ԶՈՄ-ի Կեդրոնի Մէջ Ուսանողական Հանդիպում Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Դիմումներու Ընդունման Պատուիրակութեան Հետ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, երեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին արեւելում-ներկայացում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դիմումներու ընդունման պատասխանատուներ Տաթեւիկ Օրտինեանի եւ Յաբէթ Մատոյեանի հետ, «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին ներկայ եղան մեծ թիւով ուսանողներ, դպրոցական աշակերտներ եւ ծնողներ: «Դէպի երկիր» կարգախօսին ներքեւ, հանդիպման հիմնական նպատակն էր քաջալերել հայ ուսանողը իր բարձրագոյն ուսումը շարունակելու հայրենիքին մէջ:...




















