Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ողջունած Է Քայլը
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 15 յունուարին ստորագրած է ցեղասպանութիւններու եւ վայրագութիւններու կանխարգիլման մասին Էլի Վիզելի հռչակագիրը: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունած է այս քայլը:
Այս մասին կը տեղեկացնէ յանձնախումբի պաշտօնական կայքը:
Էլի Վիզելի հռչակագիրը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղուած աննախադէպ օրէնք է, որ մեծամասնութեամբ ընդունած են Ծերակոյտն ու Սպիտակ տունը: Օրէնքը օրինական ուժ կու տայ նախորդ, այդ կարգին Օպամայի վարչակազմի ձեռնարկած քայլերուն եւ կը կանոնակարգէ նոր վայրագութիւններն ու ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու ուղղուած յստակ քաղաքականութիւն եւ գործընթացներ:
«Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ Թրամփի` ցեղասպանութիւններու եւ վայրագութիւններու կանխարգիլման մասին հռչակագիրի ստորագրութիւնը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ օրէնսդիրներուն, որոնք առաջնորդած եւ աջակցած են ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման նախաձեռնութեան ընդունման համար», ըսած է յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Ան նաեւ նշած է, որ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ամերիկահայ ժառանգները յատկապէս ուրախ են տեսնել, թէ ինչպէ՛ս նման քայլեր կը ստանան օրէնքի ուժ, որ կը խօսի բարոյական հրամայականի մասին` ընդունելու նախկին ցեղասպանութիւններու դասերը` ձգտելով կանխել նոր վայրագութիւնները:


