Երէկ` 9 դեկտեմբերին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի գրասենեակի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի մամլոյ ասուլիսը:
Ասուլիսի մասնակիցները զեկուցեցին 5-էն 7 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին եւ խորհուրդին կողմէն գումարուած ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական եռօրեայ համահայկական խորհրդաժողովի աշխատանքներուն, ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու հայեցակարգին, ռազմավարական նպատակներուն, միութիւններու համաշխարհային ցանցին եւ անոնց առնչուող աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին:
Դաշնակցական երիտասարդները յանձնառու են հզօր, ընկերվարական, եւ ժողովրդավար, ազգային արժէքներ կրող պետութիւն կերտելու գործին մէջ, ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններուն հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան:
«Այնպէս որ, մեր բոլոր գործողութիւնները ուղղուած պիտի ըլլան այս նպատակին իրագործման», ըսաւ Արշակ Մեսրոպեան:
Ան նշեց, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովը իր ընդվզումը արտայայտած է Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն վերաբերեալ.
«Խորհրդաժողովը դատապարտեց, միութիւններն ալ առանձին յայտարարութիւններով դատապարտեցին այդ երեւոյթները», ընդգծեց ան:
ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան իր կարգին ըսաւ, որ պիտի շարունակեն իրենց թիւ 1 օրակարգին շուրջ զարգացումները` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ վարուող քաղաքականութեան վերաբերեալ:
«Պիտի շարունակենք պահանջել նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը: Մեր վերջին գործողութենէն ետք ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուեցաւ անհամաչափ ուժ: Անոր միակ պատասխանատուն Արայիկ Յարութիւնեանն էր, որ չգնաց հանդիպումի երիտասարդներուն հետ: Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին մենք պիտի ունենանք նմանատիպ շարժում: Մեր գործողութիւններուն մասին պիտի տեղեկացնենք», ըսաւ ան:
Ասուլիսի ընթացքին երիտասարդները պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն: