Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջին միջոցով տեղեկացուցած է, որ Տաւոսի մէջ հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
«Տաւոսի մէջ ունեցայ ոչ պաշտօնական հանդիպում Իլհամ Ալիեւի հետ: Միտքեր փոխանակեցինք բանակցային հոլովոյթի ընթացիկ իրավիճակին եւ հետագայ քննարկումներուն մասին: Հանդիպումը տեւեց մօտ մէկուկէս ժամ», նշած է Փաշինեան: