Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Ցաւիմ` Փաշինեանը Այդպէս Ալ Չընկալեց». ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչի Արձագանգը

Յունուար 27, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` պատասխանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կարգ մը յայտարարութիւններուն, իր դիմատետրի էջին վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը. «Կը լսեմ Դաշնակցութեան քաղաքական ապագայի վերաբերեալ վարչապետի «անկեղծ մտահոգութիւններն» ու կը զարմանամ` արդեօք այդքան դժուա՞ր է հասկնալ, որ ՀՅԴ-ի մէջ շերտեր, դուրսի ու ներսի մասեր, արժէքային ու գաղափարական տարակարծութիւններ փնտռելը անշնորհակալ եւ, յատկապէս, դատապարտուած քայլ է:

Դաշնակցութեան համահայկական կառոյցին կը միաւորեն միեւնոյն քաղաքական օրակարգերն ու խնդիրները: Մեզ պառակտուած տեսնելու եւ այդ անշնորհակալ գործին լծուելու ձախողած ճիգերով լեցուն է մեր պատմութիւնը, այդ կարգին` ոչ վաղ անցեալը:

Շնորհակալ ենք Դաշնակցութեան «հայաստանեան մասով» «անկեղծ» մտաhոգութեան համար: Բայց շատ աւելի լաւ է մտահոգուիլ քաղաքական ընդդիմախօսներու, անձերու նկատմամբ չդադրող անհանդուրժողականութեան սերմանման չափաբաժինով, որ այլեւս սկսած է մեր երկրի ազգային անվտանգութեան սպառնացող սահմանագիծը հատել:

Իսկ մեր համահայկական կառոյցը, ինչ որ շատ բնական է, ունի իր կողմէ  ճշդուած քաղաքական օրակարգն ու մարտավարութիւնը, եւ մեր համահայկական կառոյցի մտահոգութիւններու կիզակէտն է Հայաստանի ու մեր հայրենիքի բարոյաքաղաքական շիկացած մթնոլորտը, պետականութեան ընթացքը, ներկայ ծանր մարտահրաւէրներն ու մշուշոտ ապագան:

Կը ցաւիմ` պարոն Փաշինեանը այդպէս ալ չընկալեց, որ տարբեր երկիրներու դաշնակցական երիտասարդներու կառոյցներու աջակցութիւնը վայելած անցնող ամիսներու բողոքի ալիքը ոչ թէ քանի մը անձերու համար էր, այլ` մեր ազգային արժէքներու, մեր ժողովուրդի ողնաշարը նկատուող ազգային կրթութեան, հայագիտութեան պաշտպանութեան յստակ կեցուածք», գրած է ան:

Նշենք, որ շաբաթ օր Կապանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է իշխանութեան եւ Դաշնակցութեան յարաբերութիւններուն` ըսելով. «Ցաւօք սրտի ժամանակ առ ժամանակ տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ լարուածութիւն կայ Հայաստանի  կառավարութեան եւ ՀՅԴ-ի միջեւ. ես կը կարծեմ, որ իրականութիւնը այն է, որ հակադրութիւն չկայ: Եթէ կայ հակադրութիւն, ապա Դաշնակցութեան այն հատուածի եւ կառավարութեան միջեւ է, կամ, աւելի ճիշդ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, որոնք նախկին իշխանութիւններու եւ նախկին փտած համակարգին հետ ունեցած են որոշակի առնչութիւններ:

Իսկ եթէ Հայաստանի Դաշնակցութեան մէջ փոփոխութիւն չըլլայ, ապա ՀՅԴ-ի քաղաքական ապագան շատ մշուշոտ կը դառնայ»:

Իսկ ընդհանուր առմամբ ամբողջ Դաշնակցութիւնը նոյն չափով չափել կարելի չէ, ըսած է վարչապետը, որուն կարծիքով` ՀՅԴ-ն եւ Հայաստանի կառավարութիւնը համագործակցութեան լուրջ կարողականութիւն եւ պատրաստակամութիւն ունին:

 

Նախորդը

Քարինտակի Հերոսամարտի 28-Ամեակի Նշում

Յաջորդը

Ուքրանիան Իր Երկաթուղին Պիտի Յանձնէ Գերմանիոյ

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?