Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. ՄԱԿ-ը Եւ Լիբանանի Աւանդական Վարչակարգը

Փետրուար 6, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր գումարուող կառավարութեան նիստին ընթացքին կը վաւերացուի աշխատանքային ծրագիրը: Ընթացակարգի համաձայն, անիկա կ՛ուղարկուի խորհրդարան` առ ի վաւերացում, որ քաղաքական եզրաբանութեամբ` կառավարութեան վստահութեան քուէով կը բանաձեւուի:

Համակողմանի մօտեցումները կը նախանշեն, որ քննարկումի բովէ անցնելէ ետք, խորհրդարանը իր վստահութեան քուէն կու տայ իր ծրագիրով ներկայացող կառավարութեան: Ծրագիրի հիմնական առանցքային բաժինը անշուշտ հակաճգնաժամային շտապ գործողութիւններու յատկացուած է` երկիրը դուրս հանելու համար ներկայ փակուղիէն:

Վարչակառավարման նոր դրութիւններու որդեգրումը, փտածութեան դէմ առնուելիք վճռակամ քայլերն ու պետական պիւտճէի վերականգնման համար արմատապէս նոր հարկային քաղաքականութեան կիրարկումը կամ երկար ոդիսական ապրած անլոյծ մնացած թղթածրարներու գործարկումը տեսականօրէն երկիրը պէտք է առաջնորդեն հանգուցալուծման ուղիներու:

Տեսականօրէն, որովհետեւ քաղաքական համոզումները կը շարունակեն տիրականօրէն արգելակել լաւատեսական կանխատեսումներու գոյացումն ու անոնց շրջանառութիւնը: Ցոյցերու առկախումը միւս կողմէ, իբրեւ երեւոյթ չի համոզեր անշուշտ, որ անոնց վերստին թափ հաւաքելը այլեւս անցած փուլ է:

Արտաքին ներշնչանքները, հեռակառավարման սկզբունքը ի զօրու են այս երկրին մէջ եւ մնայունօրէն կը վերարծարծեն ներկայ պատկերին քաղաքական շարժառիթներ ունենալու իրականութիւնը` ֆինանսականն ու տնտեսականը պարզապէս ճնշամիջոց նկատելով:

Միջազգային ընտանիքի, այս պարագային յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան մօտեցումներուն միջեւ կայ առանցքային յայտարար: Երկու աշխարհաքաղաքական կեդրոնները գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ ակնկալիքներու հասարակաց ընդգծումներ կը կատարեն: Պարզացուած ձեւով` մօտէն հետեւիլ կառավարութեան գործունէութեան եւ սպասել արդիւնքներու: Ակնկալիքները քաղաքական ենթաուղերձով կը վերաբերին թափանցիկութեան, փտածութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ վճռակամ քայլեր առնելուն եւ անոր ետին` երբեմն յայտարարուող, երբեմն չբարձրաձայնուող իրանամէտ կազմակերպութեան հանգրուանային չէզոքացումին:

Պահանջներու աստիճանական իրագործում է, որ տեղի կ՛ունենայ: Նախկին կառավարութեան հրաժարական, ապա սեղմ կառավարութեան պահանջ, յետոյ անկուսակցականներէ բաղկացած կառավարութիւն: Նոյնիսկ ապաքաղաքական բնոյթի ակնկալիք` մասնագիտական նախարարական կազմի ձեւաչափի յառաջ մղումով: Երթը դէպի ապահամայնքային համակարգի ձեւաւորումն է, որուն համար կարեւոր փուլ է ինչպէս կառավարութեան, այնպէս նաեւ խորհրդարանի փոփոխութիւնը:

Բնականաբար արտահերթ ընտրութիւնները արագօրէն իրականանալի չեն: Ներկայ դրուածքով որեւէ ընտրական օրինագիծ կամ ընդհանրապէս ընտրութիւններու կայացման որոշում պայմանաւորուած են համալիբանանեան համաձայնութիւններով:

Այս երթի ուրուագծման եւ հետզհետէ տեսանելիութեան գործընթացին մասին կը յուշէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութիւնը, թէ լիբանանեան կառավարութեան աւանդական վարչակարգը այլեւս չի համապատասխաներ լիբանանցի ժողովուրդի շարք մը հատուածներու փափաքներուն եւ յոյսերուն:

ՄԱԿ-ի բարձրագոյն դիրքերէն կը յայտարարուի այս ձեւով Լիբանանի աւանդական համակարգի վերափոխման հրամայականը: Պաշտօնապէս կ՛որդեգրուի ցուցարարներուն պահանջը: Միջազգային ընտանիքի եւ լիբանանցի բողոքարկող հասարակութեան ճանապարհային քարտէսի համատեղման փաստ կ՛արձանագրուի այս յայտարարութեամբ:

Վերափոխման անհրաժեշտութեան մասին խօսած էր նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը իրերայաջորդ ուղերձներով: Խօսքը ուղղակի կը վերաբերի քաղաքացիական պետութիւն եւ հասարակարգ ձեւաւորելու առաջադրանքին: Բնականաբար, համատեղ քննարկումներով, անցնցում, փուլային եղանակով:

Ըստ էութեան միջազգային եւ աշխարհաքաղաքական կեդրոններու ակնկալութիւններն ու հետեւիլները կը վերաբերին առաւելաբար դէպի այս առաջադրանքը առնուելիք կառավարական քայլերուն: Վարչակառավարման նոր դրութիւնները, հակափտածութիւն պայքարը կամ թափանցիկութիւնը պետական ու հասարակական մայրուղի առաջնորդող ներքին ճամբաներն են: Ուղեւորութիւնը սակայն, երկարատեւ է: Կտրուկ շրջադարձերը արկածներու վտանգելիութեան ցուցանակներով ազդարարուած են:

«Ա.»

Նախորդը

«Դարու Գործարք»-ը Թրամփէն Առաջ Պիտի Մեռնի» Կ՛ըսէ Խամենէի

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Պաքսի 43-րդ Յաղթանակը. Հարտեն Նշանակեց 40 Կէտ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?