Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Ապու Տապիի Գահաժառանգին Հետ

January 16, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երկուշաբթի, 14 յունուարին պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

Նոյն օրը, նախագահը ընդունուեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ ալ Նահեանի կողմէ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` նախագահ Սարգսեան գահաժառանգին յայտնեց. «Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու յարաբերութիւնները սկիզբ առած են ձեր հօր, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու լուսահոգի նախագահ շէյխ Զայէտ պըն Սուլթան ալ Նահեանի օրով: Մեզի համար շատ թանկ են մեր երկիրներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւնները, եւ մենք պատրաստ ենք զանոնք առաւելագոյնս զարգացնելու ու ընդլայնելու»:

Հանդիպումի ընթացքին նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ գահաժառանգ շէյխը քննարկեցին հայ-էմիրաթական յարաբերութիւնները եւ առեւտրական, տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան ներկայ ընթացքը:

Ընդգծելով առեւտրական, տնտեսական մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող մեծ ներուժը` նախագահ Սարգսեան հեռանկարային նկատեց համագործակցութեան կարելիութիւնները յատկապէս գիւղատնտեսութեան, վերականգնուող ուժանիւթի, քիմիական արդիւնաբերութեան, տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցութեան արհեստագիտութեանց մարզերուն մէջ:

Նշելով, որ Հայաստան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը նկատէ կարեւոր հանգոյց դէպի Ծոցի շրջան եւ այլ երկիրներ` նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստան իր կարգին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու համար կամուրջ կրնայ դառնալ դէպի ԱՊՀ-ի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներ ու շուկաներ:

Նախագահ Սարգսեան եւ շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ ալ Նահեան խօսեցան նաեւ մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան ու զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան մեծ ներուժին մասին:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանի Վարչապետ Նշանակումը

Յաջորդը

ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովը Պիտի Գումարուի Արցախի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.