Գլխաւոր լուրեր

Բարսեղ Կանաչեանի, Նիկոլ Աղբալեանի  Եւ Լեւոն Շանթի Վերանորոգուած Շիրիմներու  Օրհնութիւն Եւ Հոգեհանգիստ` Անոնց Յիշատակին

Բարսեղ Կանաչեանի, Նիկոլ Աղբալեանի Եւ Լեւոն Շանթի Վերանորոգուած Շիրիմներու Օրհնութիւն Եւ Հոգեհանգիստ` Անոնց Յիշատակին

  Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, երէկ` կիրակի, 18 նոյեմբեր 2018-ին, յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ Բարսեղ Կանաչեանի յիշատակին` հանդիսապետութեամբ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի ներկայացուցիչ Վիգէն վրդ. Տալգլճեանի: Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի ատենապետ Նորայր Նաճարեան այս առիթով...

Խմբագրական.  Ընտրական Մշակոյթի  Կայացման Հրամայականը

Խմբագրական. Ընտրական Մշակոյթի Կայացման Հրամայականը

Պաշտօնական Երեւանը իր առջեւ դրած է առաջադրանք` 9 դեկտեմբերի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները աննախադէպ կազմակերպելու եւ կայացնելու առումով: Աննախադէպ ո՛չ միայն Հայաստանի վերանկախ հանրապետութեան պատմութեան մէջ, այլ նաեւ պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ ընտրութիւնները պէտք է կատարուին միջազգային ամէնէն բարձր նշաձողերը նուաճելով: Եթէ ներհայաստանեան մակարդակով Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի եզրակացութիւնը, բողոքարկումներու բացակայութիւնը, բայց մանաւանդ հասարակութեան համոզուածութիւնը բաւարար կը նկատուին ընտրութիւններու աննախընթացութիւնը արձանագրելու, ապա...

Նախագահ Բակօ Սահակեան Փարիզի Մէջ  Հանդիպում Ունեցած Է Ֆրանսա-Արցախ  Բարեկամութեան Շրջանակի Անդամներուն Հետ

Նախագահ Բակօ Սահակեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան Շրջանակի Անդամներուն Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 15 նոյեմբերին Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի խումբ մը անդամներու հետ:  Քննարկուած են Ֆրանսա-Արցախ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններու  զարգացումը կը հանդիսանայ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը` շնորհակալութիւն  յայտնելով շրջանակի անդամներուն երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման ու ընդլայնման ուղղուած ջանքերուն համար: Նախագահ Բակօ Սահակեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում...

Ա. Մինասեան. «Վստահ Եմ` Դաշնակցութիւնը  Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Հետապնդէ Պարտադիր  Կուտակայինի Վերացման Հարցը»

Ա. Մինասեան. «Վստահ Եմ` Դաշնակցութիւնը Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Հետապնդէ Պարտադիր Կուտակայինի Վերացման Հարցը»

«Նախկին իշխանութիւններուն օրով Դաշնակցութիւնը հազարաւոր երիտասարդներու հետ մասնակցեցաւ «Դէմ եմ» շարժման ցոյցերուն` ուղղուած պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգին դէմ:  ՀՅԴ-ն նոյնիսկ Սահմանադրական դատարանին մէջ այդ բողոքը վիճարկեց,  իսկ հետագային  նոր իշխանութիւնը, որ նոյնպէս դէմ էր այդ համակարգին, անորոշ ժամանակով կրկին հաստատեց պարտադիր կուտակային համակարգը»: Այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախկին նախարար, ՀՅԴ-ի անդամ Արծուիկ Մինասեանը` պատասխանելով «այս...

Նիկոլ Փաշինեան Այցելած Է  Մարտական Յենակէտ

Նիկոլ Փաշինեան Այցելած Է Մարտական Յենակէտ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալ, զօրավար-գնդապետ Օննիկ Գասպարեանի ընկերակցութեամբ այցելած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի մարտական յենակէտ եւ զօրավարժարանին մէջ հետեւած ցուցադրական յատուկ մարտավարական յարձակողական զօրավարժութիւններուն: Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի մամլոյ վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Փաշինեան ծանօթացած է սահմանագիծին վրայ առկայ իրավիճակին, այնուհետեւ անոր ներկայացուած...

«Ազդակ-Գաղափարաբանական»  Յաւելուածի Բովանդակութիւնը

«Ազդակ-Գաղափարաբանական» Յաւելուածի Բովանդակութիւնը

Երկուշաբթի օր լոյս կը տեսնէ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծագոյն տեսաբաններէն Երուանդ Ֆրանգեանի ծննդեան 140-ամեակին եւ մահուան 90-ամեակին նուիրուած «Ազդակ-գաղափարաբանական» յաւելուածը: Ստորեւ` յաւելուածին բովանդակութիւնը. - Գաղափարագրութիւնը մամուլ վերադարձնելու մեր փորձը          Շ. Գ. - Ընդդէմ նոր բռնատիրութեան. գաղափարական անապատը կարելի է կանաչ դարձնել  ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ - ՀՅ Դաշնակցութեան պատմափիլիսոփայական աշխարհահայեացքը հիմնաւորած փիլիսոփան եւ տեսաբանը` Երուանդ Ֆրանգեանը - 128-ամեայ երթ մը` իրապաշտ փիլիսոփայութեան ուղիով              ...

Ակնարկ.  Հաշտեցումները` Քրիստոնէական Կղզիի Կայացման Ընդառաջ

Ակնարկ. Հաշտեցումները` Քրիստոնէական Կղզիի Կայացման Ընդառաջ

Լիբանանեան քրիստոնէական քաղաքական դաշտին մէջ արձանագրուած հաշտեցման պատմական հանդիպումը կը թուի վերջ դնել ընտանեկան-քաղաքական հաշուեյարդարի պատճառով քառասնամեայ ամբողջական խզումին եւ թշնամանքին: Համակողմանիօրէն շեշտ կար հաշտեցման գործողութեան մարդկային էութիւնը ընդգծելու` լիբանանեան հանրային կարծիքը համոզելու համար, որ քաղաքական որեւէ գործարքի արդիւնք չէ կատարուածը: Քաղաքական ապաշխարանքի մօտեցումով դրականօրէն ցնցիչ այս եղելոյթը բնականաբար չի  կրնար ապաքաղաքական պարունակներու մէջ չդիտարկուիլ: Քրիստոնէական քաղաքական դաշտի երկու բեւեռներու...

Մուրատ Փափազեան. «Դաշնակցութիւնը Անպաշտօն  Եւ Լրջագոյն Դիւանագիտութիւն,  Ուժ Է` Ի Նպաստ Հայ Ժողովուրդի»

Մուրատ Փափազեան. «Դաշնակցութիւնը Անպաշտօն Եւ Լրջագոյն Դիւանագիտութիւն, Ուժ Է` Ի Նպաստ Հայ Ժողովուրդի»

Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան դերի, ծրագրային եւ գաղափարական առաջնահերթութիւններու մասին «Երկիր» կայքը  զրուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանին հետ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Իբրեւ սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ քաղաքական փորձ ունեցող կուսակցական`  ինչպէ՞ս կը գնահատէք Դաշնակցութեան դերը ապագայ Հայաստանի մէջ: ՄՈՒՐԱՏ ՓԱՓԱԶԵԱՆ.- Դաշնակցութիւնը լաւագոյն ուժն է, որ կրնայ միաւորել Հայաստանն ու սփիւռքը` դէպի Հայաստանի հզօրացում: Դաշնակցութիւնն իր...

Արսէն Համբարձումեան. «ՀՅԴ-ի Որոշումները  Կը Բխին Միայն Ու Միայն Հայութեան  Եւ Հայաստանի Շահերէն»

Արսէն Համբարձումեան. «ՀՅԴ-ի Որոշումները Կը Բխին Միայն Ու Միայն Հայութեան Եւ Հայաստանի Շահերէն»

«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին նախաձեռնած «Հարցեր` դաշնակցականներին» հաղորդաշարը 14 նոյեմբերին հիւրընկալած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը: Զրոյցին ընթացքին Համբարձումեան անդրադարձած է Դաշնակցութեան դէմ հակաքարոզչութեան` նշելով, որ ՀՅԴ-ին դէմ այդ երեւոյթը պարբերաբար կը սանձազերծուի եւ խորքին մէջ չունի որեւէ հիմք: «Պարզապէս բան մը շատ ըսելու պարագային կ՛արմատաւորուի մարդոց գիտակցութեան մէջ, եւ յետոյ անոնց բացատրութիւններ տալու համար երկար ժամանակ...

Արթուր Խաչատրեան. «Մենք Հողին  Եւ Հայուն Համար Կռուող Կուսակցութիւն  Ենք` Արդէն 128 Տարի»

Արթուր Խաչատրեան. «Մենք Հողին Եւ Հայուն Համար Կռուող Կուսակցութիւն Ենք` Արդէն 128 Տարի»

«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին նախաձեռնած «Հարցեր` դաշնակցականներին» կենդանի սփռումին ընթացքին Շիրակի նախկին մարզպետ, գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեանին հարցուցած են. «Ինչո՞ւ  քաղաքացին պէտք է քուէարկէ Դաշնակցութեան օգտին»: Ան պատասխանած է. «Քաղաքացին Դաշնակցութեան օգտին պէտք է քուէարկէ, որովհետեւ մենք հանդէս կու գանք քանի մը հիմնարար սկզբունքներով: Առաջինը հայապահպանութիւնն է. մենք հողին եւ հայուն համար կռուող կուսակցութիւն ենք` արդէն 128 տարի: Մենք...

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Պետական Երաժշտանոցին Եւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան.  «Քեզի համար, Ազնաւո՛ւր» Երաժշտական Բարձրորակ  Յայտագիրը Շարլ Ազնաւուրը Ոգեղէն Ներկայութիւն  Դարձուց Լիբանանի Երաժշտասէր Զանգուածին Մօտ  Եւ Լիբանանը Ազնաւուրացաւ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Պետական Երաժշտանոցին Եւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան. «Քեզի համար, Ազնաւո՛ւր» Երաժշտական Բարձրորակ Յայտագիրը Շարլ Ազնաւուրը Ոգեղէն Ներկայութիւն Դարձուց Լիբանանի Երաժշտասէր Զանգուածին Մօտ Եւ Լիբանանը Ազնաւուրացաւ

Համաշխարհային արուեստի պատմութեան վերազարթօնքին մէջ հայազգի Շարլ Ազնաւուրի ներդրումն ու արժէքը անուրանալի է: Համեստ ընտանիքի մէջ հասակ առած Ազնաւուր, այսօր իր վաստակով համաշխարհային ճանաչում ունի: Սերունդնե՜ր իր երգերով սէր երգած են, իրենց հոգիներուն անդորրութիւն գտած եւ վերջապէս կեանքը սիրած են իր երգերու բառերուն ընդմէջէն ճանչնալով կեանքին արժէքը: Ազնաւուր իր արուեստը նեղ սահմաններու մէջ չէ սահմանափակած, այլ մեծ բաժին յատկացուցած է...

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ-ն Հրապարակեց Համապետական Ընտրական Ցանկը

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ներկայացուցած է դեկտեմբեր 9-ին տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար արձանագրուելու անհրաժեշտ փաստաթուղթերն ու համամասնական եւ տարածքային ցանկերը: Համամասնական ցանկին մէջ ընդգրկուած է 152 հոգի, 22-ը` անկուսակցական: Ցանկը կը գլխաւորէ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը: Ստորեւ կու տանք ցանկին առաջին 20 անունները: Ռուստամեան Արմէն, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Համբարձումեան Արսէն, ՀՅԴ...

Դաշնակցութիւնը Թեր  Կը Քուէարկէ Փոխանցման Պիւտճէին

Դաշնակցութիւնը Թեր Կը Քուէարկէ Փոխանցման Պիւտճէին

2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անունով խօսք առած է խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան. ան դիտել տուած է, որ ստեղծուած է  տարօրինակ իրավիճակ, որուն պատճառը տրուած ինքնանպատակ որոշումն է` ընտրութիւնները դեկտեմբերին կայացնելու վերաբերեալ: «Յայտնուած ենք այնպիսի իրավիճակի մէջ, որ պիւտճէն կը ներկայացնէ կառավարութիւն մը, որուն բոլոր անդամները պաշտօնանկ եղած են եւ պաշտօնակատար են: Պիւտճէն պիտի հաստատէ...

Բենիամին Պչաքճեան. «Չկա՛յ «Ներսի»  Ու «Դուրսի», Դաշնակցութիւնը Մէկ Է»

Բենիամին Պչաքճեան. «Չկա՛յ «Ներսի» Ու «Դուրսի», Դաշնակցութիւնը Մէկ Է»

«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանը 12-25 նոյեմբերին նախաձեռնած է «Հարցեր` դաշնակցականներին» կենդանի սփռումով կատարուող հաղորդաշարին, որուն ընթացքին հիւրը կը պատասխանէ իրեն ուղղուած հարցումներուն: 13 նոյեմբերին հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանը, որ ըսած է, թէ արդէն 128 տարի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայ քաղաքական կեանքի կարեւոր դերակատարն է: Քիչ է ըսել, որ անիկա միայն կուսակցութիւն է. Դաշնակցութիւնը նաեւ հայապահպան մեծ առաքելութիւն...

Հովանաւորութեամբ Ռայի Պատրիարքին`  Ֆրենժիէ Եւ Ժահժահ Պատմական Հաշտութիւն Մը  Կատարեցին` Էհտենի Սպանդէն Չորս Տասնամեակներ Ետք

Հովանաւորութեամբ Ռայի Պատրիարքին` Ֆրենժիէ Եւ Ժահժահ Պատմական Հաշտութիւն Մը Կատարեցին` Էհտենի Սպանդէն Չորս Տասնամեակներ Ետք

Պքերքէ երէկ յետմիջօրէին վկայեց պատմական իրադարձութիւն մը` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հաշտութիւնը, 40 տարուան գժտութենէ ետք: Հիւսիսային Լիբանանի մէջ 13 յունիս 1978-էն ի վեր կոտտացող ցաւը, արիւնող վէրքը եւ տիրող սուգը երէկ աւարտեցան, երբ Ֆրենժիէ եւ Ժահժահ հաշտուեցան` իրարու ձեռք թօթուելով եւ զիրար ողջագուրելով, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուելով իրենց մասին Պքերքէի...

Համագործակցութեան Յուշագիր` Արցախի  Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Եւ Հայկազեան Համալսարանին Միջեւ

Համագործակցութեան Յուշագիր` Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Եւ Հայկազեան Համալսարանին Միջեւ

Նոյեմբեր 14-ին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Հայկազեան համալսարանին միջեւ ստորագրուած է համագործակցութեան յուշագիր: Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ յուշագիրը ստորագրած է արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը, իսկ Հայկազեան համալսարանին` համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը: Յուշագիրով կողմերը պայմանաւորուած են, մասնաւորապէս, անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկել` ապահովելու Հայկազեան համալսարանին մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներու վերապատրաստումը` նպաստելու Արցախի դիւանագէտներու մասնագիտական հմտութիւններու զարգացման:  

Փաշինեան. «Մեր Քաղաքականութիւնը  Ոչ Թէ Աշխատունակ Մարդուն Նպաստ Տալ Է,  Այլ Այդ Օգնութիւնը Աւելի  Թիրախային Տրամադրելը»

Փաշինեան. «Մեր Քաղաքականութիւնը Ոչ Թէ Աշխատունակ Մարդուն Նպաստ Տալ Է, Այլ Այդ Օգնութիւնը Աւելի Թիրախային Տրամադրելը»

Երէկ Ազգային ժողովի հերթական նիստին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կրկին նշած է, որ 2019-ի պիւտճէն թոյլ է, որովհետեւ հիմնուած է յարաչափերու վրայ, որոնք փոխանցուած են նախորդ իշխանութենէն: Ան շեշտած է, որ իրենց պիւտճէական քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցած են շրջադարձային փոփոխութիւններ, եւ զայն կարելի է կոչել աշխատանքը քաջալերելու քաղաքականութիւն, որուն հիմքը աշխատանքը խրախուսելն է: Անոր համաձայն, մինչեւ օրս ընդունուած էր, որ...

Ռուստամեան. «Այլեւս Պիտի Չըլլանք Այն  Համաձայնական Դաշինքներուն Մէջ, Ուր Առանց  Դաշնակցութեան Կրնան Որոշումներ Ընդունիլ»

Ռուստամեան. «Այլեւս Պիտի Չըլլանք Այն Համաձայնական Դաշինքներուն Մէջ, Ուր Առանց Դաշնակցութեան Կրնան Որոշումներ Ընդունիլ»

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ժողովուրդը միշտ ալ կարիքը ունի Դաշնակցութեան, որպէսզի առնուազն զերծ պահէ երկիրը անորոշ ապագայէն, ցնցումներէն: «Այսօր ապագային նկատմամբ անորոշութիւնը շատ մեծ է, եւ ազգային արժէքներու պահպանման իմաստով Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը մեծ է: Ես ըսած եմ` Դաշնակցութեան գոյութիւնը պայմանաւորուած պիտի չըլլայ այս ընտրութիւններուն արդիւնքներով: Դաշնակցութիւնը, անկախ...

Վահագն Աթաբեկեանը Նշանակուած Է Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպան

Վահագն Աթաբեկեանը Նշանակուած Է Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան  հրամանագիր ստորագրած է Սամուէլ Մկրտչեանը Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն յետս կոչելու մասին: Այլ հրամանագիրով մը` Սամուէլ Մկրտչեան նշանակուած է Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան: Հայաստանի նախագահի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախագահի այլ հրամանագիրով մը Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած է Վահագն Աթաբեկեան:  

ԵԱՀԿ-ն Հայաստանի Մէջ Լայնածաւալ  Դիտորդական Առաքելութիւն Պիտի Ունենայ

ԵԱՀԿ-ն Հայաստանի Մէջ Լայնածաւալ Դիտորդական Առաքելութիւն Պիտի Ունենայ

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ)` 9 դեկտեմբեր 2018-ին տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութեան հիմնական կազմը: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբէն կը տեղեկացնեն,  որ ողջունելով պատուիրակութեան անդամները` Տիգրան Մուկուչեան ընդգծած է ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան կարեւորութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին: Բարձր գնահատելով դիտորդական առաքելութիւններու դերն ու նշանակութիւնը ընտրական օրէնսդրութեան կատարելագործման...

Page 525 of 797 1 … 524 525 526 … 797

Արխիւներ