Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հերթական աշխատանքային հանդիպումը ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ:
Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերուն: