Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Լաւրովը Կ՛ուղղէ Սուրիական Ժամացոյցի Սլաքները

February 26, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին յստակացումը, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ Սուրիոյ մէջ միացեալ զինուորական գործողութիւններ կատարելու ծրագիրներ գոյութիւն չունին, ըստ էութեան Անգարայի նկրտումները զսպելու կը միտին: Խնդիրը ուղղակիօրէն կը վերաբերի սուրիական տագնապին սկիզբէն ի վեր Անգարայի յանկերգած ապահովական գօտիի ստեղծման առաջադրանքին:

Լաւրովի այս յստակացումը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ, որ Մոսկուա-Անգարա ռազմաքաղաքական գործընկերութիւնը կարճաժամկէտ եւ սահմանափակ դրուածքով կը դրսեւորուի` Սուրիոյ մէջ դերերու համակարգումի ընդհանուր հասկացողութեան ներքեւ: Դամասկոսի հովանաւորութիւնը ստանձնած Մոսկուան իսլամական ահաբեկիչներու մաքրազտման իր գործողութիւններուն մէջ պէտք ունի թրքական նեցուկին, որ այս առեւտուրին մէջ առաւելագոյնս կ՛ուզէ օգտագործել քրտական վտանգի հեռացման իր ծրագիրը: Սկիզբը մարդասիրական գօտիի ստեղծումի առաջադրանքը հրապարակ նետելով, շուտով սակայն ապահովական գօտիի գաղափարը շեշտելով Անգարան ըստ էութեան զինուորական գօտի է, որ կ՛ուզէ ստեղծել իր սահմաններէն առաւելագոյնս հեռացնելով քրտական վտանգը: Այս մօտեցումը  նաեւ թրքական բանակի սուրիական տարածքներուն վրայ ներկայութիւնը հիմնաւորելու կարեւոր տուեալ է, որ տարբեր անկիւններէ Անգարան  կը մղէ միեւնոյն յանկերգը հնչեցնելու:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը աւելի կը բանար փակագիծերը, երբ ուղղակի կը յայտնէր, որ Ռուսիան չէ կրցած Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն  գոյացնել Սուրիոյ քիւրտերու հարցին շուրջ: Պարզ դարձնելով, որ  «Թուրքիոյ հետ չենք կրցած համաձայնութեան գալ,  թէ ո՛ր քիւրտերը կը նկատուին ահաբեկիչներ: Թուրքիան առանձին դիրքորոշում  ունի: Կը հասկնանք անոնց անհանգստութիւնը, սակայն պէտք է լաւն ու վատը կարենան տարբերակել,  թէ ո՛ր քիւրտերը կը նկատուին  ծայրայեղական, իսկ որո՛նք Թուրքիոյ անվտանգութեան համար սպառնալիք են»: Յստակ էր տարբերակումը. Թէհրանն ու Ռուսիան Սուրիոյ մէջ զինուորական ներկայութիւն են Դամասկոսի հրաւէրով. նման հրաւէր չէ ուղարկուած Անգարային, հետեւաբար Մոսկուան համաձայն չէ անտանգութեան գօտիի տարազին տակ թրքական զօրքերու Սուրիոյ մէջ ներկայութեան։

Այս հարցին առնչութեամբ Թեհրանը երանգային տարբերութիւն կը դրսեւորէ: Լաւրովի կտրուկ մերժումին դիմաց  Իրանի արտաքին գործոց նախարարը չէր բացառեր Իտլիպի մէջ զինուորական գործողութեան կարելիութիւնը: Անկախ քրտական խմորումներու նկատմամբ Իրանի չթաքցուցած անհանգստութեան տեսութենէն, այստեղ կայ աշխարհաքաղաքական տարողութիւն ունեցող այլ խնդիր:

Քրտական ներկայութեան դէմ զինեալ գործողութիւններու դիմելէ Ուաշինկթընի զգուշացումները` ուղղուած Անգարային, շատ ակներեւ էին սուրիական զինուորաքաղաքական իրադարձութիւններուն մէջ: Հիմնական պատճառ մը, որ մինչեւ նաեւ ռուսական կարմիր լոյսի երեւումը, մտածել կու տար, որ Անգարան անվերջ կը ձգձգէր զինուորական ներխուժումը Իտլիպ:

Լաւրովի յայտարարութիւնը, որ միացեալ զինուորական գործողութեան ծրագիր գոյութիւն չունի, համազօր է ուաշինկթընեան սպառնալիքին` նման քայլի դիմելու պարագային Թուրքիոյ տնտեսութիւնը քանդելու:

Արդիւնքը այն է, որ այս հարցին մէջ լուռ զուգակցութիւն կ՛երեւի ռուսական եւ ամերիկեան կեցուածքներուն միջեւ:

Թեհրանը այս պահու դրութեամբ աւելի կարիքը ունի Թուրքիոյ, որ մինչ այժմ չի միանար Ուաշինկթընի յայտարարած պատժամիջոցային պայքարին ընդդէմ Թեհրանի: Այդ պատճառով ալ երանգային տարբերութիւն ցոյց կու տայ Լաւրովի յայտարարածին համեմատութեամբ: Մինչ Թեհրանը իր աջակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ Անգարային միացեալ զինուորական գործողութիւն իրականացնելու առումով:

Սուրիոյ մէջ այսօր ճիշդ է, որ իսլամական ահաբեկչութիւնը արմատախիլ չէ եղած, այսուհանդերձ մաքրազտման եւ համախմբման գործողութիւններ իրականացած են: Դամասկոսը հետզհետէ իր վերահսկողութեան ծիրը կ՛ընդլայնէ: Որոշ տեղաշարժ կայ նաեւ քրտական զինեալ ուժերու առումով, սակայն Անգարայի առաջադրած ապահովական գօտին ձեւաւորուելու հաւանականութենէն տակաւին հեռու է: Բեկումնային պահերը ճշդողը կը թուի, որ Մոսկուան է հիմնականին մէջ: Այս պահուն, իրադրութիւնները կ՛ընթանան Մոսկուայի ճշդած ժամացոյցի սլաքներուն համընթաց:

«Ա.»

Նախորդը

Յայտարարութիւն ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանի

Յաջորդը

26-27 ­Փետ­րո­ւար 1988, ­Սում­կա­յիթ. Ար­ցա­խի «Միա­ցո՜ւմ» Պա­հան­ջին՝ Ազր­պէյ­ճա­նի Հա­յաս­պան Պա­տաս­խա­նը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.