ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի` իր գնահատանքը արտայայտելով Սէուտական Արաբիոյ կրթութեան նախարարութեան կողմէ` երկրին պատմութեան դասագիրքին մէջ Օսմանեան կայսրութեան վերաբերեալ կատարուած փոփոխութեան համար որ լոյս կը սփռէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ անոր գործած ոճիրներուն վրայ եւ իրաւամբ զայն կը նկատէ «բռնագրաւող եւ ոճրագործ»: Օսմանեան կայսրութեան վերականգնման երազը հետապնդող թրքական իշխանութիւնները...




















