Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդի Յառաջիկայ Նիստը Պիտի Գումարուի Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Դեկտեմբեր 9, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 7 դեկտեմբեր 2019-ին, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Այցելութեան նպատակը շնորհակալութիւն յայտնել էր անոր` «Հայ մամլոյ տարուան» առիթով եւ Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ իր կատարած նիւթական աջակցութեան համար` լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն:

Վեհափառ հայրապետը գնահատելով օրաթերթերուն տարած աշխատանքը` վերաշեշտեց հայ մամուլին առաքելութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` հայապահպանման եւ հանրային կարծիքի ճիշդ հունաւորման դերակատարութիւնը ընդգծելով:

Այնուհետեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուած Հայ մամուլի Համահայկական համաժողովէն բխած առաջադրանքները իրականացնելու կարելիութիւններուն վրայ: Տնօրէնները զեկուցեցին տարբեր լրատուամիջոցներու հետ կայացած խորհրդակցական հանդիպումներուն մասին: Գոյացած է արդէն ընդհանուր համաձայնութիւն` համաժողովները հերթականութեամբ գումարելու անհրաժեշտութեան շուրջ:

Համաժողովէն բխած համակարգող խորհուրդը իր յառաջիկայ նիստը պիտի գումարէ Անթիլիասի մէջ, 2020-ի փետրուարին: Խորհուրդին մէջ ներառուած էին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններէն ու սփիւռքէն հետեւեալ մամլոյ պատասխանատուները.-

– Արամ Անանեան, «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տնօրէն
– Սաթիկ Սէյրանեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ
– Տիգրան Յարութիւնեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ
– Շահան Գանտահարեան, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն
– Սեւակ Յակոբեան, «Զարթօնք» օրաթերթի տնօրէն
– Անի Եփրեմեան, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն
– Միքայէլ Հաճեան, Արցախի հանրային ռատիոյի աւագ վերլուծաբան

Վեհափառ հայրապետը ողջունելով մամլոյ համահայկական դաշտի ձեւաւորման միտող այս նախաձեռնութիւնները` շեշտեց մամուլին դերակատարութիւնը հայկական հասարակական դաշտը բեւեռացումներէ հեռու պահելու, ինչպէս նաեւ կառուցողական մօտեցումներով համահայկական օրակարգերը համախումբ ձեւերով քննարկելու եւ հիմնահարցերու լուծման ուղիներ գտնելով միասին աշխատելու հրամայականը:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հայաստանի Երկրաշարժի Զոհերուն Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?