Գլխաւոր լուրեր

Սպարտակ Սէյրանեան. «Հասարակական  Կարծիքի Ձեռնածութիւնը Երբեմն Կ՛իրականացուի  «Ընկերաբանական Հետազօտութիւն» Անուան Տակ»

Սպարտակ Սէյրանեան. «Հասարակական Կարծիքի Ձեռնածութիւնը Երբեմն Կ՛իրականացուի «Ընկերաբանական Հետազօտութիւն» Անուան Տակ»

«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Հարցեր` դաշնակցականներին» հաղորդման ժամանակ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Սպարտակ Սէյրանեանը, խօսելով այս օրերուն ընկերաբանական հարցումներու արդիւնքներ հրապարակող կազմակերպութիւններու մասին, ըսաւ, թէ քաղաքական կեանքի անբաժան մասը դարձած է ընտրութիւններու շեմին հանրային կարծիքը ձեռնածութեան ենթարկելը: Եւ այդ ամէնը կը մատուցուի «ընկերաբանական հետազօտութիւններ» անուան տակ: Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կը հրապարակենք հետագային:  

«Պզտիկ-Մզտիկ»-Ի «Անսխալ Գրենք» Մրցումը  Տեղի Ունեցաւ Հայկական Վարժարաններու  Աշակերտներուն Մասնակցութեամբ

«Պզտիկ-Մզտիկ»-Ի «Անսխալ Գրենք» Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Հայկական Վարժարաններու Աշակերտներուն Մասնակցութեամբ

Կիրակի, 25 նոյեմբեր 2018-ին,  «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը դարձեալ ժամադրավայրը եղաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան «Պզտիկ-Մզտիկ» յաւելուածի խմբագրական կազմին կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին: Կարծես տօնական մթնոլորտ մը ըլլար, աշակերտները իրենց ծնողներուն հետ անհամբեր կը սպասէին սրահ մուտք գործելու: Դ. դասարանի աշակերտները արդէն ճշդուած ժամէն առաջ եկած էին` ապրելու համար իրենց առաջին փորձառութիւնը: Պէտք է նշել, որ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին կազմակերպած եւ աւանդութիւն դարձած...

Խմբագրական.  Նոր Հայաստանին Անհրաժեշտ Է Բազմակուսակցական Խորհրդարան

Խմբագրական. Նոր Հայաստանին Անհրաժեշտ Է Բազմակուսակցական Խորհրդարան

Նախընտրական քարոզարշաւի շէմին` կատարուած համակողմանի յայտարարութիւններուն եւ հարցազրոյցներուն հետեւելով որոշ դիտարկումներ կարելի է արձանագրել յատկապէս նոր իրավիճակի հետ առնչուած ընտրական նոր մշակոյթի կայացման առաջադրանքի լոյսին տակ: Կը թուի, որ ընդհանուր ընկալում գոյացած է, որ գործադիր իշխանութիւնը նաեւ պիտի ունենայ կայուն մեծամասնութիւն օրէնսդիր ժողովին մէջ: Քաղաքագիտական հասկացողութեամբ շրջուած գործընթացն է, որ կ՛աշխատի: Ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած խորհրդարանը եւ այնտեղ մեծամասնութիւն ներկայացնող...

Հրանդ Մարգարեան. «Թոյլ Չենք Տայ,  Որ Ղարաբաղով Գին Վճարուի Քաղաքական  Ուղղութիւն Փոխելու Համար»

Հրանդ Մարգարեան. «Թոյլ Չենք Տայ, Որ Ղարաբաղով Գին Վճարուի Քաղաքական Ուղղութիւն Փոխելու Համար»

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի` «Արարատ» պատկերասփիւռի կայանի «Հարցազրոյց» հաղորդաշարին տուած հարցազրոյցին ամբողջական սղագրութիւնը կու տանք ստորեւ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնների եւ արտաքին սպառնալիքների մասին ենք այսօր խօսելու: Մեր հիւրը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանն է: Մի քանի օր է մնացել քարոզարշաւին, ի՞նչ նախապատրաստական աշխատանքներ են ընթանում Դաշնակցութիւնում եւ ի՞նչ մարտավարութիւն էք ընտրելու այս իւրօրինակ քարոզարշաւի եւ ընտրութիւնների...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Նախանցեալ օր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որ ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ: Միացեալ Նահանգների կողմից Իրանի նկատմամբ նոր պատժամիջոցների կիրառումը Հայաստանի Հանրապետութիւնում նոր բարդութիւններ եւ խտրական հարցեր է առաջացրել ծնունդով Իրանից Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների համար: Վերջին օրերի ընթացքում Հայաստանի մի շարք դրամատուներ պահանջում են վերոնշեալ քաղաքացիներից` փակել իրենց անձնական դրամատնային հաշիւները: Ըստ էութեան` չի ապահովւում Հայաստանի Հանրապետութեան...

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի  Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահը

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանը, որ լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց համալսարանին եւ անոր ապագայ ծրագիրներուն մասին: Հայաստանի մէջ ամերիկեան համալսարանը իր մակարդակով կարեւոր հաստատութիւն է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ սփիւռքի հայ ուսանողներուն համար: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի ուսանողներուն Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ բարձրագոյն կրթութիւն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սփիւռքի Վերակազմակերպումը  Հրամայական Է. Այս Գործընթացը Կը Սկսի Կիլիկեան  Թեմերու Վերակազմակերպումով

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սփիւռքի Վերակազմակերպումը Հրամայական Է. Այս Գործընթացը Կը Սկսի Կիլիկեան Թեմերու Վերակազմակերպումով

Արամ Ա. կաթողիկոս վերջին Ազգային ընդհանուր ժողովին ուղղած իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականը: Անդրադառնալով Հայաստան-սփիւռք համաժողովին իր կատարած հաստատումին, թէ Հայաստանը կը պարպուի եւ սփիւռքը կը մաշի, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «հաւաքական ճիգով թոյլ պէտք չէ տանք, որ ո՛չ Հայաստանը պարպուի եւ ո՛չ ալ սփիւռքը մաշի: Սա մեր դիմաց գտնուող մեծագոյն մարտահրաւէրն է», կոչ ուղղելով սփիւռքին սկսելու...

Խմբագրական.  Անկախութեան Գաղափարի Գերադասման Համար  Կազմել Կառավարութիւնը

Խմբագրական. Անկախութեան Գաղափարի Գերադասման Համար Կազմել Կառավարութիւնը

Այս օրերուն դժուար է առանց բացասական երանգներ հաղորդելու խօսիլ Լիբանանի անկախութեան մասին: Քաղաքացիական համատարած դժգոհութիւնը` ելեկտրականութեան անլոյծ մնացած հարցերէն, մինչեւ ջուրի տագնապ, մինչեւ արտակարգ խճողում, սղաճ եւ կենսամակարդակի կտրուկ նուազում, անցնելով տարբեր ոլորտներու ենթակառուցուածքային խնդիրներու ձգձգում ու առկախում, կը շարունակեն մութին մէջ պահել լիբանանեան հորիզոնը, հեռանկարը: Հարցերը հիմնովին փոխկապակցուած են: Կառավարութեան կազմութեան ոդիսականը, մէկ հանգոյցի լուծումին յաջորդող նոր հանգուցաւորումը արդէն...

Հրանդ Մարգարեան. «Դաշնակցութիւնը  Ստեղծուած Է Հայ Ժողովուրդի  Անվտանգութեան Եւ Զարգացման Համար»

Հրանդ Մարգարեան. «Դաշնակցութիւնը Ստեղծուած Է Հայ Ժողովուրդի Անվտանգութեան Եւ Զարգացման Համար»

«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին նախաձեռնած «Հարցեր` դաշնակցականներին» հաղորդաշարը 20 նոյեմբերին հիւրընկալած է  ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը: «Ժամանակի հետ փոփոխութիւն ապրել ենք, բայց դա մեր էութեան հետ չի առնչուել», ըսած է ան` նշելով, որ Դաշնակցութիւնը ստեղծուած է, որպէսզի հայ ժողովուրդը կարենայ անվտանգ ապրիլ ու զարգանալ: «Այդ առումով մեր սկզբունքը չի փոխուել, մեր էութիւնը չի փոխուել, բայց, բնականաբար, ժամանակներն են փոխուել,...

Ժողովուրդն Է Աղբիւրը  Անկախութեան Եւ Ազատութեան

Ժողովուրդն Է Աղբիւրը Անկախութեան Եւ Ազատութեան

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Համաժողովրդային ցնծութեամբ չէ, որ Լիբանան այսօր կը դիմաւորէ անկախութեան 75-ամեակը: Ընդհանուր դժգոհութեան, յուսաբեկութեան, անտարբերութեան թէ կեղծիքի մթնոլորտ կը տիրէ ամէնուրեք: Լիբանանցի ժողովուրդին համար այսօր փտածութիւնը, ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապը, տնտեսական անհեռանկար իրավիճակը, կենսոլորտային խնդիրը, խճողումը, եւ դեռ ազատութիւններու որոշակի կաշկանդումները գերակշիռ դարձած են, քան երկրի անկախութեան տօնը եւ պաշտօնական մակարդակի վրայ կազմակերպուած տօնախմբութիւնները, զինուորական տողանցքը, յուշարձանի կանգնեցումը, ծաղկեպսակներու...

Առաջնորդական Պատգամ` Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով

Առաջնորդական Պատգամ` Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Սիրելի՛ լիբանանցիներ, Անկախութիւնը հաւաքականութիւններու գոյութիւնը երաշխաւորող եւ ընկերութեան զարգացման նպաստող էական արժէք է, որուն պահպանումը կ՛ենթադրէ հաւաքական պատասխանատուութիւն եւ ազգային գիտակցութիւն: Լիբանանի ժողովուրդը անկախութեան տէր կանգնելու համար նահատակներ տուած է` դէմ յանդիման կանգնելով Օսմանեան կայսրութեան եւ այլ հաւաքականութիւններու անմարդկային ոճիրներուն եւ ճնշումներուն: Անկախութիւն մը, որուն գինը լիբանանցիները շատ սուղ վճարած են, եւ որուն պատմական արժէքը...

Խմբագրական.  Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախի  Հանրապետութիւն Ռազմաքաղաքական  Փոխօգնութեան Դաշինք

Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախի Հանրապետութիւն Ռազմաքաղաքական Փոխօգնութեան Դաշինք

Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի նախագահի յայտարարութիւնը, թէ հրատապ նշանակութիւն կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքը, վերլուծական ենթադրութիւններու դուռ կը բանայ, թէ ինչո՛ւ այս փուլին է, որ Ստեփանակերտը հրատապ կը նկատէ այս համաձայնագիրի կնքումը: Նախ պէտք է արձանագրել, որ այս համաձայնագիրին ուղղութեամբ ամէն ակնարկ կը յիշեցնէր, որ իրաւապայմանագրային տեսքի կը բերուէր այս ձեւով այն առաջադրանքը, որ կը բանաձեւէր,...

Փաշինեանը` Ի Պատասխան Պիելոռուսիոյ.  «Այնպիսի Յարաբերութիւններ, Որոնց Իրենք  Սովոր Են, Հայաստանի Հետ Պիտի Չըլլան»

Փաշինեանը` Ի Պատասխան Պիելոռուսիոյ. «Այնպիսի Յարաբերութիւններ, Որոնց Իրենք Սովոր Են, Հայաստանի Հետ Պիտի Չըլլան»

Մեր միջազգային գործընկերները պէտք է արձանագրեն մէկ բան` այնպիսի յարաբերութիւններ, որոնց իրենք սովոր են տեսնել, Հայաստանի հետ պիտի չըլլան. Գաւառի մէջ համայնքապետներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը` անդրադառնալով Պիելոռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն: Անոր համաձայն, մենք լուռումունջ համակերպողի դերին մէջ պիտի չըլլանք: «Այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ շատերը կ՛ուզեն, կը փորձեն կամ պիտի փորձեն մեզի հետ վերաբերիլ...

Արմէն Ռուստամեան. «Արտաքին  Քաղաքականութիւնը  Շատ Նուրբ Արուեստ Է, Այդտեղ Ամէն  Մէկ Խօսք Պէտք Է Ձեւել-Չափել»

Արմէն Ռուստամեան. «Արտաքին Քաղաքականութիւնը Շատ Նուրբ Արուեստ Է, Այդտեղ Ամէն Մէկ Խօսք Պէտք Է Ձեւել-Չափել»

Արտաքին քաղաքականութիւնը շատ նուրբ արուեստ է, եւ այդտեղ ամէն մէկ խօսք պէտք է ձեւել-չափել. Ազգային ժողովի ճեպազրոյցներու ժամուն երէկ յայտարարեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը` անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին: Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ տեսակէտ կայ, որ հին բռնատէրները իրենց փակ ակումբին մէջ չեն հանդուրժեր նոր մարդու` Փաշինեանի ներկայութիւնը, եւ պատասխանելով այն հարցումին, թէ կա՞յ հաւանականութիւն, որ Հայաստանը...

Բակօ Սահակեան Լոս Անճելըսի Մէջ  Հանդիպած Է Հայ Օգնութեան  Միութեան Անդամներուն Հետ

Բակօ Սահակեան Լոս Անճելըսի Մէջ Հանդիպած Է Հայ Օգնութեան Միութեան Անդամներուն Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 18 նոյեմբերին Լոս Անճելըսի մէջ այցելած է Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւն եւ հանդիպում ունեցած միութեան անդամներուն հետ` ատենապետուհի Սիլվա Փոլատեանի գլխաւորութեամբ: Այս մասին տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ արծարծուած են Արցախի պետականաշինութեան, ընկերային-տնտեսական զարգացման, շրջանային հոլովոյթներուն, հայրենիք-սփիւռք կապերուն առնչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը հինգշաբթի, 29 նոյեմբեր 2018-ին կը կազմակերպէ իր տարեկան դրամահաւաք-ռատիոթոնը, որ այս տարի կ’ընթանայ «Փոխե՛նք ներկան` կերտելու ապագան» կարգախօսով: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերջին ամիսներուն անցաւ դժուար փուլէ եւ հիմա պատրաստ է նորովի ներկայանալու համահայկական ընտանիքին: Անցնող ամիսներուն հիմնադրամի համաշխարհային կառոյցի հաշուարկները հաշուապահական միջազգային ընկերութիւններու կողմէ ենթարկուեցան մանրակրկիտ քննութիւններու` ստուգելու որեւէ հաւանական չարաշահում: Սակայն մասնագիտական...

Հայաստանի Նախագահը Հանդիպում  Ունեցած Է Իտալիոյ Նախագահին Հետ

Հայաստանի Նախագահը Հանդիպում Ունեցած Է Իտալիոյ Նախագահին Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Իտալիա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում  ունեցած է Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու  հետ կապերու վարչութենէն: Նախագահները քննարկած են հայ-իտալական կապերու  սերտացման վերաբերող հարցեր: Նշուած է, որ բարձր մակարդակով փոխադարձ այցելութիւնները էապէս կը նպաստեն երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման եւ նոր թափ  կը հաղորդեն բարեկամ...

Արթուր Խաչատրեան. «Իշխանութիւնը  Պատասխանատու Է Բոլորին Համար»

Արթուր Խաչատրեան. «Իշխանութիւնը Պատասխանատու Է Բոլորին Համար»

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցիլը ՀՅԴ-ի համար դժուար որոշում չէ եղած, որովհետեւ չմասնակցիլ կը նշանակէ պարտուիլ: «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեանը, որ ՀՅԴ-ի նախընտրական ցուցակի 3-րդ թիւն է: Ան նշեց, որ ներկայիս չ՛աշխատիր, որեւէ պաշտօն եւ պահեստային պիզնես չունի: «Կ՛ուզէի, որ նոր Ընտրական օրէնսգիրքը ընդունուէր, եւ քաղաքական ուժերուն ժամանակ տրամադրուէր, որ յարմարէին...

Արծուիկ Մինասեան. «ՀՅԴ-ն, Անկախ Ընտրութեան  Արդիւնքներէն, Պիտի Չդադրի Հայ  Ժողովուրդին Կուսակցութիւնը Ըլլալէ»

Արծուիկ Մինասեան. «ՀՅԴ-ն, Անկախ Ընտրութեան Արդիւնքներէն, Պիտի Չդադրի Հայ Ժողովուրդին Կուսակցութիւնը Ըլլալէ»

Մենք, առնուազն իմ գնահատումով, կը յաւակնինք բաւական լաւ  ձայներու, քանի որ խորհրդարանը առանց Դաշնակցութեան  պատկերացնելը, կը կարծեմ, որ անկարելի է: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեան` անդրադառնալով արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի յաղթանակի առիթներուն: «Պատմութեան ընթացքին ալ սխալ կ՛ըլլայ, որ 128-ամեայ քաղաքական ուժը, որ շատ երկիրներու մէջ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունի, ներկայացուած...

Նախագահ Բակօ Սահակեանը Քննարկած Է  «Թելեթոն 2018»-ի Ընթացքը

Նախագահ Բակօ Սահակեանը Քննարկած Է «Թելեթոն 2018»-ի Ընթացքը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 նոյեմբերին Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում ունեցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ` կառոյցի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի գլխաւորութեամբ: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ քննարկուած են «Թելեթոն 2018»-ի ընթացքին եւ Արցախի շարք մը  ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան եւ...

Page 524 of 797 1 … 523 524 525 … 797

Արխիւներ