«Տիեզե՛րք, գլուխ խոնարհի՛ր հայ նահատակութեան առաջ,
Նա քաւութեան նոխազ եղաւ քո ոճիրների համար»
Աւետիք Իսահակեան
Եղեռն ու վերածնունդ … Ինչպիսի՜ հակադրութիւն մը ո՛չ միայն հասկացողութեան, այլ նաեւ իրողութեան: Առաջինը իբրեւ ահաւոր չարիք, որ արդէն անցեալ է, իսկ երկրորդը` վերածնունդը, որուն ուղիով հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր երթը` հայապահպանման ու պայծառ ապագայի ամուր հաւատքով եւ տեսլականով:
Մարդկային միտքը դժուար թէ ընկալէ եւ նոյնիսկ մոռնայ թուրք բարբարոս ցեղին կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր յաջորդող տարիներուն տեղի ունեցած արհաւիրքները: Հայ ժողովուրդին արիւնը դարձեալ շարունակուեցաւ գետի նման հոսիլ 1915-էն ետք ալ, երբ քեմալական արշաւանքները շարունակուեցան հայկական գաւառներուն մէջ: Այս առումով Մարաշ քաղաքը (պատմական «Գերմանիկ» ձեւով ճանչցուած` հռոմէացի զօրավար Գերմանիկոսի անունով) անմասն չմնաց այս դժբախտութենէն: Պատմական Մարաշ քաղաքը միշտ ուշադրութեան կիզակէտ դարձած է, որովհետեւ Կիլիկիոյ հայաշատ եւ հարուստ քաղաքներէն մէկն էր: 16-րդ դարուն, երբ Մարաշը կ՛անցնի Օսմանեան տիրապետութեան տակ, մնայուն կերպով բռնաճնշումներու կ՛ենթարկուի իշխանութիւններուն կողմէ: 1895-ին «Մեծ կոտորած»-ը խլեց 1000 հայու կեանք: 1915-ին սկսաւ հայութեան տարագրութիւնը դէպի Սուրիա: Իսկ 1918-ին Մուտրոսի զինադադարէն ետք, երբ թրքական զօրքերը դուրս բերուեցան շրջանէն, հրաշքով փրկուած մարաշցիները վերադարձան հայրենի քաղաք: Սակայն օգտուելով դաշնակիցներուն միջեւ եղած հակասութիւններէն, քեմալական զօրքերը 1920 յունուար 21-ին յանկարծակի յարձակումով զգալի զոհեր պատճառեցին քաղաքին մէջ հաստատուած ֆրանսական զօրքին: Դժբախտաբար քեմալականները պայմանաւորուեցան ֆրանսական զօրքերուն հետ, որոնք իրենց զօրքերը դուրս հանեցին Կիլիկիայէն: Անոնց նահանջին պատճառով հայերը ինքնապաշտպանութեան դիմեցին եւ տուին աւելի քան 13 հազար մարաշցի նահատակներ: Մշակութային հարուստ ժառանգութիւն ունեցող Մարաշը (հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական աւելի քան 12 եկեղեցիներ, վանքեր, ուխտատեղիներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ) դատարկուեցաւ հայութենէ: Փրկուած մարաշցի հայրենակիցներու բեկորներ հաստատուեցան Սուրիա, Լիբանան, Կիպրոս, Պաղեստին, Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ: Անոնք զանազան երկիրներու մէջ հիմնեցին հայրենակցական միութիւններ` նպատակ ունենալով օժանդակելու իրարու եւ վառ պահելու իրենց քաղաքին կենցաղն ու մշակոյթը:
Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը` հաւատարիմ իր աւանդութեան եւ պանծացնելու համար իր նահատակներուն սուրբ յիշատակը, Մարաշի աղէտին 99-րդ տարելիցին առիթով այս տարի եւս հրաւիրեց իր հայրենակիցները մասնակցելու Ս. պատարագի զոհին, պաշտամունքի եւ հոգեհանգստեան պաշտօնին` Պուրճ Համուտի համանուն Նոր Մարաշ թաղամասի հայ երեք յարանուանութիւններու` Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Փրկիչ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ:
Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, հայրենակիցները համախմբուեցան միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ ոգեկոչական պատշաճ ձեռնարկ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մարաշի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամ Նազարէթ Ապունայեան: Ան նշեց, որ այս տարի անգամ մը եւս յիշատակեցին անմոռաց նահատակներու ջարդին 99-րդ տարելիցը: Ապա ներկայացուց Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան 2018 տարուան համապարփակ գործունէութիւնը.-
1.- Պատի օրացոյցի հրատարակութիւն
Պատի օրացոյցին կողքի նկարը Մարաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրբապատկերն է. 1920-ին կոտորածի ժամանակ Մարաշի ժողովուրդէն մաս մը ապաստանած էր այդ եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցին հրկիզուեցաւ, սակայն սրբանկարը մնաց անաղարտ եւ դուրս բերուեցաւ կրակէն փրկուած ժողովուրդի մնացորդին հետ:
2.- Կրթանպաստ
2017-2018 տարեշրջանին կրթանպաստ ստացան մարաշցի 175 ընտանիքներու 256 սաներ, որոնք հայկական վարժարան կը յաճախեն, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանի 9 ուսանողներ:
3.- Մարաշի աղէտի ոգեկոչում
Կիրակի, 21 յունուար 2018-ին նշուեցաւ Մարաշի աղէտին 98-րդ տարելիցը` Նոր Մարաշի երեք յարանուանական եկեղեցիներուն մէջ:
4.- Մշակութային ձեռնարկներ
– Հայրենակցական միութիւնը քաջալերեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին ներկայացուցած Արա Արծրունիի «Կոնտոլեզիա իմ սէր» թատերախաղը եւ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան թատերախաղի զոյգ ներկայացումները:
– Նեցուկ կանգնեցաւ Համազգայինի «Գուսան» եւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբերուն:
– Քաջալերեց տարբեր բարեսիրական միութիւններու նախաձեռնութիւններն ու մշակութային ձեռնարկները:
– Հովանաւորեց «Վանայ ձայն»-ի «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը:
– Նիւթապէս քաջալերեց Հայաստանի մէջ գործող «Օղակ» կազմակերպութիւնը, որ Մարաշի ասեղնագործութեան դասընթացք կը կազմակերպէ:
5.- Կրթական օժանդակութիւններ
Վարչութիւնը մասնակցեցաւ Ազգային առաջնորդարանի «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ին եւ հովանաւորեց 15 սաներ:
6.- Այլ օժանդակութիւններ
Վարչութիւնը օժանդակեց Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութիւններու եկեղեցիներուն եւ հայրենակցական միութիւններուն: Նաեւ ընկերային օժանդակութիւններ տրամադրեց կարիքաւոր մարաշցիներուն:
Այս իմաստով տրամադրուած տարեկան ընդհանուր գումարն է 165.550.000 լ.ո.:
7.- Կազմակերպուած ձեռնարկներ
– 13 ապրիլ 2018-ին ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց լէյտիզ նայթ:
– 9 օգոստոս 2018-ին` Տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեց շրջապտոյտ` հարաւային Լիբանանի մէջ:
– 3 նոյեմբեր 2018-ին ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց լէյտիզ նայթ:
– 12 դեկտեմբեր 2018-ին տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեց աւանդական ձեռնարկ:
Աւարտին Նազարէթ Ապունայեան յայտնեց, որ նոյն թափով պիտի շարունակեն աշխատանքը եւ պիտի ձգտին աւելի լաւին ու կատարեալին:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Նոր Մարաշի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես տարբեր մարզերու մէջ Մարաշի հայրենակցական միութեան տարած բեղուն աշխատանքին: Վերապատուելին նշեց, որ Մարաշի ջարդէն ետք ժողովուրդը փոխադրուեցաւ Լիբանան եւ ապրեցաւ դժուար օրեր: Ապա մէջբերեց 23-րդ սաղմոսը եւ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը մահուան շուքի ձորին մէջէն անցաւ, ապրեցանք Ցեղասպանութիւնը, Մարաշի աղէտը, բայց մեր ժողովուրդը ունեցաւ այն հաւատքը, որ կը վստահինք յարութեան Աստուծոյ: Ան մեզի կը վերականգնէ: Ապա վերապատուելին նշեց, որ Վարդանանցէն սկսեալ մինչեւ Ցեղասպանութիւն դժուարութիւն ապրող հայ ժողովուրդը նահատակութեան ու զոհողութեան գնով աշխատեցաւ եւ վերաշինեց: Այս օրը առիթ է յիշելու մեր նահատակները, սորվելու իրենց կեանքի օրինակէն, իրենց հաւատքէն, իրենց ինքնազոհողութենէն: Այդ ոգին մեզի փոխանցուեցաւ մեր նահատակներէն: Մարաշի հայրենակցական միութեան անդամները այդ ոգիով շինեցին եկեղեցին, դպրոցը, Նոր Մարաշը: Այդ աւանդը պարտաւոր ենք պահել եւ փոխանցել ներկայ սերունդին, որպէսզի հայ ժողովուրդը շէն եւ պայծառ մնայ: Այսօր մարտահրաւէրները մեծ են, բայց մենք յոյս եւ հաւատք ունինք, որ հաւաքական աշխատանքով մեր ժողովուրդի բարի երթը պիտի շարունակուի: Իր խօսքի աւարտին ան յոյս յայտնեց, որ օր մը պիտի տիրանանք մեր հողերուն:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք քհնյ. Տէր Արթինեան իր սրտի խօսքը արտասանեց: Ան ըսաւ, որ եթէ հետեւինք Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն կը յուսալքուինք, իսկ որ եթէ մենք անդրադառնանք մեր ամէնօրեայ հոգեւոր եւ մշակութային գործունէութեան, կը դառնանք լաւատես: Հայ ժողովուրդի զաւակները մասնակից են այս գործունէութեանց` միշտ ի մտի ունենալով մեր նախահայրերը: Մարաշի հերոսամարտէն ճողոպրած մարաշցիները եկան եւ կառուցեցին Նոր Մարաշը: Ներկայիս հոգեւոր եւ քաղաքական գործիչները իրենց իմաստուն ցուցմունքներով կ՛ուղղեն հայորդիները, եւ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն ընդմէջէն մեր կեանքը կը ստանայ նոր իմաստ: Քահանայ հայրը նաեւ յայտնեց, որ միայն միութիւններուն վրայ պէտք չէ ծանրանալ, այլեւ բոլորս պարտաւորութեան դիմաց կը գտնուինք զարկ տալու մեր ընթացքին: Ան յայտնեց, որ լուսաւոր աչքերով կը նայինք դէպի պայծառ ապագայ: Ան եզրափակեց եւ ըսաւ, թէ մեր նահատակները խաղաղութեամբ թող ննջեն: Անոնց կտակը ապահով ձեռքերու մէջ է` շնորհիւ մեր ժողովուրդի առողջ գիտակցութեան:

Հուսկ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Ղազար վրդ. Պետրոսեան իր խօսքը արտասանեց: Ան խօսեցաւ աշխարհի ստեղծագործութեան մասին եւ ըսաւ, թէ մարդը սայթաքեցաւ, անով իսկ կորսնցուց իր հոգեւոր, մարմնաւոր եւ բարոյական առաքինութիւնները: Սակայն ամենաբարին Աստուած վերականգնեց Ճշմարտութիւնը, խոստացաւ փրկել մարդկութիւնը, ծրագրեց, իրականացուց եւ յարուցեց Իր Միածին Որդիին միջոցով: Վարդապետը անդրադարձաւ նաեւ հայոց պատմութեան մէջ յիշատակուած արշաւանքներուն եւ նշեց, որ երբ Կեդրոնական Ասիոյ խորքերէն թուրքերը արշաւելով հասան հայկական Կիլիկիոյ տարածքներն ու մեր սիրելի Մարաշը, փորձեցին բնաջնջել հայ ժողովուրդը, երբ անոնք ասպատակեցին մեր հողերը եւ մեզի տեղահան ըրին:
Ապա ան խօսեցաւ Մարաշի աղէտին մասին եւ ըսաւ, թէ 99 տարիներ անցան այդ աղէտալի իրողութենէն, երբ Օսմանեան կայսրութեան շարաւիղները որոշեցին մէկ ընդ միշտ վերջ դնել ազգի մը գոյատեւման փաստին: Գաղափարախօսութիւն մըն էր, որ ծրագիրի վերածուեցաւ եւ ծրագիրը իրագործումի դրուեցաւ, լուրը` մահուան հագուստ հագած կը շրջէր ամէնուր` հայկական գաւառները, մայրաքաղաքին հայկական թաղամասերը, գուժելու եւ մահուան կնիքը դրոշմելու իրենց բնակարաններուն ճակատը: Որո՞ւ պիտի բնաջնջէին, ժողովուրդի մը, որ հաւատարիմ էր Քրիստոսի հաւատքին: Գողգոթայի ճանապարհ մըն էր, որ կը սկսէր Գառն Աստուծոյ ազգի զաւակներուն: Կարաւաններ կը քալէին, ժամեր, օրեր, ամիսներ, անօթի ծարաւ: Գազանը հրապարակի վրայ էր, իրեն հետ ունենալով երամ մը դահիճներ, կը զարնէին, կը փշրէին, կը ջարդէին սակայն չէին կարենար Քրիստոսի շունչով մկրտուած հայ մարաշցի հոգիները անդունդ ղրկել: Հայ ազգն ու մարաշցին կառչած խաչին կը քալէին իրենց Ուսուցիչին ճանապարհէն: Ճանապարհ մը, որ նեղ արահետ մըն էր, որուն մէջ ցաւ կար, չարաչարանք, հալածանք, զրկանք… սակայն վերջաւորութեան յարութեան դափնեպսակը զիրենք կը սպասէր յաղթական: Ապա հայր Ղազար ուրուագիծ մը գծեց ներկային եւ անցեալին միջեւ եւ ըսաւ, թէ հակառակ վիրաւոր Մարաշին, սակայն հեռուներէն սկսան լսուիլ շարականներու մեղեդիներ, հայկական եկեղեցիներու զանգի ղօղանջներ, հայոց լեզուի գեղեցկութիւնը. այս սպանդէն մազապուրծ եղած մարաշցի հայերն էին, որոնք 99 շնորհքի տարիներ ապրեցան, 99 փառքի տարիներ, մոխիրէն ծնան եւ կրցան Քրիստոսի յաղթական դրօշով շինել եկեղեցիներ, դաստիարակել սերունդներ` հայկական վարժարաններ կառուցելով, զարգացնել եւ Քրիստոսին պատկանելիութեան հետքը ձգել իւրաքանչիւր ոչ քրիստոնեայի, որուն հանդիպեցան, իրենց բարի վարքովը, ուրախ առիթներու մասնակցեցան, կոչուեցան «հաւատարիմ մարաշցիներ», ինչո՞ւ, որովհետեւ ճշմարտութեան հաւատարիմ վկաները ուզեցին մնալ` ժառանգելով իրենց պապերէն լոյսի որդիներ ըլլալու կոչումը, տեսնելով յարուցեալ Քրիստոսին լոյսը: Լոյս մը, որ կը շողայ եւ խաւարը կը չքացնէ, որովհետեւ իմացած էին երկու էական բաներ:
Ա) Հետեւիլ յարուցեալ Քրիստոսին կեանքի կանչող պատգամներուն եւ վկայել ճշմարտութեան:
Բ) Հետեւիլ քայլ Վահանի նուարսակեան եւ միասնականութեան պատգամին:
Պատգամներ, որոնք յղացան վսեմ մարդիկ, մարդացած Աստուած եւ ազգային հաւատարիմ մարտիկներ:
Վարդապետը իր խօսքը եզրափակեց եւ մէջբերեց Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կարդինալ Աղաճանեանի մտածումը. «Ամէն մէկ հայ մասնիկ մըն է հայրենիքէն»:
Աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ վերջ գտաւ Մարաշի աղէտի ոգեկոչման ձեռնարկը:


