Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանեան. «Բանակցային Սեղանին Առաջարկներու Որոշակի Ծրար Մը Կայ, Որուն Շուրջ Կ՛ընթանան Բանակցութիւնները»

February 3, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր եւ Արցախի նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանի, ակնյայտ է, որ 29-30 յունուարին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը:

Ան «Թերթ»-ին (լրագրող Հռիփսիմէ Յովհաննիսեան) հետ զրոյցի մը ընթացքին տարակուսանք յայտնեց, թէ յստակ չէ, թէ ի՛նչ սկզբունքներու հիման վրայ եղած են բանակցութիւնները. տեղեկատուութեան պակաս կայ:

«Ինքնին հանդիպման տեւողութիւնը, որ կարծես թէ նախադէպը չունեցող էր, կը յուշէ, որ արտաքին գործոց նախարարները բաւական լուրջ խնդիրներու վրայ պէտք է կեդրոնացած ըլլային», ըսաւ ան:

Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ առիթներ ունեցած է արտայայտելու իր կարծիքը այն մասին, որ բանակցային սեղանին առաջարկներու որոշակի  ծրար մը կայ, որուն շուրջ ալ կ՛ընթանան բանակցութիւնները: Հիմա ալ, ըստ անոր, այդ կարծիքին է:

«Չեմ կրնար մեկնաբանել, թէ ինչու Հայաստանի իշխանութիւնները ատիկա կը թաքցնեն: Կը կարծեմ` այն տեսակէտները, զորս Հայաստանի իշխանութիւնները կը ներկայացնեն, պէտք է իրենց գործնական քայլերը ունենան` նկատելով, որ ժընեւեան հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն  տարածած յայտարարութեան մէջ գաղտնիութեան սկզբունքի եւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու մասին հատուածները կը յուշեն, որ հիմա բանակցութիւններուն մէջ խնդիրներ կան, իսկ թէ ի՛նչ խնդիրներ կան, կը դժուարանամ ըսել», ըսաւ Արցախի ՀՅԴ կառոյցի ղեկավարը:

Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ իրենք չեն տեսներ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հայեցակարգը: «Այդ հայեցակարգը միայն յայտարարութիւններով եւ պարզապէս բանաւոր տեսակէտներով չ՛ըլլար: Այդ առումով դժուար կը դառնայ մեկնաբանելը: Եթէ մենք ունենանք իրենց յստակ համոզումը, մենք ալ անոր վերաբերեալ կ՛ունենանք մեր կարծիքը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու յայտարարութիւններուն, որ Արցախը պէտք է վերադարձնեն բանակցային սեղան, եւ այժմ նման բանի մը հաւանականութեան` Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածուն նշեց, որ իրենք շատ լաւ կը հասկնան, որ միայն Հայաստանի ցանկութեամբ ատիկա կարելի չէ ընել:

«Այդ առումով Հայաստանի տուեալ առաջարկը պէտք է աւելի խորացուէր, եւ ըստ կարելւոյն քայլերու ձեռնարկուէին այն իրականացնելու ուղղութեամբ: Այստեղ համակարգուած աշխատանք պէտք է: Այսօր կը տեսնենք, որ Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելուն ի պատասխան` միւս կողմը իր քայլերուն ձեռնարկած է, այսպէս կոչուած` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանական համայնքի առկայութեան փաստարկը մէջտեղ բերելով», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով ժընեւեան հանդիպումէն ետք տարածուած յայտարարութեան մէջ օգտագործուող «Արցախի ժողովուրդի ընտրեալ ներկայացուցիչներ» արտայայտութեան` Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ ձեւակերպման այդպէս օգտագործումը բխած է հանդիպումի ընթացքին եղած քննարկումներէն եւ քննարկուող սկզբունքներէն:

«Հաւանաբար, մենք յայտարարութեան մէջ կը տեսնենք քննարկուող սկզբունքներու արտացոլումը: Այդ ձեւակերպումը պատահական չի  կրնար ըլլալ, ինչպէս պատահական չի կրնար ըլլալ ազրպէյճանական մամուլին մէջ ի յայտ եկած, այսպէս կոչուած, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ  ազրպէյճանական համայնքին հետ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի հանդիպման մասին լուրը», ըսաւ ան:

Դիտարկման, թէ ի՞նչ տպաւորութիւն կը ստանայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու վարած քաղաքականութենէն, արդեօք բաւական թափանցի՞կ են, ինչպէս բազմիցս կրկնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` Դաւիթ Իշխանեան պատասխանեց.

«Թափանցիկութիւնը կ՛ենթադրէ հաշուետուողականութիւն. նման որոշ սկզբունքներ երբեմն կ՛արտացոլան Հայաստանի խորհրդարանի բարձր ամպիոնէն կամ այլ ձեւաչափով: Բայց, այնուհանդերձ, կը կարծեմ, որ այդ թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան մակարդակը տակաւին բաւարար չէ», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

«Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Հանդիպումները Սօս Եւ Մաճկալաշէն Համայնքներուն Մէջ

Յաջորդը

Ակնարկ. «Դարու Գործարք»-ի Թիրախները.՛ Լիբանանեան Եւ Հայկական Հայեցակէտեր

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 9, 2026
Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.