Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու տիկին Նունէ Սարգսեանը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ այցելած են Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցի: Այդ մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու բաժինը:
Անոնք ծաղիկներ զետեղած են եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին եւ յարգանքի տուրք մատուցած անմեղ զոհերու յիշատակին:
Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած գոհաբանական աղօթքէն ետք Հայաստանի նախագահը «Արա Խանոյեան» կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ հանդիպում ունեցած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
«Մէկ տեղ հաւաքուած է ամէն ինչ` հայկական պետականութիւնը իր դրօշով եւ զինանշանով, Հայ առաքելական եկեղեցին եւ, վստահաբար, մեր ապագան` դպրոցը», ըսած է նախագահ Սարգսեանը` շնորհակալութիւն յայտնելով հայ համայնքին միասնականութեան, նուիրուածութեան, հայրենասիրութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանութեան համար: «Կ՛ուզէի ձեզի հետ միասին ապրիլ այն օրը, երբ մենք կը մոռնանք «սփիւռք» բառն ու բոլորս հայաստանցի ըլլանք: Բոլորիս կիզակէտը ի վերջոյ հայրենիքն է, սակայն կ՛ուզեմ ձեզի հետ կիսուիլ նաեւ այլ մտքով մը:
«Այն փաստը, որ մենք կ՛ապրինք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, սփռուած ենք աշխարհի տարբեր մասերով, գուցէ ոչ թէ թերութիւն է, այլ ընդհակառակն` առաւելութիւն է, որովհետեւ մենք աշխարհի այն քիչ ժողովուրդներէն ենք, որոնք կրնան շատ յստակ ըսել, որ մենք փոքր պետութիւն ենք կամ նոյնիսկ ունինք երկու փոքր պետութիւն, բայց համաշխարհային ազգ ենք` իրարու հետ շատ սերտ կապուած: Մենք ստեղծած ենք 21-րդ դարու փոքրիկ տիպարը, որովհետեւ 21-րդ դարուն ամբողջ աշխարհը, աշխարհի բնակչութիւնը, անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կ՛ապրի` Աւստրալիայէն մինչեւ Ռուսիա, Եւրոպայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, պիտի ապրի իբրեւ մէկ ընդհանուր ընտանիք` մարդկութեան ընտանիք:
«Ես կը կարծեմ, որ մեր ազգը 21-րդ դարու ազգ է, որովհետեւ 21-րդ դարուն շատ արժէքներ պիտի փոխուին, 21-րդ դարուն հզօր պիտի ըլլայ ոչ թէ այն ազգը կամ պետութիւնը, որ պիտի ունենայ շատ մեծ բնական հարստութիւն, այլ այն ազգը, որ պիտի կարենայ փոքր տարածքի մէջ փոքր ուժերը միաւորել, այն ազգը, որ պիտի կարենայ իր մտաւոր ունակութիւնները ի մի բերել, ծառայեցնել հայրենիքին: Կը կարծեմ` այս բոլորը մենք ունինք, աւելի՛ն, ես կը հաւատամ, որ մենք Աստուծոյ ընտրեալ ազգ ենք: Մենք ազգ ենք, որ Աստուծոյ ընտրութեամբ անցած է ամէնէն դժուար փորձութիւններով, տեսած է աշխարհի ամէնէն վատ դժոխքը` Եղեռնը: Բայց այսօր ո՛չ միայն կանք, ո՛չ միայն գոյութիւն ունինք, այլեւ ուժեղ ենք, հզօր: Մենք յաղթող ժողովուրդ ենք: Յաջորդ յաղթանակները տակաւին պիտի ըլլան, եւ այդ յաղթանակները պիտի ըլլան ո՛չ միայն պատերազմի դաշտին, այլեւ մեր ազգային շահերու, պետականութեան բոլոր մարզերուն մէջ
«Այս երեք-չորս օրուան ընթացքին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ իմ իւրաքանչիւր հանդիպումի ընթացքին ես մէկ գնահատական լսած եմ հայերուն մասին` ազնիւ, աշխատասէր, նուիրեալ, բարի, հայրենասէր մարդիկ, որոնք այսօր սփռուած ըլլալով աշխարհի մէջ, աշխարհի բոլոր կէտերէն կրնան հայրենիք բերել իրենց գիտելիքը, կարելիութիւնները, կապերը, ցանկութիւնն ու աշխատանքը:
«Մենք Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ ենք եւ յաղթելէ ու յաջողելէ բացի այլ ճամբայ չունինք», ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեան:




