Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին վերանշանակուելուն առիթով Իրանի, Ղազախստանի եւ Վրաստանի նախագահներ Հասան Ռուհանի, Նուրսուլթան Նազարպայեւ եւ Սալոմէ Զուրապիշվիլի շնորհաւորական ուղերձներ յղած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
Շնորհաւորական ուղերձներուն մէջ նշուած երկիրներու նախագահները վարչապետ Փաշինեանին մաղթած են յաջողութիւն Հայաստանի ներքին կեանքի եւ արտաքին յարաբերութիւններու զանազան մարզերուն մէջ, իսկ Հայաստանի ժողովուրդին` բարեկեցութիւն, խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում: