Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան յայտարարութիւն տարածած է` 1990 յունուարին Ազրպէյճանի կողմէ Պաքուի մէջ կազմակերպուած հայերու կոտորածներու 29-րդ տարելիցին առիթով: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակէն:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է`
1.- 1990 թուականի յունուարին Ազրպէյճանի Պաքու քաղաքը կրկին դարձած էր հայերու նկատմամբ շարունակաբար իրականացուող ջարդերու թատերաբեմ (1905 թուականի եւ 1918 թուականի հայերու զանգուածային կոտորածներէն ետք երրորդ անգամ ըլլալով), ուր, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի միւս բնակավայրերուն, տակաւին կը շարունակէին բնակիլ զգալի թիւով հայեր: Յունուար 13-ին, Պաքուի մէջ կազմակերպուած բազմահազարանոց հանրահաւաքէն ետք, կանխաւ մշակուած ծրագիրին համաձայն, հաւաքուած մօտ 50 հազարնոց ամբոխը բաժնուեցաւ խումբերու եւ նախորոշուած հասցէներով ներխուժեց հայերու բնակարաններ` քաղաքը հայերէն «մաքրելու» նպատակով:
2.- Յունուար 13-20 ինկած ժամանակահատուածին, միայն իր ազգային պատկանելիութեան համար, Պաքուի հայութիւնը ենթարկուեցաւ բռնարարքներու` կոտորած, թալան եւ բռնի տեղահանում` խախտելով հայերու կեանքի, խոշտանգումներէն ու խտրականութենէն զերծ ըլլալու, ազատութեան ու անվտանգութեան, սեփականութեան, արդար դատաքննութեան եւ շարք մը այլ իրաւունքներ: Սպաննուածներու ճշգրիտ քանակը մինչեւ հիմա յայտնի չէ, սակայն ըստ մեր վերջին հետազօտութիւններուն` սպաննուած է շուրջ 450 մարդ:
3.- Յունուար 18-ին, Պաքուի հայկական ջարդերու եւ Շահումեանի շրջանի հայկական գիւղերու եւ Գետաշէնի վրայ յարձակումներու առիթով` Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց «Հայաստանի մէջ իրավիճակի մասին» բանաձեւը, որ կոչ կ՛ուղղէր Խորհրդային Միութեան իշխանութիւններուն ապահովելու Ազրպէյճանի մէջ ապրող հայերու գործին պաշտպանութիւնը` իրավիճակին միջամտելու համար զօրք մտցնելու միջոցով:
4.- Միայն 24 յունուար 1990-ի գիշերը, Ազրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութեան մայրաքաղաք մտցուեցան խորհրդային բանակի ստորաբաժանումները, որոնք, կոտրելով Ազրպէյճանի Ազգային ճակատի զինուած ջոկատներու կատաղի դիմադրութիւնը, դադրեցուցին հայերու եօթնօրեայ կոտորածները:
5.- 1990 թուականի յուլիս 27-ին, «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ հրապարակուեցաւ բաց նամակ մը` ուղղուած միջազգային հանրութեան, որ ստորագրուած էր Եւրոպայի, Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու 133 նշանաւոր գիտնականներու եւ իրաւապաշտպաններու կողմէ, որոնք բողոքի ձայն կը բարձրացնէին Պաքուի մէջ հայերու սպանութիւններու եւ ջարդերու դէմ: Նամակին մէջ, մասնաւորապէս կը նշուէր, որ «հայկական փոքրամասնութեան դէմ իրականացուած ոճրագործութիւնները Խորհրդային Ազրպէյճանի մէջ դարձած են հետեւողական փորձ, եթէ ոչ` պաշտօնական քաղաքականութիւն»:
6.- Ազրպէյճանի կողմէ Պաքուի մէջ կազմակերպուած մարդկութեան դէմ այդ յանցագործութիւնը արագացուց եւ գրեթէ աւարտին հասցուց Ազրպէյճանի մէջ հայ բնակչութեան ցեղական ամբողջական զտումը: Այդ քաղաքականութեան ծիրին մէջ` 1988-1990 թուականներու ժամանակահատուածին` Ազրպէյճանի Սումկայիթ, Կիրովապատ եւ շարք մը այլ քաղաքներու ու Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ, խորհրդային իշխանութիւններու իմացութեամբ ու արտօնութեամբ, սպաննուեցան հազարաւորներ եւ բռնագաղթեցին շուրջ 500.000 հայեր:
7.- Անոր յաջորդող տարիներուն (ներառեալ` 1991-1994 թուականներու ազրպէյճանական-ղարաբաղեան պատերազմին ժամանակ) նոյնպէս Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուած է հայերու ցեղական զտման քաղաքականութիւնը, որ, ըստ մեր վերլուծութեան, լիովին կը համապատասխանէ ՄԱԿ-ի 1948 թուականի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու մասին» պայմանագիրով սահմանուած ցեղասպանութեան յանցագործութեան իրաւական ձեւակերպման: Աւելի՛ն, բացի հարիւր հազարաւոր ազրպէյճանահայութեան հայրենազրկումէն, մեր հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ անոնց սեփականութեան, ազատ տեղաշարժի եւ շարք մը այլ իրաւունքներ շարունակաբար կը մնան խախտուած, եւ շատերը, մինչեւ հիմա կը կրեն այդ քաղաքականութեան ֆիզիքական, հոգեբանական ու նիւթական հետեւանքները:
8.- Կատարուած յանցագործութիւնները մինչեւ օրս պատշաճ իրաւական գնահատական չեն ստացած եւ մնացած են անպատիժ, որուն հետեւանքներէն է նաեւ ներկայիս Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ հայատեացութեան պետական քաղաքականութեան իրականացումը: Ատոր զոհերը կը շարունակեն դառնալ ո՛չ միայն ազրպէյճանահայութիւնն ու Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութեան բնակչութիւնը, այլեւ բոլոր հայերը եւ Արցախ այցելող օտարերկրացիները: Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի հայատեացութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը 2018-ին հրապարակած է յատուկ զեկուցում` ներկայացնելով անոր դրսեւորման յստակ օրինակներ եւ անոր վերաբերող միջազգային իրաւունքի վերլուծութիւն:
9.- Ազրպէյճանական հասարակութեան մէջ սերմանուած հայատեացութեան դրսեւորման աշխուժ փուլ արձանագրուեցաւ նաեւ ապրիլ 2016-ին, Արցախի վրայ Ազրպէյճանի լայնածաւալ յարձակման ժամանակ, եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը իր փաստահաւաք առաքելութեան ծիրին մէջ, 2016-ի յատուկ զեկուցումով, ներկայացուցած է քաղաքացիական ու զինուորական անձերու սպանութեան, գլխատման, խոշտանգման եւ իրաւունքներու խախտման ու պատերազմական յանցագործութիւններու շարք մը այլ դէպքեր: Յատկանշական է, որ այդպիսի յանցագործութիւններ կատարած ազրպէյճանցի զինուորականները այնուհետեւ պարգեւատրուած ու խրախուսուած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ:
10.- Պաշտպանը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան` պատշաճ իրաւական գնահատական տալու յունուար 1990-ին Պաքուի մէջ կատարուած բռնութիւններուն` համաձայն միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն, ինչպէս նաեւ գործուն միջոցներ ձեռնարկելու ներկայիս շարունակուող հայատեացութեան քաղաքականութեան դադարեցման ուղղութեամբ:
Ցեղապաշտական ատելութեան այդ ճանապարհը ո՛չ միայն կը հակասէ միջազգային իրաւունքի հանրայայտ սկզբունքներուն, այլեւ աւելի ու աւելի կը հեռացնէ երկու ժողովուրդները` տագնապի լուծումէն եւ տեւական խաղաղութենէն:



