Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայ Դատի Ժամանակակից Հարցերու «Haytadology» Խտացեալ Դասընթացքը

Փետրուար 5, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին, հակառակ Վիեննայի գաղութին փոքրաթիւ ծաւալին, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Լեհաստանէն աւելի քան 50 երիտասարդներ մասնակցեցան Հայ դատի ժամանակակից հարցերու եռօրեայ դասընթացքին, որ կը կրէր «Haytadology» խորագիրը: Դասընթացքը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ` Հայաստանի դեսպանատան կից գտնուող «Հայաստան» սրահին մէջ:

Շատ լաւ կազմակերպուած, խտացեալ բարձրորակ այս դասընթացքը հասաւ իր թիրախին. հայ երիտասարդին առաջին այս փուլին փոխանցել էական, տարրական գիտելիքներ` Հայ դատի ամբողջ թղթածրարին գծով, նպատակ ունենալով Եւրոպա ապրող հայ երիտասարդը «զինել» պէտք եղած տուեալներով, կազմաւորել զայն, որպէսզի ան, հայ թէ օտար շրջանակներու մէջ կարենայ ճշգրիտ ձեւով, ինքնավստահ ու վաւերական հիմնաւորումներով արծարծել ու խօսիլ Հայ դատին առնչուող որեւէ նիւթի մասին` տիրապետելով անոր:

Եռօրեայ դասընթացքները, որոնք ընթացան առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, ընդգրկեցին հայոց ժամանակակից պատմութեան, Հայոց ցեղասպանութեան, արցախեան տագնապի ու խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին, եւրոպահայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, քարոզչական-յարաբերական մարզին, Հայաստան-եւրոպական կառոյցներ յարաբերութիւններուն, Հայ դատի ներկայի հոլովոյթին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց, Հայ դատի գծով Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս արձանագրուած իրադարձութիւններուն առնչուող զեկուցումներ, որոնց շուրջ տեղի ունեցան հաւաքական քննարկում-զրոյցներ եւ աշխատանքային գործնական տարբեր վարժութիւններ:

Վերոյիշեալ նիւթերը ներկայացուցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, ՀՅԴ գործիչ Հրաչ Վարժապետեան, ՀՅԴ «Վարանդեան» Առանձնակի կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Յակոբճեան եւ Հայ դատի Պրիւքսելի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, իսկ առցանց իր մասնակցութիւնը բերաւ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուներէն Արամ Համբարեան:

Դասընթացքի աւարտին իւրաքանչիւր մասնակիցի յանձնուեցաւ մասնակցութեան հաստատագիր:

Երիտասարդներուն հաստատումով իսկ, այս դասընթացքը եղաւ արդիւնաւէտ, օգտակար եւ ուսանելի, ինչ որ ողջունելի է հարկաւ ու ապագայի նկատմամբ գօտեպնդող: Միւս կողմէ, դասընթացքը եկաւ հաստատելու, որ Եւրոպայի մէջ հասակ կ՛առնեն գիտակից, հաւասարակշռուած, ուսեալ, համաշխարհային անցուդարձերէն տեղեակ ու հայկական ժամանակակից հարցերով հետաքրքրուած եւ յանուն ազգային ընդհանրական մեր շահերուն աշխատելու պատրաստակամ երիտասարդներ:

Նման համարձակ ու խոստումնալից նախաձեռնութիւններ ո՛չ միայն օգտակար են, այլեւ` կենսական եւրոպահայութեան համար: Պատրաստել յանձնառու հայ երիտասարդը կը նկատուի Հայ դատի հիմնական պարտականութիւններէն մէկը, մանաւանդ այն պահուն, երբ յատկապէս Եւրոպայի տարածքին հայութեան դիմաց սկսած է հետզհետէ առաւել սաստկանալ թրքական-ազրպէյճանական հակահայ բացայայտ արշաւը:

 

Նախորդը

Հասսան Տիապի Հետ Հանդիպելէ Ետք. «Պենզինի Թիթեղի Սակին Վրայ Ոչ Մէկ Տուրքի Յաւելում Կայ» Շեշտեց Ապու Շաքրա

Յաջորդը

Արամ Համբարեան. «Մենք Կը Ցանկանք, Որ Հայերը Եւս Ներկայացուած Ըլլան Ուաշինկթընի Մէջ Որոշումներ Կայացնողներու Շրջանակին Մէջ»

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?