21 յունուարին Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեան հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրասիոյ գլխաւոր վարչութեան պետ Ղոլամռեզա Պաղերի Մողատամի հետ: Այդ մասին կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի օրակարգին առնչուող հարցերու ընդարձակ շրջանակ, ուրուագծած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական եւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը: Այս պարունակին մէջ երկուստեք կարեւոր նկատած են բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը:
Հայաստանի դեսպանը եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրասիոյ գլխաւոր վարչութեան պետը միտքեր փոխանակած են շրջանային եւ միջազգային շարք մը հրատապ խնդիրներու վերաբերեալ:
Հայաստանի դեսպան Թումանեան ներկայացուցած է ղարաբաղեան տագնապին առնչուող վերջին զարգացումները, Հայաստանի մօտեցումները եւ սկզբունքային դիրքորոշումը: Ղոլամռեզա Պաղերի Մողատամի` անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ վերջերս մամուլին մէջ Իրանի իսլամական հանրապետութեան զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Մոհամետ Պաղերիի վերագրուած յայտարարութեան` վերահաստատած է, որ այս հարցին առնչութեամբ Իրանի պաշտօնական դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ. Իրան կը շարունակէ զօրակցիլ տագնապին բացառապէս խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին:



