Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը կը մնայ կալանքը. Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը որոշում տուաւ բաւարարել Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ քննչական ծառայութեան միջնորդութիւնը եւ երկու ամիսով երկարաձգել Քոչարեանի կալանքի ժամկէտը:
Նշենք, որ Քոչարեանի պաշտպանները կալանաւորումը գրաւով փոխարինելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը ներկայացուցած էին 26 դեկտեմբերին` գրաւի չափը ձգելով դատարանի հայեցողութեան:



