Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութիւնը Կը Հերքէ «Պարտիզանական Մարտեր Մղելու» Յորդորի Առկայութիւնը

Դեկտեմբեր 7, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հերքեց, որ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան իշխանութեան դէմ այսպէս կոչուած «պարտիզանական մարտեր մղելու» յորդոր կատարած ըլլայ: «Բովանդակութենէ կտրուած, իրականութեան հետ առնչութիւն չունեցող ձեւակերպումներով հաւաքէն տեղեկութիւններ դրած են շրջանառութեան մէջ մարդիկ, որոնք այդ հաւաքին ներկայ չեն եղած», պարզաբանեց ան:

Քանատա գտնուող Սաղաթէլեան տեղեկացուց, որ հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ կուսակցութեան մարզային կոմիտէներու, Գերագոյն մարմինի ղեկավար կազմի, ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու վարչութիւններու խորհրդաժողով, որուն մասնակցած է 150 դաշնակցական, որոնց կարգին` Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Ան դիտել տուաւ, որ կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջի որոշումը տրուած էր Հայաստանի երիտասարդական միութեան նիստին, իսկ հոկտեմբերին տեղի ունեցած ղեկավար կազմի խորհրդաժողովին այս նիւթին ընդհանրապէս անդրադարձ չէ կատարուած:

5 դեկտեմբերին Դաշնակցութեան շարքերէն արտաքսուածներուն վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Սաղաթէլեան ըսաւ, որ կուսակցութեան մէջ բոլորը ազատ են իրենց կարծիքը յայտնելու, բայց եթէ քաղաքական ուժը որոշում տայ, ապա զայն կը կատարեն բոլորը: Անդրադառնալով արտաքսումի պատճառներուն` ան ըսաւ. «Որոշումներուն չենթարկուելու եւ հակակարգապահական արարք թոյլ տալու համար, այսինքն` չեղած բանի մասին սապոթաժ ստեղծել, կեղծ լուրեր տարածել, փորձել իրենց գործողութիւններով վարկաբեկել կուսակցութիւնը»:

Հրանդ Մարգարեան. «ՀՅԴ-ն Երբեք Չէ Ղեկավարուած Միանձնեայ, Ուր Մնաց Հանդուրժէ Ոեւէ Մէկուն Կողմէ Ստուերային Ղեկավարում»

«Թերթ»-ը հայաստանեան ներքաղաքական հարցերու շուրջ զրուցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին հետ, որ վերջերս ստեղծած էր «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութիւնը: Հրանդ Մարգարեան ըսած է, որ ՀՅԴ-ն երբեք չէ ղեկավարուած միանձնեայ: Ան նոյնիսկ աւելորդ կը նկատէ այն խօսակցութիւնները, որ ինք ստուերէն կը կառավարէ  կուսակցութիւնը:

Սիմոն Սիմոնեան. «Այլակարծութիւնը Տեղ Ունի Կուսակցութեան Մէջ»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեան հերքած է ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութենէն հեռացուած անդամներու  յայտարարութիւնը` իբրեւ թէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հայաստանեան կոմիտէներու ժողովին որոշուած է «պարտիզանական հարուածներ» հասցնել Հայաստանի իշխանութեան:

«Այլակարծութիւնը տեղ ունի կուսակցութեան մէջ, սակայն կայ  կուսակցական կարգապահութիւն, որմէ կարելի չէ շեղիլ», նշած է Սիմոն Սիմոնեան:

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Հայաստանի 2020-ի Պետական Պիւտճէի Նախագիծը

Յաջորդը

Խմբագրական. Ժողովրդագրական Պատկերի Ճգնաժամի Յաղթահարման Համար (Երկրաշարժի 31-րդ Տարելից)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?