Երէկ` երկուշաբթի, 24 դեկտեմբերին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ արտակարգ եւ լիազօր նոր նշանակուած դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ:
Դեսպան Աթաբէկեան բարի գալուստ մաղթեց ՀՅԴ պատուիրակութեան անդամներուն եւ հաստատեց անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն-Դաշնակցութիւն փոխլրացուցիչ համագործակցութիւն ծաւալելու:
Երեսփոխան Բագրատունի իր հերթին, ողջունելով դեսպանին նշանակումն ու ժամանումը Լիբանան, ընդգծեց Դաշնակցութեան պատրաստակամութիւնը միշտ կողքին կանգնելու պետութեան նախաձեռնած ծրագիրներու իրագործման:
Այնուհետեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան տեղեկատուութեան ոլորտին, հայրենիք-սփիւռք կապերու եւ յատկապէս մշակութային ոլորտին մէջ իրականացուելիք համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի Երեւան կայացումէն ետք եւ անոր շրջանակներուն մէջ Երեւան-Պէյրութ յարաբերութիւններու զարգացման նոր հեռանկարներուն վրայ:
Հանդիպումի աւարտին երեսփոխան Բագրատունի դեսպանին յանձնեց յուշանուէր մը` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի թեմային յատկացուած եւ Արցախի մէջ պատրաստուած գորգ մը: Դեսպան Աթաբէկեան բարձր գնահատեց Կեդրոնական կոմիտէի այս նախաձեռնութինը եւ ըսաւ, թէ յատուկ խորհուրդ ունի այս յուշանուէրը` Հայաստանի Հանրապետութեան յատկացուած, Արցախի մէջ հիւսուած եւ Լիբանանի մէջ յանձնուած ըլլալու հանգամանքները նկատի ունենալով: