Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաղաթէլեան. «Ծիծաղելի Է Ամէն Ինչ Այդ Մակարդակի Իջեցնելը»

January 28, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տակաւին 9 ամիս առաջ մայիսին` հանրահաւաքի ժամանակ մեր հիմնական ուղերձը յղած էինք իշխանութիւններուն, որ պէտք է լրջանան, այդ ուղերձը ուժի մէջ է եւ, ցաւօք, այս ժամանակահատուածին մէջ, լրջանալու փոխարէն աւելի «թեթեւցած» են, անոր արդիւնքը այն է, ինչ որ կայ: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը գնահատէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պահուածքը` մասնաւորապէս Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի դէմ ներկայացուած ապացոյցը:

Անդրադառնալով ընկերային ցանցերուն մէջ, վարչապետի գրառումներու արձագանգին` Սաղաթէլեան ըսաւ. «Ինծի համար շատ մտահոգիչ է այն հեգնանքը, ծաղրանքը, որ կայ, բայց անոր անմիջական մեղաւորն ու պատասխանատուն երկրի իշխանութիւններն ու անձամբ վարչապետն է, որովհետեւ երբ իրենք այդ բառապաշարով կը խօսին իրենց ընդդիմախօսներուն, իրենց կարծիքը չկիսողներուն հետ, ասիկա կ՛ունենայ նաեւ իր հակառակ ազդեցութիւնը, որուն հետեւանքով այսօր ունինք այդ մթնոլորտը: Այս իրավիճակը արդէն անլրջութեան բոլոր սահմանները կ՛անցնի, ու իրապէս մտահոգիչ է»:

Խօսելով այն մասին, որ երէկուընէ դիմատետրի վրայ  իշխանական շրջանակներու կողմէ տարածուեցաւ լուսանկար մը, որուն մէջ, իբրեւ թէ Սահմանադրական դատարանի նախագահը Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպած է, սակայն իրականութեան մէջ լուսանկարին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանն էր, Իշխան Սաղաթէլեանը նշեց, որ այդ անյաջող «նկար»-ի օգտագործումը նախ ցոյց տալու համար, թէ ատիկա Թովմասեանն է, ապա Արծուիկ Մինասեանի վրա ուղղորդելը ստորութիւն ու սրիկայութիւն է, ապա աւելցուց. «Այդ նկարի օգտագործումը, ընդհանրապէս մարդոց ծաղրելու, մարդոց գլուխին սարքելու գործելաոճը, սուտն ու կեղծիքը այսօր իշխանութեան աշխատանքին հիմնական գործիքներէն մէկն է:

Պատասխանելով լրագրող Ամալիա Առաքելեանի հարցումին, եթէ այդ գրիչի մասին հրապարակումը իրապէ՞ս այն փաստն էր, որով վարչապետը ապացուցեց, թէ Սահմանադրական դատարանի նախագահը  իր ծառայութիւնները առաջարկած է, Սաղաթէլեան ըսաւ. «Ամէն ինչ այնքան պարզ ու յստակ է. գիտակից մարդու համար այս ամէն ինչը այնքան հասկնալի ու պարզ է, որ աւելորդ մեկնաբանութիւններու եւ լրացուցիչ գնահատականի կարիք չկայ, շատ յստակ է այս ամէն ինչը, ու ծիծաղելի է ամէն ինչ այդ մակարդակի իջեցնելը, կարմիր գիծեր կան, որոնք պէտք է չանցնիլ»:

 

Նախորդը

Զոհրապ Մնացականեանի Եւ Էլմար Մամետեարովի Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ 29-30 Յունուարին` Ժընեւի Մէջ

Յաջորդը

Բանակի Օրուան Առիթով Հայաստանի Նախագահին Ձեռամբ Մետալներու Եւ Շքանշաններու Յանձնում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.