Միջազգային տօնացոյցը հետզհետէ յագեցած պատկեր կը ստանայ: Այս ընթացքը կը համոզէ, որ իւրաքանչիւր օր միջազգային հնչեղութիւն պիտի ապահովէ` նուիրուած ըլլալով յատուկ թեմայի: Մարդու իրաւունքներ, կիներու, հայրերու, մայրերու, դիւանագէտի, սիրոյ, հանդուրժողութեան, քաղցկեղի, բանաստեղծութեան, անտառներու® Տարուան մէջ նշելի 160-էն աւելի թեմաներու շարքին մէջ օրեր կան, որոնք երկու տօնի յատկացուած են եւ միջազգային հանրութեան կը յուշեն նշել երկուքը հաւասարապէս միեւնոյն օրը: Ընտրուած թեմաներէն շատեր համամարդկային բնոյթ ունին, ուրիշներ իրենց ձեւակերպումներով կը յուշեն քաղաքական էութիւնը:
Համամարդկային երեւոյթներու անդրադարձող տօները ժամանակի ընթացքին ստացած են գաղափարաքաղաքական գունաւորում եւ անոնց նշման ընթացքին այս կամ այն պետութեան կամ հասարակարգին կողմէ առիթ նկատուած քաղաքական խնդիրներ բարձրացնելու:
Կիներու միջազգային օրը ընկերվարական հայեցակէտերէ արծարծուող թեմայի հանգամանքներէն կտրուկ անցում կատարած է խորհրդային համակարգին կողմէ որդեգրուած տօնի կարգավիճակի: Ընկերաբանական եւ մարդկային իրաւունքներու խնդիրներուն առընթեր եւ գուցէ անոնցմէ աւելի այս տօնին հնչած են խորհրդային համակարգի քաղաքական վարքագիծի համահունչ յայտարարութիւնները, պետական ամէնէն բարձր ամպիոններէն:
Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ միայն Խորհրդային Միութիւնն էր, որ քաղաքական երանգ եւ շեշտադրումներ կու տար Կիներու միջազգային օրուան: Աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ կիներու իրաւունքներու խնդիրը գաղափարախօսականէն աւելի ընտրական արշաւներու առիթով հրապարակուող ծրագիրներու կը կապուի եւ կը շահարկուի քաղաքական տարբեր շրջանակներու կողմէ վարկանիշեր ապահովելու համար:
Բայց ի վերջոյ ի՛նչն է բուն խնդիրը այսօր, որ կիներու իրաւունքներու հարցը ո՛չ միայն օրուան առիթով, այլ նաեւ հասարակական տարբեր քննարկումներու ընթացքին կ՛արծարծուի: Երբ Կիներու միջազգային օր կը ձեւակերպուի կամ պետական տարբեր կառոյցներու ու կառավարման մարմիններու կազմութեան մէջ կիներու մասնակցութեան չափաբաժինը կը կանոնակարգուի, այդ պարագային արդէն ենթագիտակցութիւններու մէջ կ՛ուրուագծուի իրաւազրկումի գաղափարը:
Բնական է, որ իւրաքանչիւր միջավայրի մէջ տարբեր ընկալում ունի այս խնդիրը: Եթէ տեղ մը 21-րդ դարուն կիներու վարորդական իրաւունքի շնորհումը յառաջդիմական քայլ կը նկատուի, այլ տեղ զինուորական ծառայութենէ զերծ մնալը իբրեւ առանձնաշնորհում կը մեկնաբանուի:
Խնդիրը առաւելաբար անհրաժեշտ է դիտարկել մարդու իրաւունքներ հասկացողութեան ընդհանուր պարունակին մէջ, եթէ այսօրուան եզրոյթը օգտագործելով պիտի խօսինք սեռային իրաւահաւասարութեան մասին:
Իւրաքանչիւր միջավայր ստեղծած է ընկալումի իր իւրայատուկ տուեալները, կարծրատիպերը: Այդ կարծրատիպերը չեն օգներ անշուշտ սեռային ամբողջական իրաւահաւասարութեան կայացման:
Կարելի չէ չնկատել սակայն ընդհանուր միտումը մեր ապրած միջավայրերուն մէջ` Հայաստանէն Լիբանան, ուր կիներու հետզհետէ լիիրաւ մասնակցութիւնը հասարակական կեանքին կը ձգտի առաջադրած իրաւահաւասարութեան կայացման: Պարզ հայեացք մը այս պարագային պետական հաստատութիւններու մէջ կիներու ներկայութեան կը համոզէ արդէն, որ պատկերը նոյնը չէր համեմատաբար հինգ կամ տասը տարի առաջ:
Ժողովրդավար երկիրներու մէջ Սահմանադրութիւնները կը խօսին քաղաքացիներու համահաւասար իրաւունքներու մասին: Այնտեղ չկայ որեւէ իրաւազրկում կամ սահմանափակում: Խնդիրը հասարակական կարծրատիպերուն կը վերաբերի: Սեռային իրաւահաւասարութիւնը չափաբաժիններէ կամ օրինականացումներէ անդին գիտակցական ընկալումի հետ կապուած է. յամենայն դէպս, ժամանակը ի նպաստ այդ առաջադրանքի իրականացման կը թուի ըլլալ: