելի է մեր թերթին մէջ: Ծանրացանք գաղափարականին վրայ առանց մոռնալու, որ մշակութային, մարզական, կնոջական, մանկապատանեկան, լիբանանեան լրատուութիւնները, էջերը, մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները ունին զիրենք նախասիրողները:

Թերացած ենք կարեւոր կէտի մը մէջ. այսօր, որեւէ առարկայական գնահատական, ծրագրաւորում, բացթողումներու սրբագրում եւ հետագայ գործունէութեան նախանշում կը հիմնուի տուեալներու վրայ: Վիճակագրութիւնը որեւէ հաստատութեան համար գրեթէ պարտադիր կառավարչաձեւ է, առանց որուն որեւէ որոշում տեղ մը կ՛ունենայ ենթակայականութիւն:

Չենք օգտագործած համակարգչային այն ծրագիրները, որոնք թիւերով կը հաստատեն ո՛ր էջին ամէնէն շատ կարդացուած ըլլալը: Նուազ այցելու ունեցող բաժիններու վերհանումը կ՛օգնէ խմբագրական քաղաքականութեան մշակման աւելի ներգործօն լրագրութիւն ապահովելու առաջադրանքին:

Սուր երկընտրանք մը կը ստիպէ, որ դիւրին որոշումի չյանգինք նաեւ այլ խնդիր մը դիմակայելու ընթացքին: Բացի կայքային գովազդի բաժինին զարկ տալէ, քննարկման առարկայ է կայքի բովանդակութեան ընթերցումը վճարովի դարձնելու մօտեցումը: Մամուլի շատ ներկայացուցիչներ, ներառեալ լիբանանեան թերթեր, այսօր որդեգրած են այդ դրութիւնը: Նիւթերուն կը տեղեկանայ կայքի այցելուն, սակայն յատկապէս ամբողջ յօդուածը կարդալու արգելապատնէշը վերացնելու համար կը կատարէ խորհրդանշական վճարում մը` վեցամսեայ կամ տարեկան կտրուածքով:

Այս կարելիութիւնը մէկ կողմէ կրնայ նուազեցնել այցելուներուն թիւը կամ յօդուածին արտատպումի եւ տարածման կարելիութիւնը, այսուհանդերձ կրնայ որոշ չափով թեթեւցնել ծախսերու բաժինը` հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելով վճարովի տպագիր կարդացողին եւ անվճար կայքի ճամբով թերթի բովանդակութեան վերահասու եղողին միջեւ:

Նախորդող եւ այս խմբագրականներով ներկայացուեցան աշխատանքներ, դժուարութիւններ, թերի կէտեր, բայց նաեւ գործադրելի ծրագիրներ: Անդարձ է «Ազդակ»-ի ուղին` օրաթերթին առընթեր, յաւելուածներ, բացառիկներ հրատարակելու, լսարաններ կազմակերպելու, ելեկտրոնային նոր տարածքներ ապահովելու, երիտասարդ մարդուժ պատրաստելու, մանկապատանեկան խաւին ուղղութեամբ յատուկ ծրագիրներ իրականացնելու, մամուլի տարբեր համախմբումներու աշխուժ ներկայութիւն ըլլալու, յօդուածաշարքերը գիրքի տեսքով հրատարակելու եւ թերթ-ընթերցող կապը աւելի անմիջական դարձնելու: Կը գիտակցինք, որ բազմաբաժանմունքային այս գործադաշտի կայացման ու զարգացման համար Ազդակ պէտք է շարունակէ Սեն Էքզիւփերիի փիլիսոփայութեան հետեւելով ընթանալ փոքրիկ քայլերու արուեստի ճամբով: Միաժամանակ վերագիտակցելով, որ չէր իրականանար այս ամբողջը, եթէ չըլլար նախ եւ առաջ մնայուն նեցուկն ու  նիւթաբարոյական աջակցութիւնը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, սատարումը` նուիրատուներուն, նուիրումը` «ԱԶԴԱԿ»-ի ընտանիքին, եւ ինչպէս մամուլի աշխատակազմին, այնպէս նաեւ դիրքերը չլքող ընթերցող փաղանգներուն:

Վերադառնանք նախաբանին եւ միշտ գիտակցինք, որ հազարաւոր անհատներէ ձեւաւորուած ցանցային հաւաքականութիւն մը կապուած է «Ազդակ»-ի մոլորակին, որուն շուրջօրեայ շարժունակութիւնը չի կրնար, իրաւունք չունի տեղի տալու կամ նոյնիսկ ժամանակաւոր կանգառի:

Բոլորս լծուած ենք այդ շարժունակութեան յարատեւման գործընթացին նպաստելու դժուար, բայց հաճելի աշխատանքին:

Նախորդը

Մանոյեան. «Դաշնակցութիւնը Իր Տեսակէտները Պիտի Հասցնէ Ժողովուրդին»

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?