8 դեկտեմբերին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան նախաձեռնութեամբ նշուեցաւ ՀՅԴ հիմնադրութեան 129-ամեակը:
Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) յուշարձանին մօտ կազմակերպուեցաւ երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին երեք հոգի միացաւ ՀՅԴ-ի շարքերուն:
Այնուհետեւ կոմիտէութեան անդամներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուեցաւ տօնական ձեռնարկ, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ՀՅԴ-ի 129-ամեայ ուղիին, մատնանշուեցան առկայ մարտահրաւէրները, հնչեցին ազգային երգեր ու ներկայացուեցան պարեր: