Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովը Արցախի մէջ գումարելը պատգամ է բոլորին, քանի որ ունինք ներքին ազգային միասնականութեան խնդիր:
Այս մասին «Արցախփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանը: «Բնականաբար, ընթացքին պէտք է քննարկուին նաեւ այլ հարցեր: Ընդհանուր ժողովին կը մասնակցին նաեւ հրաւիրեալներ սփիւռքէն, քանի որ վերջինիս մասնակցութիւնը արցախեան շարժումին կարեւորութեամբ շեշտուած է եւ եղած անփոխարինելի այն իմաստով, որ կատարուած է կարելին Արցախին աջակցելու հարցով: Սփիւռքի գլխաւոր դերակատարութիւնը այն է, որ Արցախի հարցը կը բարձրացուի արտերկրի մէջ: Սակայն կը կարծեմ, որ արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ դրական տեղաշարժներ տեսնելու հիմքեր առայժմ չկան, քանի որ Ազրպէյճանը կը շարունակէ իր նոյն բացասական խափանարար կեցուածքը: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով պայմանաւորուած` Ազրպէյճանը կը փորձէ ինչ որ ձեւով քարոզչական դիւանագիտական տեսանկիւնէն ներկայանալ, սակայն երբ լրջանայ պահը, եւ ըլլան բանակցութիւններ, մենք կը տեսնենք Ազրպէյճանի բացասական դերակատարութիւնը, ինչ որ ալ հիմք կու տայ ըսելու, որ, դժբախտաբար, 2019-ին դրական տեղաշարժներ պիտի չըլլան», նշած է Կ. Մանոյեան:



