Բազմաթիւ լրատուամիջոցներէ հարցումներ ստացուած են ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի ընթացքի եւ երկար տեւելու վերաբերեալ: Այդ հարցումներուն պատասխանելու համար կը տեղեկացնենք, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր բարձրագոյն ժողովին, կը քննարկէ մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն, սփիւռքին վերաբերող բազմաթիւ հարցեր եւ կու տայ որոշումներ, որուն աւարտին կ՛ընտրուի ՀՅԴ Բիւրօ: Ժողովի ընթացքի մասին պատկերացում կազմելու համար, կը հրապարակենք Ընդհանուր Ժողովի օրակարգը:
ՕՐԱԿԱՐԳ`
ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 33-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ
(16-24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 թ., ԱՐՑԱԽ)
Ա.- ԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՈՒՄ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ
Ա.1.- Բացում ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի
Ա.2.- Առժամեայ դիւանի ընտրութիւն
Ա.3.- ՀՅԴ Բիւրոյի զեկուցում` 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի կազմի մասին
Ա.4.- Լիազօրագիրներու ստուգում եւ Ժողովի կազմի հաստատում
Ա.5.- Մնայուն դիւանի ընտրութիւն
Ա.6.- Օրակարգի հաստատում
Ա.7.- Յանձնախումբերու ընտրութիւն
– Բանաձեւի
– Հաշուեքննիչ եւ պիւտճէ
– Արխիւային
– Դատական
– Քուէախոյզ
Բ.- ԲԻՒՐՈՅԻ ՔԱՌԱՄԵԱՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ
Բ.1.- Բիւրոյի քառամեայ գործունէութեան տեղեկագիրի եւ հաշուեկշիռի ընթերցում եւ լուսաբանական հարցումներ
Բ.2.- Բիւրոյի քառամեայ գործունէութեան քննարկում
Բ.3.- Հաշուեքննիչ եւ արխիւային յանձնախումբերու զեկուցումներու ներկայացում
Բ.4.- Բիւրոյի քառամեայ գործունէութեան մասին բանաձեւ
Գ.- ՀՅԴ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒՂԵԳԻԾ ԵՒ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
Գ.1.- ՀՅԴ ռազմավարական առաջադրանքներ եւ սկզբունքներ
Գ.2.- ՀՅԴ քաղաքական գործունէութիւնը եւ դիրքորոշումները արտաքին ճակատի վրայ.
ա.- Միջազգային եւ տարածաշրջանային քաղաքական կացութեան քննարկում.
բ.- Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման հարցերու հետապնդում, Թուրքիա
գ.- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան աջակցութիւն եւ շահերու հետապնդում (Թուրքիա, Ռուսիա, ԱՊՀ, ՀԱՊԿ, Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ, Իրան, այլ պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ)
դ.- ԼՂՀ-ի արտաքին կապերու աջակցութիւն եւ միջազգային ճանաչման հետապնդում (Ազրպէյճան եւ առնչակից այլ պետութիւններ)
ե.- Վրաստան
զ.- Նախիջեւան
է.- Միջին Արեւելք. հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցեր
ը.- Քրտական եւ այլ շարժումներ
թ.- Ընկերվար միջազգայնական եւ ընկերվարական այլ կառոյցներ, շարժումներ
ժ.- Հայ դատի գրասենեակներ եւ գործնական աշխատանքներ
Գ.3.- ՀՅԴ քաղաքական ուղղութիւնը եւ դերակատարութիւնը ներազգային ճակատի վրայ
ա.- Ներազգային կացութեան գնահատում եւ քննարկում.
բ.- Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ (քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական)
գ.- Արցախի Հանրապետութեան մէջ (ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական)
դ.- Ջաւախք
ե – Թուրքիոյ եւ Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող հայութիւն
զ.- Սփիւռքի մէջ` դասական եւ նոր (ազգային, քաղաքական եւ հասարակական)
է.- Ուղեկից կազմակերպութիւններ
ը.- Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցի եւ յարանուանութիւններ
թ.- Հայկական այլ կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ
Դ.- ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ
Դ.1.- Կազմակերպական ընդհանուր վիճակ, հարցեր եւ ընելիքներ
Դ.2. Շրջաններու քառամեայ գործունէութեան ներկայացում, քննարկում եւ բանաձեւ
Դ.3.- ՀՅԴ ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններ
Դ.4.- Կառուցային եւ կանոնագրային հարցեր
Ե.- ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ԵՒ ԱՅԼ
Ե.1.- Ընդհանուր արժեւորում եւ քարոզչական քաղաքականութիւն
ա.- ՀՅԴ Մամուլ, հեռուստատեսութիւն, համացանցային եւ քարոզչութեան այլ միջոցներ
բ.- ՀՅԴ Արխիւ, Գրադարան, Թանգարան, հրատարակութիւններ, «Հ. Մարուխեան» հիմնադրամ
Զ.- ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ
Զ.1.- Տնտեսական վիճակի ընդհանուր գնահատում եւ լուծումներ
Զ.2.- Բիւրոյի քառամեայ պիւտճէ
Է.- ԴԱՏԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ
Ը.- ԱՅԼ ՀԱՐՑԵՐ
Թ.- ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ
Ժ.- ՓԱԿՈՒՄ ՀՅԴ 33-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ
ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
22 յունուար 2019