Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահրամ Բալայեան. «Հայ Ժողովուրդը Պատրաստ Չէ Իր Հայրենիքը Զիջելու Ուրիշին»

January 24, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հանդիպումը անսպասելի չէր: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին (Տիգրանուհի Մարտիրոսեանի հետ) ըսաւ Արցախի խորհրդարանի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան` նշելով, որ հանդիպումը կը նախապատրաստուէր:

Խօսելով 1.5 ժամ տեւած հանդիպումին մասին` Վահրամ Բալայեան ըսաւ, թէ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը` Արցախը ամէն գնով մտցնել իրենց կազմին մէջ, չէ փոխուած, ուստի դժուար թէ շօշափելի արդիւնքներ ըլլան:

«Չեմ կարծեր, որ Պաքուի դիրքորոշումը թոյլ կու տայ կառուցողական քննարկում ծաւալելու, բանակցութիւններուն ընթացք տալու, որովհետեւ անոնց պահանջը անկարելի է իրականացնել», ըսաւ Բալայեան:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ մինչեւ ղեկավարներու հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի յայտարարութեան մէջ խօսուած էր «ժողովուրդները  խաղաղութեան պատրաստելու» մասին, Վահրամ Բալայեան ըսաւ, թէ այդ թեզը յառաջ մղողներուն համար «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւն է:

«Այլապէս ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն: Երբ Ազրպէյճանը վերջին տասնամեակներուն ամէն ինչ ըրած է, որ հայատեացութեան մակարդակը բարձրանայ` սկսեալ մանկապարտէզներէն, դպրոցներէն, քարոզչութիւն  տարուած է, միշտ բարձր պահած է հակահայկական տրամադրութիւնը: Եւ այս բոլորէն ետք մտածել, որ Ազրպէյճանի հանրութիւնը կարելի է պատրաստել խաղաղութեա՞ն:

Ասիկա շատ երկարատեւ գործընթաց է: Երբ հայ զինուորին գլուխը կտրողը կը հերոսացուի, ի՞նչ բարեկամութեան կամ հաշտութեան մասին է խօսքը: Լաւ գաղափար է, որ պէտք է ըլլայ համերաշխութիւն, բայց ասիկա չաշխատող գաղափար է», մանրամասնեց Վահրամ Բալայեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբա՞կն է «խաղաղութիւն տարածքներու»  դիմաց թեզը յառաջ մղողը, պատգամաւորը յայտնեց, որ բանակցային սեղանին վրայ չկայ նոյնիսկ փաստաթուղթ, ուր կը բացատրուի, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «խաղաղութեան պատրաստել»  ժողովուրդները:

«Ի՞նչ կը նշանակէ պատրաստել խաղաղութեան: Ես կը կարծեմ, որ խօսքը միակողմանի զիջումներու մասին է: Ասիկա լաւ տեղ չի հասցներ: Հայ ժողովուրդը պայքարած է, արիւն թափած իր ազատութեան համար եւ պատրաստ չէ իր հայրենիքը զիջելու ուրիշին», աւելցուց ան:

 

Նախորդը

Փաշինեանը` Իր Եւ Ալիեւի Միջեւ Հանդիպումին Մասին. «Դաւադրութիւններ Չեն Կրնար Ըլլալ»

Յաջորդը

Դաւիթ Իշխանեան. «Հայ Ժողովուրդին Առջեւ Ծառացած Տագնապներու Լուծման Առումով Արցախը Ունի Իր Տեղն Ու Դերը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.