Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Լսարան Թիւ 157. Դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան Դասախօսեց «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Վերաբերող Նիւթեր` Ազգային Արխիւին Մէջ» Խորագրեալ Նիւթին Մասին

Յունուար 24, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առնչուող նիւթերու վերարծարծման եւ քննարկման ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 23 յունուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 157-րդ լսարանը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան քննարկումի խորագիրը: «Տակաւին կը գտնուինք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի նշումներու շրջագիծին մէջ», ըսաւ Յակոբեան` խիստ կարեւոր նիւթ նկատելով երկուքուկէս տարուան կեանք ունեցող հանրապետութեան վերաբերող արխիւային նիւթերուն ուսումնասիրութիւնը:

Այս առիթով Ժագ Յակոբեան սեղմ տողերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօս դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեանի կենսագրականը` թուելով անոր պատմագիտական ուսումնասիրութիւններն ու մտաւորական այլ  իրագործումները: Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր, պատմաբան  Խաչատուր Ստեփանեանի գիտական աշխատասիրութիւնները հիմնականին մէջ կեդրոնացած են 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան հայ ազգային- ազատագրական շարժման, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, հայ-վրացական փոխյարաբերութիւններու, 1920-1930-ական թուականներու սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական միտքի եւ Խորհրդային Հայաստանի պատմութեան հիմնահարցերուն վրայ: Դոկտ. Ստեփանեան անդամ է Հայաստանի Պատմագէտներու միութեան, ունի բազմաթիւ պատմագիտական հրատարակութիւններ եւ յօդուածներ:

Դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ ներկայացուց Հայաստանի ազգային արխիւին մէջ գտնուող առանցքային նիւթերը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի 28 մայիս 1918-ին հռչակուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերաբերող նիւթերուն:

«Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  պատմութեան արժեւորումը ո՛չ միայն պատմագիտական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ, այլեւ` շատ արդիական, դաստիարակչական դասեր քաղելու իմաստով կարեւոր է», ըսաւ Դոկտ. Ստեփանեան` համոզում յայտնելով, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութիւնը դասական օրինակ է եւ անիկա պէտք է ուղեցոյց ըլլայ մեր ներկայ թէ ապագայ բոլոր պետականակերտ գործիչներուն համար, որովհետեւ «չեղած տեղէն ստեղծուած է պետութիւն, ստեղծուած են պետական հաստատութիւններ, որոնք  ըստ էութեան կը շարունակեն գործել մինչեւ այսօր», ընդգծեց դոկտ Ստեփանեան: Ան թուեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերաբերող 18-19 ֆոնտերու  բազմաթիւ նիւթերէն 198, 199 եւ 200  թուակիր հիմնական երեք հաւաքածոները` Հայաստանի կառավարութեան, խորհրդարանին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան գործունէութեան առնչուող: Մանրամասնելով նշեալ մարզերու գործունէութիւնը, դոկտ. Ստեփանեան դիտել տուաւ, թէ անոնց վերաբերող արխիւներուն մեծ մասը տակաւին չէ ուսումնասիրուած: Այդ աշխատանքը պէտք է իրագործուի պատմաբաններու նախաձեռնութեամբ: Այս եւ յարակից նիւթերուն մասին արխիւներու գլխաւոր թանգարան-կեդրոններ կը գտնուին Փարիզի թէ Պոսթընի ՀՅԴ  թանգարաններուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի եւ Երեւանի մէջ:

Ան կարեւորութեամբ դիտել տուաւ, թէ սեռային հաւասարութեան իմաստով Հայաստան արդէն հարիւր տարի առաջ յառաջդիմական եղած է ու քսան տարեկանէն ընտրելու իրաւունք տուած էր հայուհիներուն` շեշտելով անոնց դերը քաղաքական ասպարէզին մէջ: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ ունեցանք երեք կին պատգամաւորներ, Կատարինէ Մանուկեան (Արամ Մանուկեանի կինը) Պերճուհի Բարսեղեան եւ Աւետիք Իսահակեանի կինը` Վառվառէ Սահակեան: Հայրենի բանախօսը հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութեան, որուն գործունէութիւնը հերթաբար վարեցին չորս վարչապետներ` Յովհաննէս Քաջազնունի, Ալեքսանդր Խատիսեան, Համօ Օհանջանեան եւ Սիմոն Վրացեան: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց արտաքին գործոց նախարարութեան գործունէութիւնը, յատկապէս անոր Վրաստանի մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցչութեան կամ անձնակազմին կողմէ պատրաստուող մամլոյ տեղեկատուական յղումները` տարուող դիւանագիտական աշխատանքներուն մասին: Դոկտ. Ստեփանեան «ապշեցուցիչ, հսկայ աշխատանք» որակեց  այդ աշխատանքը: Հայաստանի խորհրդարանի գործունէութեան անդրադառնալով` դոկտ. Ստեփանեան նշեց մշակուած կարեւոր օրէնքները: Դոկտ. Ստեփանեան այս առիթով թուեց նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ու յատկապէս հայ բնակչութեան սպառնացած ներքին վտանգները, որովհետեւ Հայաստան բնակող թուրքեր ու թաթարներ կ՛ըմբոստանային:

Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» Խոհանոցի Յանձնախումբ. Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան Ներկայացուց «Տարեցներու Առողջապահական Մտավախութիւններ» Նիւթը

Յաջորդը

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Այցելութիւնը` ՄԱՀԱԵՄ- Նախագահին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?