Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Բակօ Սահակեան. «Ասիկա Բարդ Ու Անհարթ Ճամբայ Է, Որ Մեր Ժողովուրդը Կ՛անցնի Պատուով Ու Արժանապատուութեամբ»

December 11, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 10 դեկտեմբերին շնորհաւորական ուղերձ յղեց Լեռնային Ղարաբաղի պետական անկախութեան մասին հանրաքուէի եւ Սահմանադրութեան օրուան առիթով:

«Թէ՛ 1991-ին եւ թէ՛ 2006-ին այս օրը մեր ժողովուրդը կատարեց պատմական ընտրութիւն` իր ձայնը տալով` յանուն ազատ ու անկախ Արցախի, յանուն ժողովրդավարական, իրաւական ու ընկերային պետութիւն կառուցելու անսասան որոշման: Մեր պետականաշինութեան ճամբուն վրայ կարեւոր քայլ էր երկրի հիմնական օրէնքին` Սահմանադրութեան ընդունումը, որուն հիմքը մարդն է, անոր իրաւունքներու, ազատութիւններու եւ շահերու պաշտպանութիւնը: Ասոնք համամարդկային արժէքներ են, որոնք կարեւոր են քաղաքացիական հասարակութեան ու ժողովրդավարական հաստատութիւններու կայացման համար», յայտնեց Սահակեան:

Ըստ անոր, արդէն 28 տարի է, որ Արցախը կ՛ընթանայ այս ուղիով` օրէ օր զարգացնելով ու զօրացնելով մեր երկիրը, ամրապնդելով պետականութեան հիմքերն ու ժողովուրդի անվտանգութիւնը, բարելաւելով մարդոց կենսապայմանները: «Ասիկա բարդ ու անհարթ ճամբայ է, որ մեր ժողովուրդը կ՛անցնի պատուով ու արժանապատուութեամբ` անձնուիրաբար յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւններն ու փորձութիւնները», շեշտեց ան:

Այս առիթով Բակօ Սահակեան Արցախի ժողովուրդին մաղթեց խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն, մեծագոյն յաջողութիւններ` ի փառս Արցախի Հանրապետութեան ու մեր ժողովուրդին:

Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը` դիտել տալով, որ եթէ մայիսեան եռատօնը ռազմական յաղթանակներու ընդհանրացումն է, ապա դեկտեմբերեան եռատօնը այդ յաղթանակներու իրաւական ձեւակերպումն է 10 դեկտեմբեր 1991-էն սկսեալ:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Ձեզմէ Իւրաքանչիւրը Ե՛ւ Օրէնքի, Ե՛ւ Պետութեան, Ե՛ւ Պետականութեան Դէմքն Է»

Յաջորդը

Ստեփանակերտի Մէջ Նշուեցաւ ՀՅԴ 129-ամեակը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.