Երկուշաբթի, 14 յունուար 2019-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նշանակման առիթով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յատուկ նամակով մը շնորհաւորեց զինք: Վեհափառ հայրապետը իր նամակին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Լիայոյս ենք, որ թաւշեայ յեղափոխութեան նպատակներն ու մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնները պիտի արդարացնէք ժողովրդանուէր ու հայրենակերտ ծրագիրներու մշակումով ու իրագործումով»:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը նաեւ շնորհաւորեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի ընտրութիւնը: