Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովը Արցախի մէջ կազմակերպելը խորհրդանշական իմաստ ունի, քանի որ մեր նորօրեայ անկախութեան պատմութիւնը եւ անոր հետեւած գործընթացները սկսած են Արցախէն:
Այս մասին «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան` մանրամասնելով, որ այսօր շատ լուրջ մարտահրաւէրներ կան` թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին առումներով:
«Նորէն մեր դիտակէտը, որմէ բոլորին պէտք է նայինք եւ լուծումներ գտնենք, Արցախն է: Ասիկա հիմնականին մէջ պէտք է նկատի ունենալ: Վստահաբար, ճիշդ պիտի չըլլար նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը մեր երկրորդ հայկական հանրապետութեան` Արցախի մէջ, Ընդհանուր ժողով գումարած չըլլար: Ասիկա առաջին անգամն է, երբ իր բարձրագոյն ժողովը, պատասխանատու եւ վճռական պահուն կուսակցութիւնը կ՛որոշէ գումարել Արցախի մէջ: Ասիկա նաեւ պատգամ է` թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին առումներով: Մեր բոլոր ուժերը ներդրած ենք` ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի միացման ու մեր անվտանգութեան միասնական համակարգի ձեւաւորման: Այսօր նորէն այդ ընթացքը պէտք է կարեւոր նկատուի, եւ ասիկա ամէնէն գլխաւոր ազդակն է», աւելցուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչը:
Արմէն Ռուստամեան անդրադարձած է նաեւ կուսակցութեան հետագայ գործունէութեան խորհրդարանէն դուրս` ընդգծելով, որ տակաւին խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ իրենք նշած էին, որ կուսակցութեան հետագայ գործունէութիւնը պայմանաւորուած պիտի չըլլայ Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած ըլլալու հանգամանքով:



