Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Եւ Սթեֆ Պլոք Քննարկեցին Հայ-Նետրլանտական Յարաբերութիւններու Զարգացման Հեռանկարները

January 24, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 23 յունուարին ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Նետրլանտներու (Հոլանտա)  արտաքին գործոց նախարար Սթեֆ Պլոքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Փաշինեան վստահութիւն յայտնեց, որ այս այցելութիւնը նոր ազդակ պիտի հաղորդէ հայ-նետրլանտական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու ընդլայնման: Կարեւոր նկատելով բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը` վարչապետ Փաշինեան աւելցուց, որ այս տարի կը նախատեսուի նաեւ իր պաշտօնական այցելութիւնը Նետրլանտներ, ինչ որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր պիտի ըլլայ Հայաստանի ղեկավարի առաջին այցելութիւնը այդ երկիր: Վարչապետ Փաշինեանի համաձայն, Հայաստանի կառավարութիւնը կարեւոր կը նկատէ երկկողմանի համագործակցութիւնը ինչպէս քաղաքական, այնպէս ալ տնտեսական ու մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ:

Այնուհետեւ վարչապետը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ կատարուող բարեփոխումներուն, նաեւ ողջունեց Նետրլանտներու խորհրդարանին կողմէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացումը, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւն ունի եւրոպական գործընկերներուն հետ յարաբերութիւնները եւ միացեալ ծրագիրները ընդլայնելու առումով:

Սթեֆ Պլոք դիտել տուաւ, որ ակնյայտօրէն տեսանելի են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական գործընթացներն ու բարեփոխումները եւ ընդգծեց, որ իր երկրի կառավարութիւնը եւս պատրաստ է փոխադարձ գործակցութեան ճամբով նպաստել անոնց արդիւնաւէտ իրականացման:  Ան համոզում յայտնեց, որ վարչապետ Փաշինեանի Նետրլանտներ այցելութիւնը աւելի պիտի նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգի ընդլայնման:

Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, ինչպէս նաեւ շրջանային նշանակութեան հարցերու շուրջ:

Այցելութիւն` Ծիծեռնակաբերդ

Նետրլանտներու արտաքին գործոց նախարար Սթեֆ Պլոք Հայաստան տուած իր այցելութեան ծիրին մէջ այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան` Ծիծեռնակաբերդ եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակին:

Ան նաեւ այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ եւ ծանօթացաւ ներկայացուած փաստերուն:

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Նետրլանտներու Դեսպանատան Մօտալուտ Բացում

Յաջորդը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանին Մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը

October 20, 2026
Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.